Ղարաբաղի Մէջ Աւարտեցաւ Միջազգային Թատերական Փառատօնը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ԼՂՀի մէջ աւարտած է մոնօ-ներկայացումներու «Արմմոնօ» միջազգային թատերական փառատօնը։

ՀՀ թատերական գործիչներու միութեան նախագահ, փառատօնի հիմնադիր Յակոբ Ղազանչեան յայտարարած է, որ «Արմմոնօ»ն միջազգային թատերական փառատօն է, եւ արդէն յաջորդ տարի, միջազգային ամբողջղ կազմը պիտի գտնուի Ղարաբաղի մէջ:

ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան փառատօնի մասնակիցներուն յանձնած է պատուոգիրներ եւ նուէրներ:

ԼՂՀ մշակոյթի նախարարը պարգեւատրուած է ՀՀ թատերական գործիչներու միութեան ոսկէ մետալով, իսկ նախարարութեան աշխատակիցներու խումբին յանձնուած են շնորհակալագիրներ։

Փառատօնի վերջին օրը, որ իրականացած է Ղարաբաղի շրջանային կեդրոններուն եւ գիւղերուն մէջ, Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան» դրամատիկական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Վերադառնում եմ, մոռացէք» մոնօ-ներկայացումը՝ Երեւանի «Յ. Պարոնեան» երաժշտական կատակերգական թատրոնի դերասանուհի Զարուհի Խաչատրեանի կատարումով:

Փառատօնի չորս օրուան ընթացքին ղարաբաղցիները հնարաւորութիւն ունեցած են դիտելու 17 բեմադրութիւններ: Նշենք, որ «Արմմոնօ» մոնօ-ներկայացումներու փառատօնի հանրապետական փուլը նուիրուած էր ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 20ամեակին։ Անիկա իրականացաւ ՀՀ մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն եւ ԼՂՀ մշակոյթի, սփորթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ:

Փառատօնէն ստացուած ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան» թատրոնի վերականգնման: Անիկա իրականացած է ՀՀ Ազգային ժողովի խօսնակ Յովիկ Աբրահամեանի հովանիին տակ՝ ՀՀ մշակոյթի եւ թատերական գործիչներու միութեան աջակցութեամբ:

Leave a Reply