Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդդիմադիր Դիմագիծը՝ 31րդ Ընդհանուր Ժողովի Ուղեգիծի Հետեւումով
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 31րդ Ընդհանուր Ժողովին Յայտարարութիւնը, անդրադառնալով
Հայաստանի Հանրապետութեան պարզած իրավիճակին, քննադատական յստակ կեցուածք կը ցուցաբերէ գործող իշխանութիւններու վարած սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ, նկատելով որ այն «չի բխիր բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութեան շահերէն», կ՛անդրադառնայ այդ քաղաքականութեան ամենաբացայայտ հետեւանքներուն՝ աղքատութեան խորացում, ապագայի հանդէպ վստահութեան նուազում, արտագաղթի միտում, կը դատապարտէ «քաղաքական ու տնտեսական իշխանութիւններու սերտաճումը», որ «յանգեցուցած է մենաշնորհներու, ազատ մրցակցութեան բացակայութեան եւ ստուերայնութեան մեծ ծաւալներու»: Առաւել՝ կ՛արձանագրէ անհատի եւ հանրութեան իրաւունքներու ու ազատութիւններու երաշխիքի բացակայութիւնը, քաղաքացիական հասարակութեան չկայացումը եւ «բացասական բարոյահոգեբանական մթնոլորտը» որ «կը խոչընդոտէ Հայրենիքի լիարժէք քաղաքացիի ձեւաւորման եւ սոցիալական առաջընթացին»: Յայտարարութեան վերջին կէտը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ընտրական գործընթացի հանդէպ աճող անվստահութեան վրայ:
Այս բոլոր հաստատումներու հիմամբ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը գլխաւոր նպատակ կը դնէ համապետական ընտրութիւններու ճամբով «համակարգային իշխանափոխութիւն» առաջացնելու եւ այդ ճամբով հասնելու «նոր որակի իշխանութիւններու ձեւաւորման, համակարգային բարեփոխումներու, ազգային-պետական ուղեգիծի եւ սոցիալական արդարութեան սկզբունքներու արմատաւորման, քաղաքական համակարգի լիարժէք կայացման, Հայաստանի արագընթաց զարգացման»:
Իր յաւուր պատշաճի զուսպ ոճով հանդերձ, ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր Ժողովին Յայտարարութիւնը կ՛արտացոլացնէ այլեւս ընդդիմադիր, սակայն դեռեւս սահմադրական կարգերու յանձնառու եւ ամէն բարեփոխութիւն ժողովրդավարական արժեհամակարգի տրամաբանութեան սահմաններու մէջ առաջացնելու տրամադիր կազմակերպութիւն մը: Նման դիմագիծ դրսեւորելու նախանձախնդրութիւնը այնքան ալ անսպասելի չէ անշուշտ: Կոալիցիոն կառավարութենէն դուրս գալէն ի վեր, եւ ի մասնաւորի երբ Ապրիլ 2010ին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի որոշումով հայ-թրքական փրոթոքոլներու գործընթացը սառեցուեցաւ, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան քաղաքական աշխատանքը որպէս խորհրդարանական ընդդիմութիւն հետզհետէ աւելի կեդրոնացաւ տնտեսական քաղաքականութեան եւ անոր անմիջական հետեւանք սոցիալական ծանր իրավիճակին վրայ: Կուսակցութեան պատգամաւորները առիթ չփախցուցին ամենախիստ բառերով դատապարտելու իշխանութիւններու որդեգրած ազատ-շուկայական միջոցառումները, որոնց պատրուակը յաճախ կամ միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու պահանջներն էին կամ ալ ազատ մրցակցութեան պայմաններու բարելաւման հէքիաթը, որուն անհրաժեշտ է հաւատալ եւ այն որպէս պիտակ օգտագործել՝ մենաշնորհային դրամատիրութեան հասարակարգն ու երկրին մէջ իշխող օլիգարխային դասակարգին յարատեւումը երաշխաւորելու համար: Այդ քաղաքականութեան անմիջական զոհերը՝ օրուան հացին համար պայքարող շարքային քաղաքացիները դաշնակցական պատգամաւորներու գրասենեակներուն դռները բաց գտան իրենց առջեւ: Թէ նոյն այդ քաղաքացիները որքանո՛վ պիտի հասկնան կուսակցութեան «քուէն ուժ է» նախաձեռնութեան իմաստն ու հետեւանքները՝ առանձին քննարկելի հարց է, եւ, ամէն պարագայի, այդ մէկը երեւան պիտի ելլէ ընտրութիւններու ճամբով:
Նման ընդդիմադիր դիմագիծ արտացոլող այս Յայտարարութիւնը կը տարբերի երեք տարի առաջ գումարուած 30րդ Ընդհանուր Ժողովի նմանօրինակ փաստաթուղթէն, որ պատրաստուեցաւ Մարտ 1-2, 2008ի արիւնալի միջադէպերուն եւ անոնց հետեւանքներու սպառնալիքի անխուսափելի նկատառումով: Այն ժամանակ կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն Մարմինը որոշում առած էր շարունակել մաս կազմել կոալիցիոնին ի խնդիր ներքաղաքական իրավիճակի կայունացման: Կոալիցիոնական փորձառութեան այս երրորդ հանգրուանը (2003ի եւ 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ) հիմնուած էր միւս կուսակցութիւններուն (Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւն, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր) հետ ստորագրուած պայմանագրով մը: Նոյն տարուան Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն կը խախտէր պայմանագիրը՝ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» իր նախաձեռնութեամբ, ընդ որում ան նախընտրութիւն կու տար հզօր պետութեանց հետ լեզու գտնելու ուղիով իր իշխանութեան եւ երկրի ներքին հարցերը լուծելու այլընտրանքին փոխանակ ներազգային ճակատի ամրապնդման: Փրոթոքոլային վտանգաւոր բախտախաղի գործընթացի տեւողութեան ՀՅ Դաշնակցութեան համար առաջնահերթային խնդիրը սպասելիօրէն անոր ընդդիմանալն էր, ինչ որ իր լրումին հասաւ Սփիւռքէն ծայր առած եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդային զօրաշարժի ծնունդ տուած «Ո»չի շարժումով:
2010-11 տարիներուն սակայն, ձերբազատուած կոալիցիոնի հասկնալի սահմանափակումներէն, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան խորհրդարանական աշխատանքները հետզհետէ աւելի կը սեւեռին սոցիալ-տնտեսական խնդիրներուն վրայ: ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր Ժողովին Յայտարարութիւնը բացայայտ կը դարձնէ նաեւ ատեն մը «իմաստութիւն» համարուող այսպէս կոչուած «ազգային երկխօսութենէն», որ, ինչպէս Ընդհանուր Ժողովի գումարման ժամանակ արդէն բացայայտ էր, իշխանութիւնները նախաձեռնած են ոչ-խորհրդարանական լեւոնական ընդդիմութեան (Հայ Ազգային Կոնգրես) հետ: Իշխանութեան երկխօսական այս նախաձեռնութիւնը, ինչպէս Բիւրոյին անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Ա+1»-ին, Օգոստոս 2, 2011ին իր տուած հարցազրոյցին մէջ ճիշդ կերպով կը բնութագրէ, բարեփոխումներէ խուսափելու միջոց է միայն, իշխանութիւնը պահելու մարտավարութիւն, համակարգը պահպանելու նպատակաուղղուած որպէս թէ զիջում: Եւ, անհրաժեշտ է յստակացնել, այդ «զիջում»ը կը կատարուի հայրենի իրականութեան մէջ այն հատուածին որ հակառակ ներկայ իշխանութիւններուն իր որպէս թէ արմատական ընդդիմութեան խորքին մէջ նոյն համակարգէն, ազատ-շուկայական պիտակով մենաշնորհային օլիկարխական իշխանակարգէն կու գայ, նոյն այդ համակարգի ենթահողը ստեղծած է 1995ին ընդդիմադիր գլխաւոր ուժի, ՀՅ Դաշնակցութեան, արգիլումէն յետոյ պարտադրած Սահմանադրութեամբ: Յետոյ, ինչպէս ծանօթ է, Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու իր հետեւորդները չկարողացան ամրապնդել իրենց իշխանութիւնը, բայց իրենց ստեղծած սոցիալ-տնտեսական հասարակարգն ու անոր վրայ բարձրացած իշխանակարգը կառուցային բնոյթ ստացան եւ անոր «բարիքներ»էն, այսինքն 2003 – 2008 պղպջակային տնտեսական զարգացման բարիքներէն օգտուեցան ուրիշներ:
Ազգային խնդիրներու առաջնահերթութիւն տալով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը օրին տարբերեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքականութիւնները: Ազգային անվտանգութեան, ներքին կայունութեան մտահոգութեան ազդակը կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան ղեկավարութեան մղեց Մարտ 1 – 2, 2008էն յետոյ կոալիցիոն կառավարութեան մաս կազմելու որոշում առնելու, հակառակ բոլոր վերապահութիւններուն, որոնք առկայ էին ե՛ւ Դաշնակցութեան ղեկավարութեան, ե՛ւ շարքերու մակարդակով: Աւելի՛ն, հակառակ նախագահ Սարգսեանի կողմէ կոալիցիոն համաձայնագրի պայմաններու խախտումին, եւ առաջին իսկ պահէն անոր առաջացուցած ընդվզումի հսկայ ալիքին ի մասնաւորի Սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութիւնը միայն Ապրիլ 2009ին, փրոթոքոլներու ստորագրութենէն յետոյ, դուրս եկաւ կոալիցիոնէն այն համոզումով, որ իշխանակարգին մէջ ձայն ունենալով կրնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման յոռեգոյն տարբերակին առաջքն առնել:
Դաշնակցութեան կոալիցիոն փորձառութեան վեց տարիները, գաղափարախօսականօրէն սոցիալ-տնտեսական բոլորովին այլ արժեհամակարգերու յանձնառու քաղաքական ուժերու հետ համակուսակցական գնահատանքի արժանացած են իրերայաջորդ Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին -2004, 2008, 2011: Բայց այդ փորձառութեան դասերը պիտի շարունակեն քննարկումի նիւթ ըլլալ ի մասնաւորի հիմա որ ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր Ժողովը կուսակցութեան ընդդիմադիր դիմագիծը կերտած է շատ յստակ կերպով, առանց կոալիցիոնի օրերուն առկայ «իշխանութեան մէջ ընդդիմութիւն» ըլլալու բնութագրումին որուն էութեան մասին հանրային կարծիքը համոզելու համար անհրաժեշտ եղաւ բացառիկ ճիգ թափել… Ճիշդ է, վեց տարիներու քաղաքական ժառանգը, թէկուզ եւ իր դրական ներդրումով, պիտի շարունակէ դժուարացնել կուսակցութեան ընդդիմադիր դիրքերու ամրապնդման աշխատանքը: Աւելի՛ն, իր սկզբունքներէն իսկ մեկնած ե՛ւ Սարգսեանի իշխանութեան ե՛ւ առաւել անոր ընդդիմացող լեւոնական հատուածին դէմ ըլլալու Դաշնակցութեան կեցուածքը դիւրին ընկալելի պիտի չըլլայ հարցերու պարզացման հետամուտ հայրենի ընտրական զանգուածին համար:
Բայց ճիշդ այդ իւրայատուկ քաղաքական ուղիի ճշդման ու ամրապնդման մարտահրաւէրի հրամայականով է, որ Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութիւնը պէտք է բիւրեղացնէ ընդդիմադիր իր դիմագիծը ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութեան հետեւումով, բայց անոր հասկնալիօրէն զուսպ ոճէն ու բովանդակութենէն անդին՝ պատմական ներկայ ոլորտի եւ ազատ-շուկայականութեան արդիւնքով համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի պարտադրած անհրաժեշտ արմատականութեան դիրքերէն:
Այս իմաստով, հայրենի իրականութեան սոցիալ-տնտեսական ծանրագոյն իրավիճակին մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի ազգային ուղեգիծերու տարբերման այլապէս ճիշդ բանաձեւումը այնքան ալ պիտանի չէ ընդդիմադիր եզակի դիմագիծի, դիրքերու եւ, անոնց հետեւումով, իշխանութեան այլընտրանք ըլլալու նախանձախնդրութեան: Ընդհակառակը, Դաշնակցութեան ընկերվարական աշխարհահայեացքի մեկնակէտով Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական ներկայ ճգնաժամի վերլուծումը անխուսափելիօրէն գաղափարախօսականօրէն դասակարգային միեւնոյն հատուածին մէջ պիտի զետեղէ անկախութենէն ի վեր իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւնները, որոնք հաւասարապէս մեղսակից են համայնավարական կարգերէ դէպի տնտեսական նոր համակարգի անցումը ազատ-շուկայական տոկմային հետեւումով իրականացնելու եւ սեփականաշնորհում կոչուած երկրի ալան-թալանի արդիւնք դրամագլուխի սկզբնային կուտակման մենաշնորհային բնոյթը պահելու եւ համակարգի վերածելու յանցագործութեան մէջ, որուն արդիւնք է այսօրուան սոցիալական ծանր իրավիճակը:
Համայնավարական սնանկացած հասարակարգի փոփոխութեան անխուսափելիութիւնը կասկածի տակ չի կրնար դրուիր: Այս իմաստով, ոչ տնտեսութեան ազատականացման, ոչ ալ սեփականաշնորհման գործընթացի անհրաժեշտութիւնը հարցականի տակ կրնայ դրուիլ, բացի, անշուշտ, համայնավարութեան կարօտախտով տառապողներուն պարագային: Դրամագլուխի սկզբնային կուտակումն ալ ազատականութեան գործընթացին մաս կը կազմէ: Ինչ որ անընդունելի է սոցիալական արդարութեան հետամուտ ամէն քաղաքական ուժի համար, ազգային պետական համակարգի շահագործումն է՝ տնտեսական անցումի ժամանակաշրջանին առաջացած դրամատէր դասակարգի մենաշնորհներու խորացման, անոնց անձնական շահերուն ծառայող տնտեսական քաղաքականութեան որդեգրման համար:
Մինչդեռ պետական համակարգը, ապահովելէ յետոյ ներդրումային ու արտադրական պայմանները, պիտի աշխատէր սոցիալապէս արդար հասարակարգի մը առաջացման նպատակով, որուն համար առաջնահերթութիւն պիտի տրուէր հարկային ու վարկային ա՛յն քաղաքականութեան որ երկրին մէջ, երկրի արտադրական պայմաններու օգտագործումով եւ ժողովուրդի աշխատանքի արդիւնքով ստեղծուած հարստութիւնը, որմէ անպայման պիտի օգտուին ներդրողն ու ձեռնարկատէրը, հասնի նաեւ հասարակութեան բոլոր հատուածներուն՝ սկսելով սպառողական զամբիւղի անհրաժեշտութեան նկատառումէն մեկնած նուազագոյն աշխատավարձի եւ աշխատավարձի յաւելման քաղաքականութեամբ:
Ահա ա՛յս հեռանկարին է որ կ՛ակնարկէ ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութեան նպատակադրած «համակարգային իշխանափոխութիւնը»: Թէ որքանո՛վ այդ մէկը կարելի է գործելով ներկայ համակարգի տրամաբանութեան ու սահմանափակումներուն մէջ, թէ որքանո՛վ կարելի է բարեփոխել երկրի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակը առանց իշխանութիւն ու հարստութիւն կեդրոնացնող նախագահական համակարգը սահմանադրական փոփոխութեան ենթարկելու եւ նման բազմաթիւ խնդիրներ եկող քառամեակի հիմնական մարտահրաւէրները պիտի ըլլան:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր է՝ դասախօս, հրապարակագիր: Կը բնակի Պուենոս Այրեսի մէջ:






