Գործը՝ Խօսքին Հետ


ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ցաւ ի սիրտ, ժխտական ձեւով կը պատասխանեմ վերջերս ինծի ուղղուած «մեր համայնքին հայկական վարժարանները, որոնց թիւը արդէն անբաւարար է, պիտի կարենա՞ն դիմանալ տնտեսական ներկայ

պայմաններուն լուծին տակ» եւ անոր ընկերացող «հայապահպանման ու համայնքի կազմակերպման մեր կիրարկած մարտավարութիւնը կրնա՞յ ըլլալ որ վաղուց ժամանակավրէպ դարձած է» հարցումներուն:

Սակայն, ինչո՞ւ պատասխաններս «ժխտական» են:

Նախ, ինչպէս գիտէք, մեր վարժարանները պետական նպաստ չեն ստանար: Ուստի, շնորհիւ անուանի եւ անանուն իրենց բարերարներուն, անձնազոհ ազգայիններուն, գթասիրտ միութիւններուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտբաց օժանդակութեան, գերագոյն եւ մեծ ջանքերով միայն կարելի կ՛ըլլայ զանոնք պահել:

Հաւատացէ՛ք, բոլորս ալ մեծապէս երախտապարտ ենք:

Ասոնց կողքին եւ ասոնցմէ առաջ հայկական դպրոցները նաեւ կ՛ապաւինին իրենց շուրջ բոլորուած հայ ծնողներուն:

Կրկին՝ բոլորին երախտապարտ ենք եւ պիտի մնանք, իրենց վստահութեան եւ ուղղակի նիւթական քաջալերանքին համար:

Սակայն, մեկնելով երկրի ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններէն հարց տանք, արդեօ՞ք այս բոլորով որքան ատեն հնարաւոր պիտի ըլլայ հայ վարժարանը «ոտքի» վրայ պահել:

Մինչեւ ե՞րբ մեր դպրոցները այսպէս քաշքշուելով պիտի ապրին «իրենց կեանքը», երբ անդին տեսանելի է, թէ տնտեսական ծանր պատճառներու բերումով շատ մը ծնողներ չեն դիմանար իրենց ուսերուն վրայ ինկած նիւթական բեռ-պարտաւորութեան ճնշման տակ եւ ստիպուած՝ իրենց զաւակը կամ զաւակները պետական վարժարան կը ղրկեն, ուր ուսումը ձրի է:

Տակաւին մօտ տարի մը առաջ էր, երբ մեր համայնքէն ներս նիւթականի եւ անոր հետեւանք՝ աշակերտութեան թիւի նուազումը պատճառ եղան հայ վարժարանի մը փակման:

Օր ցերեկով, մեր բոլորին աչքին առջեւ, հայ նախակրթարան մը փակուեցաւ, Սփիւռքի այս հայահոծ շրջանէն ներս, ուր շատերս եթէ ոչ ամէնքս ալ հայկական վարժարաններու ներկայ թիւը անբաւարար կը նկատենք:

Սոյն վարժարանի փակման լուրը բոլորիս համար ուղղակի ցաւալի էր, իսկական գոյժ մըն էր: Այս կը նշանակէր, թէ նիւթականի պակասի ստուերը, որ հրէշի մը նման ծանրօրէն նստած էր բոլորիս մտքերուն եւ հոգիներուն վրայ, արդէն իսկ իր աւերը սկսած էր գործել ու այս իսկ պատճառով վտանգի մը ահազանգը սկսած էր շատ յստակ հնչել:

Այս տխուր իրականութեան կողքին, կար նաեւ դրամին միւս երեսն ալ:

Այսպէս, այս հայ նախակրթարանին փակումէն շատ առաջ եւ նոյնիսկ անկէ վերջը, մեր շրջանէն ներս Աստուծոյ տաճարներու կառուցման համար բազմաթիւ նուիրահաւաքներ եղան: Բարերար-նուիրատուներ առատօրէն «տուին»:

Կրկին երախտապարտ ենք բոլորին, իրենց այս օրինակելի արարքին համար:

Ուրեմն, մէկ կողմէ մեր գաղութէն ներս վարժարաններ նիւթականի պակասէն կը տառապին, կը խեղճանան, պիւտճէական ամէնօրեայ տագնապներ կ՛ապրին, իսկ միւս կողմէ ալ եկեղեցաշինութեան ծրագրուած հրապարակային հանգանակութիւններ կը կատարուին:

Այս իրականութիւնը շատերուն ոչ միայն զարմանք կը պատճառէ, այլեւ քաջութիւն կու տայ հարցնելու, թէ արդեօ՞ք մեր համայնքի մէջ յանկարծ հայ քրիստոնեաներու թիւը աճած կամ բազմապատկուած էր, համեմատած հայ վարժարաններէ զրկուած հայ աշակերտութեան թիւին:

Եկէ՛ք հաշուենք. անցնող տասնամեակին մեր շրջանէն ներս, քանի՞ հատ նոր հայ ամէնօրեայ վարժարան բացուած է, իսկ անոր դիմաց, քանի՞ նոր եկեղեցի հիմնուած:

Պատասխանը ձեր մօտն է:

Գիտենք, որ եկեղեցին յարգելի եւ նուիրական իր տեղը ունի մեր բոլորին մօտ, սակայն չմոռնանք, որ հայ վարժարանն ալ նոյնչափ՝ իրը ունի:

Խորքին մէջ այս նշուածները տագնապներ ստեղծող հարցեր են, որոնց մէջ առիւծի բաժինը ինչպէս որ շեշտեցինք՝ նիւթականն է, որ մեզ առաւել կը տանջէ, կը մաշեցնէ ու վայրկեանի մը համար կու գանք կրկին անգամ յանգիլ այն եզրակացութեան, որ այս ընթացքով արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ տասնամեակ մը եւս շարունակել կամ երկարել հայ վարժարաններու «կեանքը», այնպէս ձեւով մը, որ տէրը մնան իրենց կոչումին ու իրենց գոյութիւնը արդարացնեն:

Մտահոգիչ հարց է նաեւ, թէ մեր շուրջը այս մասին ի՞նչեր կը կատարուին, որոնց գրեթէ միշտ անգիտակ ենք: Առաւել հարց կու տանք, թէ այս ընթացքով մենք ո՞ւր կ՛առաջնորդուինք կամ կ՛երթանք, կամ ո՞ւր կ՛ուզենք երթալ եւ ինչո՞ւ այս ձեւով կ՛ընթանայ մեր ազգային կեանքը:

Մէկ խօսքով, ըսել կ՛ուզենք՝ ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ կ՛ուզենք ընել:

21րդ դար կ՛ապրինք եւ ականատես ենք, որ շատցած են մարդկութեան զանազան տագնապները: Միւս կողմէ ալ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը մեզ բոլորս ալ կարծես դարձուցած է աւելի յոռետես եւ չկամեցող:

Այսօր աշխարհը արագավազ է: Բոլոր իրադարձութիւնները ամէնօրեայ արագութեամբ կը հասուննան եւ դանդաղ քալող մարդը անպայմանօրէն ետ կը մնայ:

Կը հաւատանք, որ զանազան ձեռնարկներու կազմակերպման կողքին, ի նպաստ հայ վարժարանին, նիւթական առողջ ծրագրումներ պէտք է նախաձեռնեն մեր գաղութի պատասխանատուները, ղեկավարները, որպէսզի հայ դպրոցին կեանքը կարելի ըլլայ երկարել եւ զինք իր կոչումին համապատասխան վիճակի մէջ պահել:

Որովհետեւ, առ ի յիշեցում կը կրկնենք, թէ հայ վարժարանը, ըլլայ ան ամէնօրեայ կամ միօրեայ, իր հայ ուսուցիչով միատեղ, անփոխարինելի դերակատարութիւն ունի հայ մանուկին կամ երեխային ու նոյնիսկ պատանիին՝ հայու ոգի ներշնչելու եւ անոր հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքներուն նպաստելու առաքելութեան մէջ:

Մեծ, բարերար ու ծափահարելի է հայ լեզուի ուսուցիչին պարտականութիւնը: Բնական է, որ տասնամեակ մը ետք նաեւ հայ լեզուի նոր ուսուցիչներու փնտռտուքին ալ պիտի սկսինք: Ուստի կը կարծենք, որ հայրենի ուսուցիչները պէտք է լաւապէս գնահատենք, յարգենք ու իրենց հետ նաեւ իրենց պաշտօնն ալ արժեւորենք ու դարձնենք նախանձելի ու ցանկալի:

Յայտնի է, թէ այստեղ արծարծուած հարցերը կամ խնդիրները այնքան ալ դիւրին կամ հեզասահ լուծուելիք ճամբաներ չունին, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ անոնք կը կարօտին լուրջ ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութիւններու, մեծ ու տեւական նիւթականի եւ հետեւողական աշխատանքի:

Հայ դպրոցի պիւտճէն «միշտ բաց է կ՛ըսենք» ու յաճախ քմծիծաղով ալ կ՛անցնինք: Դպրոցի պիւտճէին մէջ կ՛իյնան ուսուցիչի, տնօրէնի ամսավարձքը, նոր դասագիրքերու տպագրութեան ծախսերը, գրենական պիտոյքները, ուսումնական եւ կրթական նոր ծրագիրներու մշակման եւ բարեփոխման համար անհրաժեխտ միջոցները, շէնքի նորոգութեան եւ տակաւին շատ ու շատ այլ անհրաժեշտ գործերու համար գումարներ:

Ու այս բոլորը ապահովելու համար հարց կու տանք, ի՞նչու տարին գոնէ մէկ անգամ չծրագրել հրապարակային կերպով, հայ բոլոր վարժարաններուն համար կազմակերպուած թելեթօն մը:

Միշտ յարգանք ու դրական աջակցութիւն ունինք միւս մեծ թելեթօնին կամ թելեթոններուն: Արցախն ու Հայաստանը եւ միւսները իրենց տեղը, Սփիւռքի հայ վարժարանն ալ իր տեղր:

Առաւել. տակաւին համոզուած ենք, թէ ազգային տուրքի ծրագրուած ու տոկոսային դրութեամբ հաստատումը (անխտիր գանձուած բոլորէն մեծ, պզտիկ, ղեկավար, հոգեւորական) իր բարերար դերը կրնայ ունենալ:

Տակաւին կրնան գտնուիլ ուրիշ ճամբաներ, որոնց մանրամասնութիւնները՝ ուրիշ առիթով:

Այս բոլորը իրագործելու համար հարց տանք, թէ ո՞վ է մեզ կաշկանդողը եւ միւս կողմէ սակայն, ո՞վ է այս մասին մտածողը:

Մեր ինքնութիւնը պահելու համար այսօր աւելի քան երբեք մեր մայրենի լեզուի էականութիւնը նախապայման է: Կասկած չկայ:

Կ՛ըսենք նաեւ, որ մեր լեզուն մեր ինքնութեան աղբիւրն է: Պարզ գործիք մը ըլլալէ առաջ, ան նաեւ միջոց է մեր ազգային նպատակին հասնելու: Լեզուն նաեւ գալիք ուղիները լուսաւորող շող մըն է եւ եթէ կ՛ուզէք նաեւ տուն է, հայրենիք է, լոյս է եւ յոյս է:

Մէկ խօսքով, անխտիր բոլորս ալ կը հաւատանք ու բեմերէն եւ մամուլի էջերէն «կը պոռանք», որ մայրենին մեր գոյութեան գրաւականն է: Հայ տան կողքին, կը պնդենք, որ հայ վարժարանն է այս բոլորին ծնունդ տուողը եւ կ՛աւելցնենք, հաւատալով նաեւ, թէ հայ դպրոցը հայ մարդ կերտելու դարբնոցն է. անոր համար «բացած» ենք զայն:

Հայ վարժարանն է որ մեր նոր սերունդին ինքնուրոյն եւ եզակի դիմագիծը կը պահէ, անոր մէջ հայութիւն ներշնչելով՝ կը կրկնենք շարունակ:

Հաստատ գիտենք նաեւ, թէ հայ տունէն եւ հայ դպրոցէն կը սկսի մեր զաւակներու ազգային ինքնութեան կազմաւորումը:

Ահաւասիկ հայ վարժարանին սրբազան առաքելութիւնը, որուն համար մեր բոլորին նիւթական զոհաբերութիւնը առաջնահերթ կը նկատենք:

Կարծեմ, այս բոլորը գիտենք, բայց դժբախտաբար միայն կը խօսինք:

Անոր համար, հո՛ս, մեր տողերն ու միտքերը ջղային տրոփում մը ունին,  անհանգիստ անհաւասար եւ հակասական:

Այնպէս կ՛երեւի, իրապէս չենք անդրադարձած ներկայ տխուր եւ մութ իրականութեան ու չենք գիտակցած որ կը շարունակենք մեր ճամբան մեր գիտցած ձեւով, մակերեսային, ձեւական:

Նոր դարաշրջան մը կ՛ապրինք, ուր ինքնագիտակցութիւնը էական է ինչպէս նաեւ՝ կեցուածք եւ ընբռնում պարտադրող: Վտանգաւոր հանգրուանէ մըն է, որ կ՛անցնինք: Այս մէկուն պէտք է լրջօրէն անդրադառնալ:

Կայունութեան հետ խառնուած ձեւականութեան զգացումը նստած է գաղութին վրայ եւ ծանրօրէն ու անզգալաբար մեզ կը տիրապետէ:

Կը հաւատանք նաեւ, որ հայ վարժարանին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու կողքին, մեր համայնքն ալ, իր բոլոր կառոյցներով միատեղ, ինքզինք վերատե-սութեան պէտք է ենթարկէ: Արդէն ժամանակավրէպ, նոյնիսկ մաշած, հինցած ու անգործնական դարձած են մեր միութիւններու կանոնագրերն ու ծրագիրները:

Այնպէս կ՛երեւի, թէ ամէն տեղ անտարբերութեան մը մշուշը ծածկած է մեր մտածելակերպը: Մեր անդամակցած միութիւններէն ներս ամէն բան մակերեսային եւ ձեւական դարձած է թէ՛ որակակական եւ թէ՛ քանակի իմաստով:

Բարեբախտաբար այս բոլորը տեսնողներ կան, սակայն խօսողներ չկան, որովհետեւ, երբ իրականութիւն մը կը մէջբերուի, անմիջապէս դիմացդ նոր «թշնամի» մը կամ հակառակող հոսանք մը «կը բուսնի» ու յանկարծ դուն շրջանէն ներս կը դառնաս ամէնէն վատ մարդը:

Անոր համար է, որ շատեր «ինչուս պէտք է»ով մը կը հեռանան այսօրինակ աղմուկէն:

Ժողովուրդի ցեխէն վեր մնալը ու նեղմտութենէն դուրս գալը իրատես ու առողջ դեղատոմսեր կը նկատենք: Ատոր համար է, որ սկսած ենք ամէն առիթներով խօսիլ մեր մայրենի լեզուի մաքրութեան մասին:

Ըսենք, որ մեր լեզուի ու մանաւանդ արեւմտահայերէնի ախտաճանաչումը կատարուած է ամէն բեմերէ եւ ամէն մտահոգ մամուլի էջերէն: Հայ տուներէն եւ հայ դասարաններէն մինչեւ հայ միութիւններու ժողովները եւ ամէն տեղ հայախօսութեան նահանջը զգալի է:

Ասիկա նորութիւն մը չէ:

Ճիշդ է, որ պատճառները կարելի չէ մեր առօրեայէն վերցնել: Ուրեմն ամէն բանէ առաջ նախ մեզի կը մնայ ոչ թէ պատճառները հետապնդել, այլ զանոնք մեղմացնել: Առաւել մեր նոր սերունդը հասկնալ, անոր մօտենալ, անով զբաղուիլ:

Նման բաներ հայ տունէն եւ հայ դպրոցէն ու հայ ակումբէն կամ կեդրոնէն է որ կը սկսին:

Այս բոլորը այլեւս դասական դարձած ցաւեր են:

Ներկայիս գաղութէն ներս որոշ դրական ու գործնական շարժում մը չենք տեսներ, անոր համար կը սրտդողինք, կը յուսահատինք լուծում կը փնտռենք, կ՛ակնկալենք:

Ասոր կողքին հաւաքական եւ միասնական կամքն ալ չենք տեսներ, որպէսզի լուծման մը հասնելու եռանդը ապահովէ:

Միւս կողմէ կը հաւատանք, որ Հայ Դատին անբաժան մասն են մեր լեզուն ու մեր վարժարաններու կառոյցները:

Ամէն քայլափոխի կը հաստատենք, այս երկու ազդակներու տկարացումով մեր ուժականութենէն բաժին մըն է, որ կը պակսի:

Այսօր աւելի քան երբեք մենք հիմա ու անմիջական ապագային պահանջը կը զգանք մեծ բարերարներու, որոնք միայն հայ վարժարանին համար իրենց քսակները պիտի բանան:

Նաեւ անմիջական կարիքը կը զգանք ստեղծագործ միտքերու եւ  վճռական անձերու, որոնք գաղութը դէպի նոր ուղութեամբ պիտի առաջնորդեն:

Ասոնք բոլորն ալ կ՛ենթադրեն յաւելեալ ճիգ, զոհողութիւն ու նուիրում եւ յատկապէս՝ սէր, համերաշխ գործակցութիւն, իրարհասկացողութիւն, անխտրական հանդուրժողութիւն եւ առողջ մթնոլորտի մէջ աշխատանք:

Մեր մտքի ու գաղափարի շարունակութիւնը կախեալ է մեզմէ:

Եւ որպէսզի ապագայի պատրաստութեան համար մեր ձեւապաշտ վիճակէն դուրս գանք ու մեր յաւերժութիւնը երաշխաւորենք, պէտք է միասնաբար որոնենք յարմար լուծումներ:

Ըսելու ձեւը եւ ժամանակը պէտք չէ, որ մեզ խանգարէ, կամ ծուռ ճամբաներու առաջնորդէ:

«Աշխարհի» չափ, ինչպէս կ՛ըսեն, այս գաղութէն ներս գործ կայ ընելիք եւ տանելիք:

Կը հաւատանք, որ միայն իրարհասկացողութեամբ, փոխադարձ յարգանքով,  տեւական հաղորդակցութեամբ ու զանազան փորձառուներու տեսակէտներու մէկտեղումով միայն մեր բոլոր դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին կրնան հարթուիլ։

Խօսքը, շատ յաճախ պղպջակի կը նմանի, մինչդեռ համախորհուրդ գործը՝ ստեղծագործութիւն է ըսած են մեր հին ղեկավար մեծերը:

Այս մէկն է, որ պէտք է մեր ականջին օղ ընել:

Մինչ այդ:

Շնորհաւոր նոր տարի:

Leave a Reply