Ի Պաշտպանութիւն Սփիւռքահայ Գործարարներու՝ Փաստաբաններու Պալատը Յատուկ Խումբ Կը Ստեղծէ
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Հայաստանի փաստաբաններու պալատին մէջ, Նոյեմբեր 18ին տեղի ունեցած ասուլիսին ժամանակ, խումբ մը հայ փաստաբաններ յայտարարեցին, թէ անոնք սփիւռքահայ ներդրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող յատուկ խումբ մը պիտի ստեղծեն:
Նախաձեռնութեան հեղինակներէն «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արման Բաբաջանեանի համաձայն, խումբը յոյս ունի «Հայաստանի մէջ հասնիլ այնպիսի միջավայրի մը ստեղծման, ուր սփիւռքահայը իրեն պաշտպանուած զգայ»:
Փաստաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան ներկայացուց ամերիկահայ գործարար Էտմոնտ Խուրտեանի գործը՝ նշելով, թէ վերջինս Մաշտոցի պողոտային վրայ ներդրում կատարած է 13 յարկանի շէնք կառուցելու համար, սակայն ոչ մէկ գումար ետ ստացած է: «Ընկերութեան տնօրէնը եւ աշխատակիցները թալանել են նրան եւ մի շարք այլ ներդրողների, որոնց այդ գործում ներգրաւել է Խուրտեանը՝ մօտ 20 հոգի: Ընդհանուր առմամբ, նրանցից 7 միլիոն տոլար են գողացել», պատմեց Յովհաննիսեան:
Ուղիղ կապով ասուլիսին միացած Էտմոնտ Խուրտեանը, իր կարգին ցաւով պատմած է, թէ զինք ինչպէ՛ս խաբած է հայաստանցի իր գլխաւոր գործընկերը՝ Վլադիսլաւ Մանգասարեանը, որուն հետ ծանօթացած է Հայաստանի նախագահին եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի միջոցով:
«Նրանք ընդհանուր առմամբ 5 միլիոն են իւրացրել, նաեւ ցոյց են տուել, թէ Խուրտեանի 2 միլիոն տոլարի փոխառութեան գումար են տուել, սակայն իրականում՝ նա այդպիսի փաստաթուղթ չի ստորագրել», յայտնեց փաստաբաններու պալատի փոխնախագահ Նիկոլա Բաղդասարեան:





