Հարցում՝ Պատասխան


ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Քանտըլիզա Ռայս հրատարակած է գիրք մը. «Ուաշինթընի մէջ անցուցած տարիներուս յուշագիրը. Չկայ Աւելի Մեծ Պատիւ» խորագիրով, ուր հպարտութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէս յաջողած է երկու անգամ ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին քննարկումներուն տապալումը իրականացնել։ Այս մէկը վայե՞լ է իրեն պէս անձի մը:

ԱՐԱՄ,  Շիքակոյէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նոյն գիրքին մէջ Քանտըլիզա Ռայս հայոց սպանդները այսպէս կ՛որակէ. «յստակօրէն դաժան ու ցեղապաշտական շարժառիթներով ջարդեր»։ Ուրեմն հակառակ իր իսկ ընդունած «ցեղապաշտական ջարդեր»ուն՝ որ համահաւասար է ցեղասպանութեան, տիկին Ռայս, մղուած քաղաքական ճղճիմ շահերէ, կ՛անտեսէ ամէն բարոյական։ Կարծեմ այսքան անսկզբունք անձի մը համար աւելի հարազատ պիտի հնչէր, եթէ գիրքը կոչէր «Չկայ Աւելի Ցած Պատիւ»։

Եւ երբ Ամերիկայի պէս հզօր երկիրի մը արտաքին քաղաքականութիւնը յանձնուած է Քանտըլիզա Ռայսի նման անսկզբունք եւ անբարոյ սկսնակներու, որուն ամէնէն մեծ իրագործումներէն մէկը, իր իսկ խոստովանութեամբ, ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի աղաչանքով-պաղատանքով ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութեան դրուիլը ձախողութեան մատնելն է. երբեք տարօրինակ թող չթուի, երբ երկիրին արտաքին քաղաքականութիւնը յաջող չէ, այլ՝ «հաչող»։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մօտ տարի մը առաջ թուրք նախարար մը այսպէս յայտարարութիւն մը ըրած էր. «Աշխարհի բոլոր լեզուներուն արմատները թրքերէն լեզուէն առնուած են. այսինքն թրքերէնը բոլոր լեզուներուն ՄԱՅՐ լեզուն է»։ Այս մէկը տարօրինակ չէ՞։

ԻՇԽԱՆ, Միշըն Վիէհոյէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Թուրքերուն համար տարօրինակ չէ։ Իրենց նկարագիրին յատկանիշն է այդ. ուրիշներուն ունեցածը իւրացնելէ ետք, աշխարհին ներկայացնել որպէս իրենցը։ Եւ այդ իրենց կրթական նախարարն էր։ Անշուշտ չեն կրնար խաբել ոեւէ մէկը, բացի իրենց մատղաշ սերունդէն, որ այսպիսի սուտերով սնանելով, յետագային յուսաբեկութեամբ պիտի համակուի։ Ժողովուրդ մը, որուն լեզուին եօթանասուն տոկոսը արաբերէնի եւ լատիներէնի խառնուրդ է, որ երբեք չունենալով իր գիրերը, մինչեւ 1920ականները գործածած է արաբականը։ Իսկ այդ թուականէն ետք Աթաթուրքին տնօրինութեամբ եւ հայ լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանի հմտութեամբ, արաբականը փոխարինուեցաւ լատիներէն տառերով։ Եւ տակաւին թուրք կրթական նախարարը առանց խպնելու, թրքերէնը կը յայտարարէ բոլոր լեզուներուն մայրը։ Երբեք մի զարմանաք վսեմափայլ Իշխան, եթէ նոյն նախարարը կամ ուրիշ մը օր մը յայտարարէ, թէ Շէյքսփիրն ալ իր գլուխ գործոցները գրած է ներշնչուելով իրենց «Նասրէտտին հոճայ»էն։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ես եւ ամուսինս շատ զայրացած ենք։ Պատմեմ։ Տասներկու տարի առաջ, ամուսինս, չորս տարեկան մանչս, երկու տարեկան աղջիկս եւ ես Ամերիկա փոխադրուեցանք։  Ամուսինիս եւ ինծի համար ազգը եւ հայութիւնը ամէն ինչ է։ Երկուքս ալ կուսակցական, եկեղեցական, հոգաբարձական, տիկնանց եւ զանազան յանձնախումբերու մէջ շատ գործունեայ ենք։ Ազգին եւ հայութեան համար միշտ պատրաստ ենք ամէն զոհողութեան եւ շաբաթը չորս-հինգ օր ժողովներու ենք։ Երկու շաբաթ առաջ իմացանք թէ 16 տարեկան տղաս Վիեթնամցի աղջկայ մը սիրահարուած է։ Ամուսինս քիչ մնաց սիրտի կաթուած պիտի ունենար։ Հիմա շուարած ենք, չենք գիտեր թէ ինչ ընենք։

ԶԱՅՐԱՑԱԾ ՄԱՅՐ ՄԸ՝

Պըրպենքէն

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շատ մտահոգուելու պէտք չունիք. այդ տարիքին կը կարծեն թէ սիրահարուած են, սակայն յետագային կը մոռնան։ Թէեւ քու եւ ամուսինիդ ազգին նուիրուածութիւնը գնահատելի է, սակայն զաւակներդ կը գտնուին տարիքի մը, ուր շատ խոցելի են, եւ՝ դիւրաբեկ։ Շատ լաւ կ՛ընէք, եթէ դուն եւ ամուսինդ չորս կամ հինգ տարի ձեր ժողովները լաւ մը կրճատելով, աւելի ժամանակ յատկացնէք ձեր զաւակներուն։ Ապա թէ ոչ տիկին զայրացած մայր, մէկ կամ երկու տարիէն նորէն  պիտի գրես ինծի եւ այս անգամ աւելի զայրացած, ըսելով թէ աղջիկդ Մեքսիքացիի կամ սեւի մը սիրահարուած է եւ ամուսինդ ալ իրաւ սիրտի կաթուած անցուցած։

Ձեր հարցումները կրնաք ղրկել  sazareh@yahoo.com

Leave a Reply