Արցախ Դէմ Չէ Ատրպէյճանցիներու Վերադարձին՝ Եթէ…
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան մեկնաբանած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի՝ աւստրիական «Տեր Սթանտարտ» պարբերականին ըրած յայտարարութիւնները, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.
«Փոխզիջումային լուծումը, որուն Ատրպէյճանը կրնայ դիմել, Հայաստանի տարածքներու փոխանցում չ՛ենթադրեր: Փոխզիջում կրնայ ըլլալ երկու համայնքներու համատեղ գոյակցութիւնը»: Մեկնաբանելով սոյն յայտարարութիւնը՝ Բաբայեան նշած է, որ անիկա կարելի է բաժնել երկու մասի. «Առաջինի հետ մենք լիովին համաձայն ենք. ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը չի ենթադրում Հայաստանի տարածքների փոխանցում, քանի որ դա ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւն է: Հակամարտութիւնը ոչ թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլ Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի միջեւ է: Հետեւաբար, բոլոր հարցերի լուծումը ենթադրում է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի ուղիղ երկխօսութիւնը», ըսած է ան:
Անդրադառնալով երկու համայքներու համատեղ գոյակցութեան՝ Դ. Բաբայեան նշած է նաեւ, որ եթէ Ազիմով փոխզիջում ըսելով նկատի ունէր Ատրպէյճանի կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայ սահմաններով ճանչնալու պատրաստակամութիւնը, ապա Լեռնային Ղարաբաղը չէ ըսած, որ դէմ է ատրպէյճանցիներու վերադարձին, եւ պատրաստ է ատրպէյճանցիները ընդունելու, եթէ վերջիններս կը փափաքին ըլլալ ԼՂՀ քաղաքացիներ եւ ընդելուզուիլ ղարաբաղեան հանրութեան: «Եթէ Պաքւում «համատեղ գոյակցութիւն» ասելով՝ հասկանում են մինչեւ 1988ի իրավիճակը եւ Լեռնային Ղարաբաղը դիտարկում են որպէս միջհամայնքային կազմաւորում, ապա Ադրբեջանն այդ կերպ նորից ապակառուցողական մօտեցում է ցուցաբերում», խօսքը եզրափակած է Դաւիթ Բաբայեան:






