ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՉԱՐԼԻ ՔԷՅԵԱՆ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻԻՆ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ


Այս Հողաշերտին Վրայ Աւելի Արդիական Շէնքով Դպրոց Մը Ունենալ

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր աշխատակից՝ Սարգիս Փանոսեանը հարցազրոյցը  Ֆրեզնոյի  Չարլի  Քէյեան  Համագաղութային  դպրոցի  տնօրէնուհի՝  օրդ.

Զարուհի  Տէր  Մկրտիչեանի  եւ  հոգաբարձութեան  ատենապետ՝  տոքթ. Վաչէ Վասիլեանի հետ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ֆրեզնոյի մէջ հայկական դպրոց հիմնելու գաղափարը որո՞նց երազն էր. ե՞րբ եւ ո՞ւր սկսաք, քանի՞ աշակերտներով եւ դասարաններով, որո՞նք եղան

առաջին հոգաբարձութեան  անդամները, տարիներու ընթացքին, դպրոցը ո՞ր շրջաններուն մէջ կը փոխադրուի եւ որո՞նք կը վարեն տնօրէնի պաշտօնը:

ԶԱՐՈՒՀԻ ՏԷՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Ֆրեզնոյի մէջ, հայկական դպրոց հիմնելու տարիներու երազը  կ՛իրագործուի Տէր Գուրգէն քահանայ Եարալեանի եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ

հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Ճոն Թովմասեանի ջանքերով, 12 Սեպտեմբեր, 1977ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ  դպրոցի  դասարաններուն  մէջ,  24

աշակերտներով, մանկապարտէզէն երրորդ դասարան: Դպրոցին  առաջին  հոգաբարձութեան կազմը, հետեւեալ ազնուասիրտ տիկիններն ու պարոններն էին՝ տոքթ. Արա Աւագեան,

Մարիան Պաղտասարեան, Ռիչըր Տարմատեան, Ճօ Տիշեան, Ճորճ Քիլէճեան, Անն Գէորգեան եւ Սարգիս Սահաթճեան:

Դպրոցը, տարիներու ընթացքին  զանազան  վայրերու մէջ  գործած է. 1980ին, Ս. Երրորդութիւն  եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցէն փոխադրուած է Fresno  եւ Weldon փողոցին

վրայ, ապա Ս. Թերէզ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարան եւ  հուսկ, 2006ին, Չարլի Քէյեան բարերարին նիւթական օժանդակութեամբ, դպրոցը կը հաստատուի Գլովիսի մէջ, 108 N.

Villa Avenue, իր սեփական հողին վրայ, ուր ներկայիս կը գործէ:

1977-2011 տարիներու ընթացքին, դպրոցին տնօրէնի պաշտօնը վարած են, Յակոբ Թերճիմանեան, Ասատուր Ասատուրեան, Սէթ Ադամեան, Ռոզի Պետրոսեան, Սոֆի

Մխիթարեան եւ ներկայիս՝ Զարուհի Տէր Մկրտիչեան:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Այսօր,  2011 – 2012  տարեշրջանի  սեմին, Ֆրեզնոյի  հայ համայնքը, կը պահէ՞ եւ ունի՞ դպրոցի անցեալի հիմնադիրներուն  եւ ժողովուրդին երազն ու

նախանձախնդրութիւնը հայկական դպրոցին հանդէպ:

ԶԱՐՈՒՀԻ ՏԷՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Ամերիկայի առաջին հայ գաղթականները, հայկական դպրոցի նկատմամբ հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերած, գոհացած են Կիրակօրեայ եւ

Շաբաթօրեայ դպրոցներով, նոյնն է պարագան նաեւ Ֆրեզնոյի, որ հին գաղութներէն մէկը կը հանդիսանայ: Դպրոցի  հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու սէրը կր սկսի 1965 թուականէն

ետք, երբ Լոս Անճելոսի մէջ կը բացուի հայկական առաջին ամէնօրեայ  վարժարանը,  քաղաքական պատճառներով, երբ Միջին Արեւելքէն հազարաւոր ընտանիքներ դէպի Ամերիկա

կը գաղթեն, հայկական  դպրոցներու նկատմամբ, սէրն ու գուրգուրանքը կ՛աճի եւ ամենուրեք դպրոցներ կը բացուին եւ Ֆրեզնոյի հայկական գաղութը, Լոս Անճելոսի դպրոցի

բացումէն 12  տարի ետք, 1977 ին, կը ձեռնարկէ բանալ հայկական ամէնօրեայ վարժարան, եւ անվարան կրնանք հաստատել, թէ գաղութս ունի եւ կը պահէ անցեալի

հիմնադիրներուն ոգին ու ապագայի  տեսլականը եւ  հակառակ նիւթական դժուարութիւններուն, տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութեան կազմը, դպրոցին շուրջ բոլորուած

յանձնախումբերն ու բարեկամները պատրաստ են թիկունք կանգնելու հայկական այս օճախին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- 2011-2012 տարեշրջանին, տնօրէնութեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան առջեւ, ի՞նչ մարտահրաւէրներ կանգնած են եւ զանոնք դիմագրաւելու համար,

ի՞նչ միջոցառումներու կը դիմէք:

ՏՈՔԹ. ՎԱՉԷ ՎԱՍԻԼԵԱՆ.- Մարտահրաւէրները շատ են, գաղտնիք մը չէ, եթէ ըսենք, գլխաւորը՝ նիւթական դժուարութիւնն է:

Տնօրէնութիւն եւ հոգաբարձութիւն լօզունգ մը որդեգրեցինք «Նիւթական պատճառով, ոչ մէկ հայ աշակերտ դպրոցէն դուրս ձգել», չնայած այս մէկը բաւականին դժուար պիտի

ըլլայ դիմագրաւել, բայց  եւ այնպէս, վարժարանիս հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց  եւ Ծնողաց յանձնախումբերը ժրաջան աշխատանքի պիտի լծուինք, կազմակերպելով զանազան

հասութաբեր ձեռնարկներ:

Հոս կ՛ուզենք յիշել, թէ այս տարի, դպրոցը Լինսի Հիմնադրամի փակումով հիմնական եկամուտէ մը զրկուեցաւ: Լինսին ամէն տարի 100-110 հազար տոլարով կ՛օժանդակէր մեր

դպրոցին, որ մեր պիւտճէին 15-20 առ հարիւրը կը կազմէր:

Երկրորդ  դժուարութիւնը, որ մեր դիմաց կանգնած է, հայ աշակերտի թիւի պակասն է: Մենք ներկայիս ունինք շուրջ 100 աշակերտ: Մեր  դպրոցը  կը գտնուի Քլովիս շրջանին մէջ,

ուր  կը գործէ Քալիֆորնիոյ  նահանգին լաւագոյն դպրոցական ցանցը եւ այս շրջանին մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն ամերիկեան այդ

լաւ դպրոցները, որոնք բոլորովին ձրի են: Շատ դժուար է ծնողները համոզել, որ զաւակները հայկական վարժարան բերեն:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Տնտեսական ներկայ ճգնաժամը, կրնա՞յ սպառնալ հայկական վարժարաններու գոյութեան, ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւել այս

անկիւնադարձային հանգրուանը. կը խօսուի նաեւ «Չարթըր» դպրոցներու մասին, այս ուղղութեամբ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

ՏՈՔԹ. ՎԱՉԷ ՎԱՍԻԼԵԱՆ.- Տնտեսական ներկայ կացութիւնը, որ կը տիրէ ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, շատ բնական է, որ իր վատ ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ հայկական

դպրոցներու վրայ:  Լինսի հիմնադրամի փակումով, արդէն նիւթական բաց մը պիտի ստեղծուի, եւ եթէ այս վիճակը շարունակուի, բնական երեւոյթ է, որ ոչ միայն պիտի սպառնայ

հայկական  վարժարաններուն միայն, այլ նաեւ ամերիկեան դպրոցներուն եւ տնտեսութեան:

Որպէսզի Հայկական վարժարանները կանգուն մնան Ամերիկայի տարածքին եւ Ֆրեզնոյի մէջ, կոչ կ՛ուղղենք հայկական գաղութներու մեր սիրելի եւ յարգելի քոյրերուն եւ

եղբայրներուն, ի մասնաւորի Ֆրեզնոյի  մեր  գաղութի  զաւակներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնելու «Հայոց Ազգին Զաւակներուն», որպէսզի անոնք հայօրէն ապրին

ու գործեն, այս օտար ափերուն վրայ:

Հայ Ժողովուրդը գիտէ եւ  յոյսով ենք, որ պիտի շրջանցէ նաեւ այս անկիւնադարձային  հանգրուանը, վկայ՝ մեր պատմութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի «Չարթըր» դպրոցներուն, բոլոր յարգանքս անոնց պատասխանատուներուն, մենք հեռու պէտք  է մնանք «Չարթըր»էն, ան գահավիժումին սկիզբն է, եւ մեր վերջին

միջոցն ու ապաւէնը:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ հայկական վարժարաններու առաքելութիւնը, ներկայիս գործածուած

դասագiրքերը կը գոհացնե՞ն նոր  սերունդին պահանջները:

ԶԱՐՈՒՀԻ ՏԷՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Հայկական վարժարաններու առաքելութիւնը շատ յստակ է, Միջին  Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկա եւ այլուր, Հայեցի դաստիարակութիւն տալ,

զինուած հայ մշակոյթով եւ պատմութեամբ, սակայն երկրէ երկիր մատուցման ձեւը կը տարբերի, որ զուգահեռաբար պէտք է ընթանայ երկրի դասաւանդման ձեւին եւ պայմաններուն,

դասագրքերն ալ պէտք է պատրաստուած ըլլան երկրին դասաւանդած պայմաններուն համաձայն:

Մեր դպրոցին մէջ անգլերէն լեզուով դասաւանդուած բոլոր նիւթերուն որպէս աղբիւր, կ՛առնենք ամերիկեան կրթական համակարգի չափա-

նիշերը եւ  դասագրքերը, իսկ գալով հայերէն նիւթերուն, դարձեալ կը հետեւինք Ամերիկայի հայ վարժարաններուն մէջ որդեգրուած  դասաւանդուած գիրքերու չափանիշերուն, միշտ

նախանձախնդիր ըլլալով եւ նպատակ ունենալով աւելի բարելաւելու եւ ջանք չենք խնայեր նաեւ մեր բոլոր ուսուցիչները եւ աշխատակազմը պահել Ամերիկայի ուսուցիչներու եւ

դաստիարակներու չափանիշերուն համահաւասար:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Իբրեւ 2011-2012 տարեշրջանի նոր պաշտօնի կոչուած տնօրէնուհի, որո՞նք են Ձեր անմիջական եւ ապագայի գործադրելի ծրագիրները:

ԶԱՐՈՒՀԻ ՏԷՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Փափաքս է, որ մեր դպրոցը ըլլայ Արեւմտեան  վարժարաններու  եւ  տպրոցներու մարմինին (WASC,   Western Association of Schools  and

Colleges) մէջ, ինչու չէ, բոլոր  ուսուցիչները  ըլլան Accredited ( վարկաւորեալ):

Այս տարեշրջանի գարնան, պիտի այցելենք  (Accreditation Team-ը եւ միատեղ պիտի սկսինք աշխատիլ իրենց հետ, այս ծրագիրը յաջողցնելու համար. երբ մեր բոլոր

աշխատակազմն ու ուսուցիչները Accredited  ըլլան, մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ վարկերու դիմելը:

Ապագայի ծրագիրներէն է, այս հողաշերտին վրայ  աւելի  արդիական շէնքով դպրոց մը ունենալ: Վստահ, այս ձեւով լիուլի կատարած պիտի  ըլլանք մեր հիմնադիր հայրերուն

երազը:

Leave a Reply