Ի Խնդիր Հայ Դպրոցի Պահպանման
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ Հայ Դպրոցի անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ: Հայ Դպրոցը կոչուած է Մարդակերտութեան եւ Հայակերտութեան վսեմ գործին: Անոր նպատակն է հայ տղաքն ու աղջիկները կեանքի պատրաստել, անոնց նկարագիրը կերտել, անոնց բանական եւ հոգեկան աշխարհը ձեւակերպել:
Հայ Դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ դաստիարակչական գործի արդիւնաւորումն է: Այս իմաստով, Հայ Դպրոցը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան:
Անտարակոյս, ընտիր նկարագիրի կազմութիւն, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն ջամբել, տիպար քաղաքացիներ պատրաստել, գիտութիւն եւ ծանօթութիւն ուսուցանել՝ կարեւոր տարրերն են ընտիր դաստիարակութեան:
Սակայն, ասոնց հետ եւ ասոնցմէ անբաժան, Հայ Դպրոցին կենսական նպատակներէն ու առաքելութիւններէն մէկն ալ հայեցի դաստիարակութիւնն է: Հայեցի դաստիարրակութիւնը՝ հայ աշակերտին ջամբուած հայկականութիւնն է: Հայկականութիւն, որ ենթակային կը շնորհէ ժողովուրդի մը, իւրայատուկ հաւաքականութեան մը պատկանելու իրաւունքը, առանձնաշնորհը եւ պարտաւորութիւնը:
Հայ Դպրոցը հայ մանուկին «երկրորդ տուն»ն է: Հայակրթութեան ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մին է անիկա, ուր կարելի է լաւագոյն հայեցի դաստիարակութիւնը ջամբել նորահաս հայ սերունդներուն:
Հայ Դպրոցը այն կրթարանն է, ուր հայ մանուկներ ոչ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերով եւ կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ աղօթքներն ու երգերը:
Հայեցի դաստիարակութեան հիմը կը կայանայ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ մայրենի լեզուով հայ ոգիի եւ ոգեկանութեան ջամբումին մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի հայրենի մեր հողերուն վրայ հայեցի դաստիարակութիւնը լռելեայն ընդունուած իրողութիւն մըն է: Բայց Սփիւռքի մէջ առաւելաբար հայ դպրոցին առաքելութիւնը հայակրթութիւնն է, որովհետեւ հայ տղան եւ հայ աղջիկը հա՛յ պիտի կրթուին: Անոնք կրնան աշակերտել որեւէ դպրոցական յարկի ներքեւ, բայց միայն հայ դպրոցին մէջ է, որ հայեցի դաստիարակութիւնը պիտի դառնայ մայրենի լեզուով եւ անով է որ պիտի փոխնացուի հայ ոգին սերունդէ սերունդ:
Անուրանալի է հայ դպրոցին դերը նոր սերունդներուն փոխանցած իր շունչով եւ ընծայած հայեցի մթնոլորտով, որոնց հետ միասին հայ զաւակներ կ՛առաջնորդուին ինքնաճանաչման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անցեալի ու ներկայի կեանքին:
Հայ տղան ու հայ աղջիկը իր ամէնօրեայ կաթին ու հացին չափ պէտք ունին հայ դպրոցի ոգեղէն սնունդին, առանց որուն անոնց ազգային դիմագիծը հետզհետէ կը տժգունի, կը խամրի ու կը չորնայ:
Սակայն, Հայ Դպրոցը առանձինն անկարող է լման եւ համապարփակ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել: Անոր կողքին կան հետեւեալ երկու կարեւոր գործօնները.
1. Հայ Ուսուցիչը: Հայ դպրոցը իր յառաջապահ դերին մէջ պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազգային խոր գիտակցութեամբ ընտիր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Դպրոցը հայակերտումի վարակիչ օճախ դարձնելու համար անհրաժեշտ է զօրացնել հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր արժէքներու եւ հայկականութեան ապրումի լաւագոյն եւ ամէնէն ազդու սերմնացանը հայ ուսուցիչն է: Առանց հայ ուսուցիչին՝ անդիմագիծ ուսումնարաններու կը վերածուին մեր դպրոցները: Ընտիր եւ լիիրաւ հայ ուսուցիչը կը հաղորդէ, կը համոզէ եւ կը ստեղծագործէ: Ան ոչ միայն հաղորդիչ մըն է գիտելիքներու, գաղափարներու եւ հմտութեան, այլ նաեւ իտէալապաշտ գաղափարախօս մըն է:
Դժբախտաբար, Հայ Ուսուցիչին հանդէպ կարգ մը հայ մարդոց յարգանքն ու սէրը հետզհետէ կը տժգունի: Անոր կոչումին, նուիրումին եւ զոհողութիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած ընկերային վերաբերումը աններելի է: Անոր ընկերային ու նիւթական կենսամակարդակը բարձրացնելու մասին շատ քիչ մտածող կայ: Միւս կողմէ, սակայն, անոր ասպարէզային թերագնահատումը ընողներուն թիւը շատ է:
Անշուշտ չենք կարծեր որ ընկերային ու նիւթական խոստմնալից ասպարէզի մը հեռանկարը կրնայ ընտիր հայ ուսուցիչ պատրաստել: Բայց կը հաւատանք, որ իր կոչումին բարձրութեան վրայ կանգնած հայ ուսուցիչը պէտք չէ ենթարկուի չէ նիւթական անձուկ պայմաններու:
Հայ ուսուցիչին դերը բախտորոշ է նորընձիւղ հայ սերունդները իրենց ինքնութեան տէր դարձնելու, հայաճանաչման ճամբով զանոնք անքակտելիօրէն կապուած պահելու հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ զանոնք խմորելու եւ կոփելու՝ նկարագրով, մտաւոր եւ բարոյական յատկանիշներով յանձնառու հայեր դարձնելու գործին մէջ:
2. Հայ Ընտանիքը: Հայ դպրոցը անկարող է ամբողջական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել առանց անոր գլխաւոր նեցուկ եղող հայ ընտանիքին: Դաստիարակչական գործը կը սկսի ընտանեկան յարկէն: Ընտանիքը առաջին դպրոցը ըլլալով՝ կոչուած է մանուկը կրթելու, առաջնորդելու եւ կոփելու նուիրական աշխատանքին:
Ընտանեկան յարկը մեր գոյամարտի բերդը եղող՝ Հայ Դպրոցը պահող ամէնէն վճռական ազդակներէն մէկն է: Ի վերջոյ, եթէ հայու ոգին ծնողքէն չփոխանցուի զաւակին, դպրոցը ամէն բան չի կրնար ընել: Երախան իր ծնունդէն իսկ հայ մթնոլորտի մէջ պէտք է մեծնայ: Այդ մթնոլորտը կրնայ ստեղծուիլ եթէ ծնողքը ինքզինք կապուած կը զգայ հայ կեանքին, առաւել կամ նուազ չափով իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական, ազգային ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն, հայերէն գիրք ու թերթ կը կարդայ, հայ բարեկամ ընտանիքներու հետ կապ կը պահէ, եւ իր ամէնօրեայ ապրումներով կ՛ապացուցանէ իր հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Ծնողաց կեանքի օրինակը ամէնէն ներշնչիչ եւ վարակիչ իրականութիւնն է, որ իր մնայուն եւ հզօր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել մանուկներուն վրայ:
Հայ Դպրոցին համար թափուած ամէնէն անձնուրաց ճիգերը եւ տրամադրուած ամէնէն առատ զոհողութիւնները ապարդիւն կրնան մնալ, եթէ ծնողներ ամբողջական գործակցութիւն չընծայեն դպրոցը վարող մարմիններուն:
Առանց հայաշունչ յարկի՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել կարելի չէ: Այս իրողութեան լոյսին ներքեւ՝ այն ինքնապարտադիր եզրակացութեան կը յանգինք, թէ նախ անհրաժեշտ է դաստիարակել հայ ծնողներէն շատեր, որպէսզի իրենց զաւակներուն չզլանան ու անոնցմէ չխլեն ա՜յն իրաւունքը, որ բոլոր հայերուն առանձնաշնորհն է իբրեւ հայ մեծնալու անկապտելի եւ դարէ-դար փոխանցուած ժառանգական իրաւունքը:
Դժբախտաբար, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն արմատախիլ ըրաւ հայ ժողովուրդը իր բնաշխարհէն, այլ նաեւ ջլատեց մեր ազգային հաստատութիւնները եւ վնաս հասցուց Հայ Դպրոցին:
Ի հեճուկս այս ամէնուն, սակայն, Հայկական Ցեղասպանութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք՝ թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ հայ «Մնացորդացը» իր բնակած նորանոր գաղութներուն մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ հիմնեց: Տարագիր հայութիւնը մէկ կողմէ՝ իր նիւթական, տնտեսական ու քաղաքական ծանրակշիռ պայմանները ջանաց յաղթահարել, միւս կողմէ՝ աստիճանաբար կարգաւորեց կրթական գործը, նորանոր դպրոցներու ցանց մը ստեղծելով:
Սկզբնական շրջանի հայ գաղթականներուն կողմէ կառուցուած տախտակաշէն դպրոցաշէնքերը՝ յետագայ տարիներուն վերածուեցան բաղդատաբար աւելի արդի եւ հրապուրիչ կրթական շէնքերու, որոնց կողքին հետզհետէ հիմնուեցան նաեւ ուսման նոր հայ հաստատութիւններ:
Իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներ թրծուեցան հայկական վարժարաններու շունչով, հայ մշակոյթի սիրով: Այդ դպրոցները հաղորդակից դարձուցին իրենց վստահուած հայ աշակերտութիւնը՝ հայ ժողովուրդի անցեալի պատմութեան, անոր յոյսերուն եւ յուսախաբութեանց, անոր նուաճումներուն եւ ձախորդութեանց, անոր իտէալներուն եւ երազներուն, անոր փառքին ու տառապանքին:
Ժամանակի թաւալումին հետ, սակայն, հետզհետէ մեր երբեմնի հայաշատ գաղութներուն մէջ սկսան փակուիլ հայ դպրոցներ: Միայն անցնող 3040 տարիերուն ընթացքին աւելի քան 70 ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ փակուեցան…
Ներկայիս Արտասահմանի մէջ գործող ամէնօրեայ հայկական դպրոցներուն թիւը մօտաւորապէս 270ի կը հասնի, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ շուրջ 47,000ի: Սոյն կրթական հաստատութիւնները կը գտնուին, այբբենական կարգով, հետեւեալ 18 երկիրներուն մէջ. – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Արժանթին, Գանատա, Եգիպտոս, Թուրքիա, Իսրայել, Լիբանան, Հնդկաստան, Յունաստան, Ուրուկուէյ, Պարսկաստան, Պուլկարիա, Ռուսիա, Սուրիա, Վրաստան, Քուէյթ, Ֆրանսա:
Եթէ նկատի ունենանք այն պարագան որ աշխարհի բովանդակ հայութեան թիւը շուրջ 10 միլիոն է եւ Սփիւռքահայութեան ալ ընդհանուր թիւը շուրջ եօթը միլիոն է՝ նոյնիսկ եթէ հաշուի առնենք Սփիւռքի դժխեմ պայմանները, գաղութահայ դպրոցներու թիւը պէտք էր առնուազն եռապատիկ ըլլար: Այլ խօսքով, բաղդատած մեր ներկայ իրավիճակին, մենք պէտք էր որ աւելի քան ութը հարիւր դպրոցներ եւ առնուազն հարիւր երեսուն հազարէ աւելի աշակերտութիւն ունենայինք գաղութահայ մեր իրականութեան մէջ: Այս պատկերը բաւական լուրջ եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը կը պարզէ, որ Սփիւռքահայ հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարութեան ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնայ:
Անցեալին, հակառակ Սփիւռքահայութեան տնտեսական համեստ (նոյնիսկ աննպաստ) պայմաններուն, հայ դպրոցը յաջողեցաւ շնորհիւ անցնող սերունդներու անսպառ զոհողութեան, հոգածութեան եւ հուժկու ջանքերուն: Ինչո՞ւ ներկայիս տարբեր ըլլայ պարագան, մանաւանդ երբ տնտեսական պայմանները շատ աւելի նպաստաւոր են մեր գաղութներու մեծամասնութեան համար: Ինչ պատճառներ կամ պատճառաբանութիւններ ալ մէջտեղ նետուին՝ արդարանալի չեն, որովհետեւ հայ դպրոցին դերը անփոխարինելի է: Անվիճելի իրողութիւն մըն է այն, որ հայ դպրոցը ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է մեր մնայուն արժէքներու ժառանգութիւնը կտակելու նոր սերունդին եւ հայրենահեռու գաղութներու մէջ մեր Հայրենիքի եւ Մայրենիքի (մայրենի լեզուին) սիրոյ կրակը վառ պահելու հայ սրտերուն մէջ:
Իրերու եւ իրողութեան այս լոյսին տակ՝ Սփիւռքահայութեան համար անհրաժեշտ են տեսիլք, աննկուն կամք եւ նիւթական զոհողութիւն, որպէսզի հայ դպրոցը մնայ կանգուն եւ կարենայ կատարել իր առաքելութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ հայ մարդը համոզուի հայ դպրոցի կենսական դերակատարութեան եւ նպաստին՝ հայապահպանումի նկատմամբ: Եւ որովհետեւ բարեհաճ իղձերով կարելի չէ տեղ մը հասնիլ, անհրաժեշտ է որ հայ տունը հայ մնայ: Անհրաժեշտ է նաեւ դպրոցը տնտեսապէս ինքնաբաւ դարձնել, որպէսզի ան ալ, իր կարգին, ընտիր նկարագրի եւ հայեցի դաստիարակութեան համար հարկ եղած որակաւոր հայ ուսուցիչներ վարձէ, ազդու ուսումնական եւ կրթական ու հայեցի մթնոլորտ ստեղծէ՝ ի խնդիր հայութեան ապագան եղող նոր սերունդներուն:
Ըսած ենք, եւ դարձեալ կը կրկնենք, եթէ հայ մարդիկ իրենց բարօրութեան եւ հաճոյքի պահանջներուն համար մեծ գումարներ կրնան ծախսել, արդար չէ՞, որ հայ մշակոյթի եւ իրենց ազգային ինքնութեան պահպանման սատարող Հայ Դպրոցին նեցուկ կենան բարոյապէս, բայց մանաւանդ՝ նիւթապէս:
Արդ, ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է Հայ Դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Յատկապէս, հանրային ղեկավարութեան կոչուած մարմիններ, կազմակերպութիւններ, կրթական գործի վերակացուներ եւ հոգաբարձութիւններ իրենց առաջնահերթ պարտականութիւնը պէտք է սեպեն են ներշնչել, խրախուսել եւ հրահրել հայ զանգուածները, մանաւանդ հայ մեծատուններն ու ունեւոր դասակարգը, որպէսզի միասնաբար նեցուկ կենան հայ մշակոյթի գլխաւոր գործօն եղող Հայ Դպրոցին:







