Ժողովուրդի Երկիր
ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Եթէ քաղաքականութիւնը չպատկանի ժողովուրդին, ապա երկիրը չի կրնար կառուցել իր պետականութիւնը։
Այս հաստատումը աւելի ամբողջական իմաստ կ՛ունենայ, եթէ յանդուգն մօտեցումով աւելցնենք այն միտքը, որ իշխանութիւն ըսուածը քաղաքականութենէն անջատուած եւ դիւանագիտական իր զբաղումներով կլանուած կենդանի մըն է: Դժուարը՝ այդ իշխանութիւնը համարկել է ժողովուրդի քաղաքականացման գործին հետ։ Որքան ուշանայ այդ համարկումը, այդքան կը ծանրանայ՝ ժողովուրդի քաղաքականացման ընթացքը արգելակող իշխանութիւն բեռը։ Ժողովուրդի երկիր ունենալու համար անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ նախ իշխանութեան ծանրութենէն եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի հոգին ճնշող՝ գութի եւ բարեսիրական մտածողութենէն։ Հարցին աւելի ուղիղ մօտենալու եւ աւելի շեշտակի ըսելու համար, ո՛չ Համահայկական հիմնադրամի գումարները, ո՛չ մեծահարուստ անհատներու ներդրումները եւ ոչ ալ իշխանութեան ձեւակերպած դիւանագիտական յարաբերութիւնները կրնան ժողովուրդի երկիր կառուցել։
Հայ ժողովուրդը՝ իր պետականութեամբ եւ Սփիւռքով, տակաւին քաղաքական համապարփակ եւ ինքնուրոյն մտածողութիւնը չէ գտած։ Ասիկա չի նշանակեր, որ տեղ մը պահուըտած ինքնուրոյն մտածողութիւն մը կայ հայուն համար եւ օր մը պիտի գտնենք զայն։ Մերը կեդրոնացումի եւ միտքի արտադրութեան հարց է։ Ցարդ, տեղատուութեամբ համակերպած ենք համաշխարհային ազատական հոսանքին եւ այդ հոսանքին մէջ պարզապէս ընդունած ենք, օրինակի համար, IMF եւ միջազգային դրամատան որոշումները։ Լայն բացած ենք երկիրը արտաքին շահագործումներու դիմաց եւ երկրի տնտեսական զարգացման անհրաժեշտութիւնը շփոթած ենք տնտեսական աճին հետ։ Շատ դիւրութեամբ եւ հապճեպ համաշխարհայնացուցած ենք մեր քաղաքական ճակատագիրը։
Բոլոր թերաճ երկիրներու նման, Հայաստան եւս քաղաքական զարգացման դժուարութիւն ունի, որովհետեւ իր ամբողջ կարողականութիւնը չէ լարուած դէպի ենթակառուցային զարգացման քաղաքականութիւն, դէպի ժողովուրդ։ Պետական տնտեսական հսկողութիւնն ու առեւտրական օրինաւորութիւնը նպաստած են իշխանաւորին՝ դասակարգային սուր շերտաւորում մը յառաջացնելով։ Երկրի աշխարհագրական դիրքը կը պարտադրէ յաւելեալ բծախնդրութեամբ մօտենալ ենթակառուցային զարգացումին։ Այսինքն, պետականութեան հաստատման անհրաժեշտ այն խարիսխներուն, որոնք քաղաքական զարգացման հիմնական տուեալները կը կազմեն։
Իսկ որո՞նք են այն հիմնական տուեալները, որոնք պետականութիւն կը հաստատեն, կամ ժողովուրդը ամբողջութեամբ կը համարկեն իշխանութեան հետ։ Հայ քաղաքական միտքին համար անծանօթ չեն բաղկացուցիչ այն հինգ հիմնական տուեալները, որոնք քաղաքականացման ընթացք կը պարզեն։ Այսինքն՝ Հայաստանը կը դարձնեն ժողովուրդի երկիր։ Առաջին պարագային, հայրենի հողին վրայ հայկական ինքնութեան անխոցելիութիւնն է, երկրորդ, իշխանութեան հեղինակութեան իրաւականութիւնը, երրորդ, օրէնքով հաստատուած իրաւահաւասար բաշխումը՝ արտադրութեան եւ բնական հարստութեանց, չորրորդ, բնական երեւոյթի վերածուած ժողովուրդի մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին, եւ վերջապէս, պետական օրինաւորութիւններու թափանցումը երկրի ամբողջ տարածքին։
Այս հինգ տուեալները թէ՛ թեզ են ուսումնասիրելի (նկատի առէք մեր համալսարանները եւ վերլուծական կեդրոնները), թէ օրէնսդրելի սկզբունքներ (նկատի առէք մեր Ազգային Ժողովը) եւ թէ գործ (նկատի առէք մեր գործադիր իշխանութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւնները)։ Եթէ այս հինգ կէտերու քաղաքական տրամաբանութիւնը հաստատուի երկրին մէջ ու յատկապէս իրենց մանրամասնութիւններով օրէնքի ուժ եւ բանական ուշք (առողջ դատողութիւն-Խմբ.) ունենան՝ այդ պարագային հայ ժողովուրդը՝ իր պետականութեամբ եւ Սփիւռքով քաղաքական համապարփակ եւ ինքնուրոյն մտածողութիւնը կը գտնէ եւ կը ձերբազատուի աղերսի, գութի, սպասումի բարդոյթէն։ Դժբախտաբար մենք տակաւին ջուրի աղերսով կը տրամաբանենք մեր քաղաքականութիւնը։
Նոյնն է ցեղասպանութեան մեր հարցին հետապնդման պարագան։ Մեր մամուլին մէջ յաճախ կը կարդանք ցեղասպանութեան բանաձեւի եւ տարբեր երկիրներու դիրքորոշումներու մասին։ Իսրայէլի Քնեսեթը, օրինակ, նկատի առած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի մը քննարկումը։ Կամ, Ամերիկայի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը յարմար չի գտներ ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ ունենալ։ Ստորակայութեան եւ ստրկամտութեան բարդոյթէն տառապող նման երկիրներ մարդկութեան կեանքին վրայ ճնշող ու անոր ազատ զարգացումը կաշկանդող դիւանագիտութեան արուեստին հմուտ են միայն։ Քաղաքակրթութեան զարգացման իրենց մտածողութիւնը չէ տրամաբանուած ժողովուրդի ու զանգուածային կառոյցներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Հայկական Ցեղասպանութեան օրակարգը տեսնել իրենց սեղաններուն վրայ պարզապէս անարգանք է ոչ միայն հայուն, այլեւ անբողջ մարդկութեան համար։
Դրական զարգացում է, անշուշտ, հայրենիքի մէջ տեսնել ժողովրդային, հասարակական կազմակերպութիւններու աճը՝ քաղաքացիական հասարակութիւն մը յառաջացնելու յոյսով եւ անոնց ուղղակի թէ անուղղակի ներդրումը՝ պետականութիւն եւ ժողովրդավարութիւն արժէքներու մերձեցման մէջ։ Ժողովրդավարութիւն միտքը Հայաստանի պէս երկրի մը համար ենթակառուցային քաղաքականացման հասկացողութիւն ունի, այլ ոչ քուէարկութեան։ Ժողովրդավարութիւն կարելի չէ հաստատել քուէարկութեամբ։ Եթէ կարելի ըլլար, իշխանութիւնը արդէն արգիլած կ՛ըլլար քուէարկութիւնը։
Հետեւաբար, պետական կառուցուածքի եւ ենթակառոյցներու մերձեցման ու համարկման քաղաքական լաւագոյն տարազը, իբրեւ ժողովրդավարութեան իրագործման անհրաժեշտ պայմաններէն մէկը Հայաստանի մէջ, կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու հարազատ արտայայտութիւնն է պետութեան մէջ։ Քսան տարիներու անկախացման փորձառութիւնը տակաւին երկար տարիներու շարունակութեան կը կարօտի ժողովրդավարութեան այս հիմնական պայմանը ամբողջացնելու համար։







