22 Արցախցի Պատանիներ Մեկնեցան Յունաստան


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թեր»չ.- ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Յունաստանի Սիրոս-Էրմուփոլիս քաղաքապետութեան հրաւէրով, ամէն ամառ Արցախէն հայ պատանիներ Յունաստանի Սիրոս կղզի կը մեկնին, արձակուրդի 10օրեայ ժամանակաշրջան մը անցընելու համար: Այս տարի 22 արցախցի պատանիներ կը մասնակցին այս ծրագիրին:

Արցախի տարբեր շրջաններէն եկած 10 աղջիկներն ու 12 տղաքը՝ 12-15 տարեկանի սահմաններուն մէջ, բազմանդամ կամ հաշմանդամ ընտանիքներու զաւակներ, զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, կամ առաջնակարգ աշակերտներ են, իսկ երկուքը՝ երաժշտութեան մէջ պարգեւատրուած փոքրիկներ:

Leave a Reply