Պիտի Կարենա՞նք…
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր աշխատակիցներուն կը դիմէ Նոր Տարուան առթիւ թելադրելով քանի մը նիւթեր, որոնցմէ կարելի էր ընտրել մեր նախասիրած նիւթը: Չորս
ընտրութիւններէն ես ընտրեցի հետեւեալը. «Հայ Դատի հետապնդման նոր հանգրուանի մը սեմի՞ն ենք, թէ ոչ: Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին պիտի կարենա՞նք անցնիլ, պիտի կարենա՞նք հողային ընդհանրապէս հատուցման հարցը պատշաճօրէն օրակարգի վրայ դնել:»
Վերոյիշեալ չորս տողերուն մէջ ընդգրկուած «ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին» խօսքը ենթադրել կու տայ որ, արդէն իսկ ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է եւ մենք կը պատրաստուինք անցնելու երկրորդ հանգրուանին: Ենթադրենք թէ այդպէս է. այն ատեն ընդունինք որ մենք շատ ընելիք ունինք տակաւին, որուն մէկ նմոյշը տեսանք Նոյեմբեր 4ի երեկոյեան ՀՈՐԻԶՈՆ հեռուստատեսութեան հաղորդումներուն ընթացքին: Հաղորդումը մեզի նոր յոյս եւ հաւատք ներշնչեց մեր նոր սերունդին հանդէպ:
Արդարեւ, այդ երեկոյեան ծրագրին վրայ կար հայու հոգին լիցքաւորող երեւոյթ մը: 2005ին, մեր ազգայիններէն՝ պրն. Յովան Թաշճեան, նուազագոյն քսան երիտասարդներու գլուխն անցած, զանոնք տարած էր Արեւմտեան Հայաստան եւ կ՛այցելէր մեր նշանաւոր, հոգ չէ թէ «աւերակ», վանքերն ու եկեղեցիները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ, երիտասարդները երկիւղածութեամբ շարականներ կ՛երգէին եւ մոմեր կը վառէին քանդուած խորաններուն առջեւ: Սոյն հաղորդումը կրկնութիւնն էր նախկին հաղորդման մը:
Եւ ես շատ ուրախ եղայ, որ ան կրկնուեցաւ:
Դաստիարակչական ուղեւորութիւնը սկսաւ Կարս քաղաքէն: Ապա մեր ուխտաւորները անցան Կարին ուր եւս, քաղաքին կողքին, այցելեցին կարգ մը եկեղեցիներ, միշտ իրենց առաջնորդին բացատրութիւններուն մտիկ ընելով: Ապա, Վան, ուր այցելեցին պատմական եւ նշանաւոր Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, որ կը յիշուի բազմաթիւ հայ ժողովրդական երգերու մէջ:
Ի վերջոյ կը հասնին Անի, եւ ուղղակի տաճար: Կը կատարեն նոյն արարողութիւնները եւ շարականներու նոյն երգեցողութիւնը: Անի, ուր երիտասարդները շարունակեցին իրենց պտոյտը եւ այցելեցին կարգ մը այլ եկեղեցիներ եւս, որոնք մաս կը կազմէին Անիի «հազար ու մէկ» մեծ ու փոքր եկեղեցիներու համալիրին: Միւսները չտեսանք. որովհետեւ գոյութիւն չունէին այլեւս: Երիտասարդները մեծ մասամբ լուսանկարող եւ ֆիլմ արձանագրող մեքենաներ ունէին եւ զանոնք ամէն քայլի կը գործածէին, վստահ եմ՝ իրենց ծնողներն ու ընտանիքի միւս անդամները եւս մասնակից ընելու համար իրենց այս բացառիկ ուղեւորութեան:
Իւրաքանչիւր քաղաքի փողոցներուն մէջ, մեծ թիւով թուրք եւ քիւրտ լաճեր կը հետեւէին մեր ուխտաւորներու խումբին, մեծ հետաքրքրութեամբ: Հիմա շատեր պիտի ըսեն. «կ՛արժէ՞ արդեօք այդքան յոգնիլ՝ քանի մը աւերակ տեսնելու համար»: Ի հարկէ, ԱՅՈ: Աւերակները կը մնան միակ երաշխիքը փաստելու, թէ մենք՝ հայերս ընդոծին ժողովուրդ ենք, եւ ոչ եկուոր՝ թուրքին պէս: Անոր համար, պէտք է գուրգուրանք այդ աւերակներուն վրայ, պէտք է յաճախ այցելենք անոնց, տեսնելու համար թէ անոնցմէ քանի՞ն փճացուած է միջոցին, եւ այդ իրականութիւնը մեր մօտ արձանագրենք: Ապագային կրնանք պէտք ունենալ անոր, բաղդատութեան համար:
Այս վախը աւելի արմատաւորուեցաւ մէջս, երբ Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբերի «Ասպարէզ»ը մեզի կը փոխանցէր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի մտահոգութիւնը, թէ «երկրաշարժը Թուրքիոյ համար առիթ է հայկական յուշարձանները քանդելու»: Անշուշտ՝ ներառեալ եկեղեցիներն ու վանքերը, սրբել տանելով մեր միակ յոյսը փաստելու մեր ընդոծին ըլլալու իրականութիւնը: Եւ մեր հայրենի աշխարհը չի տառապիր աւերակներու պակասէն: Յիշատակը դեռ թարմ է մեր մտքերուն մէջ: Այս վերջին ամսուան ընթացքին միայն՝ երկու երկրաշարժ պատահեցաւ Վանի մէջ: Այնպէս կ՛երեւի, թէ բնութիւնը եւս մեր դէմ կ՛աշխատի:
Այս ուղղութեամբ, Յակոբ Օշական, իր «Մնացորդաց» վէպին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Փլատակներ, շատ բազմազան, արդի քաղաքէն քանի մը ժամ հեռուները մինչեւ տարածուող, հաւանաբար ազնուականներու ապարանքներ, որոնք տասը-քսան դար առաջ այս հրաշալի լեռնաթափին փռուեցան իբր հեթանոս գեղեցկութիւն, առատութիւն եւ տարփանք, այսօր մացառներով եղաւոր, եղիճներու սղոցակուռ բանակով անմատոյց իրենց մեծ կողմերէն, խորշիկ մը տրամադրած են Մոնկոլիայէն կարծես նոր ժամանած թաթարին, որ քանի մը մորթ կը տարածէ թերեւս այն դահլիճի յատակին, ուր թագուհիներու ոսկի պատմուճանները շողացին: (Սոյն մասը կը քաղեմ «Մնացորդաց»ի Գ. հատորի Գ. գիրքի էջ 18ի 22րդ տողէն: Այս մասին խորագիրն է «ԱՐԻՒՆԻ ՃԱՄԲՈՎ», որ կը բացայայտէ թէ թուրքին արարքներուն մղիչ ազդակը ոչ քաղաքական պայմաններն են, ոչ ալ հայերու «այսպէս կոչուած» դաւաճանութիիւնն է Օսմանեան պետութեան դէմ: Ան կու գայ շատ խորերէն, ԱՐԻՒՆԻ ՃԱՄԲՈՎ, տեղ մը ուր չենք փնտռեր զայն:»)
Այլ մէջբերում մը եւս նոյն հատորէն. «ազգային հնութիւններ իւրացնելու թուրքին այս մարմաջը կուգայ ԻՐ այն խոր համոզումէն եւ գիտակցութենէն, որ ինք է եկուոր ժողովուրդը, ոչ թէ հայերը:» Հարց կու տամ ես ինծի. «արդեօ՞ք եթէ լաւ ճանչնայինք թուրքը, եւ մենք զմեզ, մեր ճակատագիրը տարբեր կ՛ըլլա՞ր:» Բայց քիչ մը ուշ է հռետորական հարցումներու համար: Չէ՞ք կարծեր:
Ուրեմն, ամէն պարագայի, անմիջապէս պէտք է սկսինք մեր աւերակները հաւաքելու կարեւոր աշխատանքին եւ թոյլ չտանք որ թուրքը զանոնք նորոգէ ըստ իր կամքին եւ ճաշակին, եւ մեր եկեղեցիները վերածէ թանգարանի, մզկիթի, մինչեւ իսկ՝ ախոռի: Իսկ, այս պահուն ես ջերմօրէն կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ երկար եւ առողջ կեանք տայ յուշարձանագէտ յարգելի Սամուէլ Կարապետեանին. որովհետեւ այսօր, առաւել քան երբեք, մեր աւերակները պէտք ունին իր հմտութեան եւ պաշտպանութեան:
Եւ շատ ճիշդ է, որ բոլոր մեր երիտասարդները այցելեն Արեւմտեան Հայաստան, իրենց աչքերով տեսնելու կատարուած քանդումները, որովհետեւ յետ այսու իրենք է որ տէր պիտի կանգնին մեր Դատին եւ զայն պաշտպանեն իրենց նոր գիտելիքներով՝ նոր
խանդավառութեամբ: Աւելին. պէտք չէ որ մեծ անջրպետ մը բաժնէ ներկայ սերունդը ապագայ սերունդէն: Նորը պէտք է ըլլայ հինին ձգտումներուն շարունակութիւնն ու ջահակիրը: Այլապէս, մեր ներկայ աշխարհին պայմանները եւ համաշխարհայնացումը մեծ հարուած կրնան հասցնել թէ՛ մեր եւ թէ՛ մեր դատի գոյութեան:
Եւ ես խորապէս կը հաւատամ որ յանցագործները, ուշ կամ կանուխ, իրենց արժանի պատիժը պիտի կրեն ամէն տեղ, ամէն ատեն:












Յարգելի Րիդա Որբերեան,
Կը բաժնեմ ձեր տեսակէտը, այն վստահութեամբ որ մեր երիտասարդութիւնը ջահը արդէն ստանձնած է վառ պահելու յիշատակը եւ հետեւելու Հայոց Արդար Դատը:
Alice atamian