Կիլիկիա
Երբոր բացուին դռներն յուսոյ,
Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,
Չքնաղ երկիրն մեր Արմէնիոյ,
Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր.
Երբոր ծիծառն իր բոյն դառնայ,
Երբոր ծառերն հագնին տերեւ՝
Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ:
Տեսի դաշտերըն Սուրիոյ,
Լեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր.
Տեսի զերկիրըն Իտալիոյ,
Վենետիկ եւ իւր գօնդօլներ.
Կղզի, նման չիք մեր Կիմպրիա
Եւ ո՛չ մէկ վայրն է արդարեւ
Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ:
Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ,
Ուր ամենայն իղձ կ՛աւարտի.
Հասակ մը, ուր հոգին ի տենչ՝
Յիշատակաց իւր կարօտի.
Յորժամ քնարս իմ ցրտանայ,
Սիրոյն տալով վերջին բարեւ՝
Երթամ ննջել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ:
«Ետուր» գրաբար է, կը նշանակէ տուաւ






