ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.-Ի ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ -Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն Ու Դպրեվանքը
ԽՈՐԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՀԱՊԷՇԵԱՆ
Երբ կը մտածէի, թէ ի՞նչ կրնայի ըսել Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ իր դպրեվանքին մասին, որ արդէն ըսուած չըլլար, եւ տարակուսանքով գլուխս կը քերէի, յանկարծ աչքիս պատկերացաւ կորացած հասակը ծերունազարդ Սահակ Խապայեան հայրապետին՝ Անթիլիասի ամայի ծովեզերքին, անթարթ աչքերը հեռու՜ն, կարծէք հոգիով հաղորդութեան մէջ՝ հայ ազգի մեծ այրերուն ու սուրբերուն հետ, որոնք, ծանր պահերու, աստղազարդեր էին մեր պատմութեան մութ ու ցուրտ գիշերները: Թէեւ, դեռ ոչինչ ունէի ձեռքիս, բայց արդէն գիտէի, թէ ինչ պիտի գրէի:Ու ահա ա՛յն, ինչ որ զգացի ներսս՝ իբրեւ հաւատքի եւ յոյսի խորհրդանիշ-վկայութիւն, որ կը կարծէի, այդ պահուն տեսիլքն էր եղած վեհափառ հայրապետին՝ բաղձանք-երանութեան մը պէս:
-ԴՊՐԵՎԱՆ՜Ք մը, խորհրդանիշ՝ սաղմնաւորման մեր հաւատքին, որ օր մը մարմին գգենալով՝ դառնա՜ր յոյսը մեր հաստատուն, որ ապա, սիրոյ գործնականացած աղբիւր իբրեւ, բաշխուէ՜ր՝ նժդեհութեան մէջ թաղարային կեանքով ապրող սերունդներուն՝ որպէս սնունդ կենսատու:
Սակայն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին աստանդական դժբախտ հայրապետը, այդ օրերուն՝ մարդկային տկարութեան իր մէկ պահուն, «Կտակ»ով մը դիմեր էր իր ժողովուրդին ահաւոր հարցով մը՝
- Ըլլալ, թէ՝ չըլլալ…
Անշուշտ, խնդրոյ առարկան իր սրբազան անձը չէր, այլ, ժողովուրդի՛ մը, իր սեփակա՛ն ժողովուրդին ըլլալ-չըլլալը… Ու իր ժողովուրդը միակամ որոշեր էր.
- Ըլլա՛լ:
Հայ ժողովուրդը, հնուց ի վեր, որոշեր էր ամէ՛ն գնով ըլլալ: Իր կտրած անցած երկարաձիգ ճանապարհը արդէն ա՛յդ է, որ կըսէ՛ր: Արդ, ինչպէ՞ս կուզէ՛ք, որ հիմա իր պատասխանը տարբեր ըլլար:
Կեանքի մէջ, ամէն անձ եւ հաւաքականութիւն երազ կունենա՛յ. երազ՝ բան մը ընելու, բան մը ըլլալու, տեղ մը հասնելու, երազ՝ որ իր գոյութեան ամէն ինչը կը հանդիսանայ եւ սերունդներու հաւաքական երդումին եւ յանձնառութեան գրաւականը կը դառնայ, քանի որ մեր երազը միայն մե՛նք կրնանք տեսնել, ուրիշը չի՛ կրնար մեզի համար մեր երազը տեսնել, ուրիշը ի՛ր երազը կունենա՛յ եւ, ամենա՛յն հաւանակակութեամբ՝ մերինին հակադրուա՛ծ երազ մը եւ, արդէն, այդ չէ՞ ազգերու բախման բուն պատճառը:
Բայց, ըլլալը հիմ կուզէ՛, որ չսասանի, որ մեծնալու կարելիութիւննե՛ր ընծայէ, որ վաղանցուկ, մէկ շունչի, մէկ պատահական առիթի, տրամադրութենէ տրամադրութիւն ձգտում չըլլայ, այլ՝ մնայուն եւ անշեղ, յաւերժի կնիքը վրան:
Այս հաւատքո՛վ հիմնուեցաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի դպրեվանքը: Առանց դպրեվանքի ինչպէ՛ս ապրէր կաթողիկոսութիւնը Հայոց, առանց դպրեվանքի ո՛վ սերունդ առ սերունդ պիտի ապրեցնէր զայն, ո՛վ պիտի պահպանէր, որ լուսաւորուէին գալոց սերունդներուն մտքերն ու հոգիները:
Հայութիւն եւ հաւատք, մեր իրականութեան մէջ, միշտ քալած են միասին: Մեր հայրերը, իրենց ապրած կեանքով ու վարքո՛վ հաստատած են «Միաւորեալ մի բնութիւն» հասկացողութիւնը:
Ուստի, այդ օրերուն եւս, եթէ կուզէի՛նք ժամանակի ոգիով առաջնորդուող եւ լուսաւորութեամբ յատկանշուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն ու դպրեվանք ունենալ, հարկ էր, որ մտածուէր նաեւ լուսաւորեալ ժողովուրդի մը մասին, որ քաղաքակրթազերծ ամէն վիճակէ ձեռբազատուած՝ դառնար իր միջավայրին ու ժամանակին վայել հաւաքականութիւն:
Ուստի, հոգեւորի մատակարարման առընթեր, իբրեւ զուգընթաց մտահոգութիւն եւ նպատակադրութիւն, դեռ երկու տասնամեակ չբոլորած՝ Դպրեվանքը դարձաւ հայ մշակոյթի դարբնոց. Ազգային լեզուին, մշակոյթին եւ մտքի նուաճումներուն հաղորդ պահող իր դերին առընթեր՝ նաեւ ազգային գիտակցութիւն եւ ոգի ներշնչող, սերունդները լիցքաւորող քուրայ՝ հայ ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ ազգային գործիչներ պատրաստելու դերով:
Անմիջական հետեւանքը ատոր, եղաւ ազգային գիտակցութեան բարձրացում, ցեղային արդար հպարտութեան տիրացում եւ, անխուսափելիօրէն՝ հայոց մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու՝ Հայ Դատի գիտակցութիւն եւ, գործնապաշտ քայլերով՝ հետապնդում: Ուստի, պատահական չէ, երբ թուրքը յաճախ մեր Ս. Աթոռի հայրապետները կը ճանչնայ եւ կը համարէ իբրեւ խորհրդանիշ եւ պատասխանատու ազգային մեր իրաւունքներուն: Որովհետեւ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, ատեն եղաւ, որ այդ դերին մէջ մնայ մինակ: Պոլսոյ պատրիարքարանի Դպրեվանքը, ծանօթ պատճառներով, դարձած էր անուանական գոյութիւն, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դպրեվանքը, պաղեստինեան պատերազմէն ետք, դարձած՝ լուսանցքային, իսկ, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, աստուածուրաց վարդապետութեան մը շուչին տակ՝ գրեթէ խամրած…
Եթէ հոգեւորի կողքին- եւ իրաւացիօրէ՛ն- նաեւ ազգայինը մաս կը կազմէ մեր մտահոգութեան, հայ եկեղեցին, այս պարագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր դպրեվանքին շունչով թրծուած միաբանութեամբ, թեւ ու թիկունք հանդիսանալով մեր քաղաքական մտածողութեան, հետեւողականօրէն յառաջ տարաւ առողջ գիծ մը՝ իր գործունէութեան ընթացքին, իբրեւ ինքնարտայայտման նպատակ, ինքզինքի գոյապաշտպանական արդարացի ու նպատակասլաց միջոց:
Մարդ անհատը, եթէ մարմին ունի, ունի նաեւ այդ մարմինը շարժունակ, գիտակից արարքներու հետամուտ դարձնող հոգի եւ երկուքով պայմանաւոր, իբրեւ մարդ: Ոստի, միշտ միասին եւ անբաժան: Բաժանումը, բառացիօրէն, մահ պիտի նշանակէր ՄԱՐԴ հասկացողութեան: Հայ ժողովուրդն ալ, տասն եւ եօթը դարերէ ի վեր, իր հաւաքական մարմնին՝ ազգայինին, կամովին միացուց իր հաւատքը՝ իբրեւ զինք կենսաւորող, շարժման մէջ դնող իր հոգի՛ն, մի՛շտ միասին եւ անբաժանելի, իբրեւ «միաւորեալ մի բնութիւն»: Հաւատք եւ ազգութիւն իրարմէ զատելու ամէն պերճանք, այս ափերուն, կրնայ մեզի համար ճակատագրական դառնալ: Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք աւանդուած այն հաստատումին, թէ՝ առանց Աստուծոյ կամքին տերեւ չի շարժիր աշխարհի վրայ, ուրեմն, Աստուած կամեցած է, որ մենք հայ ըլլանք եւ այսպէ՛ս ըլլանք: Ուստի, հայութեան միաւորեալ մէկ բնութեան պահպանութեան եւ հայօրէն ապրելու ի խնդիր մեր տարած աշխատանքը, Աստուծոյ կամքը կատարել կը նշանակէ:
Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին Դպրեվանքին գոյութեան եւ առաքելութեան նախադրեալները, անհատական թէ ազգային, մեր կեանքին էատարրերն են: Այնքան ատեն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը չէ աւարտած, անոր Դպրեվանքին դերն ալ չէ աւարտած: Ուստի, մե՛ր ալ դերը՝ գիտակից հայու սրբազա՛ն դերը դեռ չէ աւարտած, այսինքն՝ պարտ է որ մեր առաւելագոյնն ու լաւագոյնը ընծայենք մեր կաթողիկոսութեան եւ իր Դպրեվանքին, որովհետեւ, մենք՝ բոլո՛րս ալ, արժանի ենք լաւագոյնի՛:
Ինչպէս նախապէս ըսի, մեր երազը միայն մերն է, մեր էութեան խորագոյն ձգտումներուն դրսեւորում-ցոլանքը, որուն միայն մե՛նք կրնանք մարմին տալ:
Ուստի, եթէ ներկան շարունակութիւնն է անցեալին եւ մեկնակէտը ապագային, մեզի համար հրամայական պահանջ կը դառնայ թեւ ու թիկունք դառնալ մեր կաթողիկոսութեան եւ իր Դպրեվանքին, որպէսզի, մեր երազը միշտ վառ մնայ. որպէսզի, կերտուի վաղուան հայ-քրիստոնեայ մարդը՝ պաշտպան համամարդկային արժէքներու եւ ախոյեան՝ արդարութեան, որովհետեւ, հոն ուր զոհաբերութեան ոգի կայ, հոն կայ հաւատք ու հպարտութիւն, հոն կայ տեսի՛լք եւ փրկութիւնն ու օրհնութիւնը՝ գալոց սերունդներուն:




![TbrevankLogo[1]](http://asbarez.com/App/Asbarez/arm/2011/10/TbrevankLogo1.jpg)


