«ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝
«Հասարակական Բարեփոխումները Հայաստանի Մէջ» Թեմայով Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը՝ գերմանական «Ֆրիտրիխ Էպըրդ» հիմնադրամի աջակցութեամբ, Նոյեմբեր 8ին, Երեւանի մէջ կազմակերպած է «Հասարակական բարեփոխումները Հայաստանի մէջ» թեմայով խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին մասնագէտներ ներկայացուցած են լուրջ հետազօտութիւններ առողջապահութեան, բնակարանաշինութեան եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ:
Համաժողովին մասնակցած են քաղաքական կուսակցութիւններու, համապատասխան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վեց ամիս շարունակ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, պարզուած է, որ առողջապահութեան ոլորտէն ներս որակեալ, մատչելի առողջապահական ծառայութիւնները տակաւին հասանելի չեն բոլորին:
«Համաշխարհային դրամատունն առաջարկում է, որ հասարակական անապահով մարդկանց բուժօգնութեան բալային սանդղակը հասցնել 30ի. այժմ սահմանը 36 միաւորն է», յայտնած է ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Երեք ոլորտներու գծով հետազօտութիւնները ամփոփուած են 100 էջերու մէջ:
«Մեր նպատակն էր ուսումնասիրութիւն իրականացնել եւ ռազմավարութիւն մշակել, որպէսզի անով օժանդակենք ոչ միայն օրէնսդիրներուն, այլեւ քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք կարենան ճիշդ արձագանգել ինչպէս ազգային, այնպէս ալ տարածաշրջանային մակարդակով յաճախ փոխուող հասարակական-տնտեսական-քաղաքական իրավիճակներուն», իր կարգին յայտնած է «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի նախագահ Մարիա Թիթիզեան։
ԱԺ պատգամաւոր Արա Նռանեան եւ գործընկերները, բնակարանային ապահովութեան ոլորտին համար փորձած են գտնել այնպիսի լուծումներ, որոնք պետութիւնը այժմ չի կիրառեր: Արդարեւ, բնակարանային խնդիր ունի 64 հազար ընտանիք, իսկ ընթացիկ ծրագիրներուն մէջ ընգրկուած է միայն 15 հազարը: Մասնագէտները նշած են, որ բնակարանաշինութեան ոլորտին մէջ գլխաւոր գործընկերը պէտք է դառնայ պետութիւնը:
Իսկ զբաղուածութեան ոլորտին պարագային, մասնագէտները կը տեսնեն յառաջընթացի մէկ ուղի։ «Ակնկալել, որ միայն աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութեան ջանքերով կարող է զբաղուածութեան խնդիրը լուծուել՝ անիրատեսական է: Հարկաւոր է տարբեր նախարարութիւնների, այսինքն՝ համալիր մօտեցում», ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան:







[...] Asbarez.com (Articles): http://asbarez.com/arm/114610/ & http://asbarez.com/arm/114482/ [...]