ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԳՌՈՒԶԵԱՆ-ԶԱՔԱՐԵԱՆ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ


«Հայ Լեզուի Առաջին Ու Մնայուն Դպրոցը Հայ Ընտանիքն Է»

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Կրէյս Անտոնեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Երկրորդական ուսումը ստացած է Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ապա իր համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս

(AUB) ուրկէ աւարտած է պսակաւոր գիտութեանց տիտղոսով (BS)  քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ (Chemistry):

Ուսանողութեան շրջանին որպէս մարզիկ, Կ. Անտոնեան խաղացած է պասքեթպոլ եւ փինկ-փոնկ՝  Ճեմարանի եւ ՀՄԸՄի կազմերէն: Ան, փինկ-փոնկի մրցումներուն, 1983ին եւ 1984ին եղած է լիբանանի ախոեան, իսկ լիբանանի ազգային խումբին հետ 1983ին մասնակցած է փինկ-փոնկի աշխարհի ախոյանութեան մրցումներուն, Թոքիոյի մէջ: Ան շրջան մը նաեւ ունեցած է երաժշտական հետաքրքրութիւններ: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառաւ, 1986ի Յուլիսին կը փոխադրուի Ամերիկա:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչը՞ ձեզ մղած է ուսուցչական ասպարէզին հետեւելու եւ ո՞ր դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարած էք:

ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Համալսարան յաճախած տարիներուս, առիթը ստեղծուեցաւ, որ ճեմարանէն ներս 9րդ դասարանին գիտութիւն դասաւանդեմ. այդ եղաւ առաջին փորձառութիւնս: 1986ի ամրան, երբ Լոս Անճելըս կ՛այցելէի, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Վիգէն Յովսէփեանին հետ հանդիպում մը ունեցայ. այդ առիթով ինծի առաջարկուեցաւ հայերէն, գիտութիւն եւ մարզանք դասաւանդել «Մեսրոպեան»էն ներս: Ընդունելով առաջարկը, ծառայեցի 6 տարիներ՝ դասաւանդելով 3րդէն մինչեւ 11րդ դասարաններուն՝ հայերէն լեզու, գիտութիւն, քիմիագիտութիւն եւ թուաբանութիւն: 1991ին հանդիպելով Մուշեղ Անտոնեանին ու Յուլիս 1992ին ամուսնանալով՝ փոխադրուեցայ Սան Ֆրանսիսքօ: 1992էն մինչեւ 1994 դասաւանդեցի ԳԶՎ Ազգային վարժարանին մէջ իբրեւ գիտութեան եւ թուաբանութեան ուսուցչուհի: 1998ի վերամուտին դարձեալ միացայ ԳԶՎի ուսուցչական կազմին մինչեւ 2006 թուականը:  2009ի վերամուտին, ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը զիս նշանակեց տնօրէն ԳԶՎ Ազգային վարժարանին:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Որպէս ԳԶՎ վարժարանի տնօրէնուհի, կրնա՞ք վարժարանին 30 տարուան անցեալին մասին հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ տալ:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- ԳԶՎ Ազգային վարժարանը հիւսիսային քալիֆորնիոյ հայկական միակ դպրոցն է՝ հիմնուած 1980ին, հայ համայնքի աշխոյժ անդամներու օժանդակութեամբ եւ մաս կը կազմէ քալիֆորնիոյ այն դպրոցներուն, որոնք Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ կը գտնուին: Բարերարներ Գրիգոր Գռուզեան եւ Քարլ Զաքարեան հիմը դրին դպրոցի նախակրթարանի բաժինին, հետագային հիմնուեցաւ «Վասպուրական» միջնակարգը, բարերար Հրաչ Դարբինեանի նուիրատուութեամբ: Հոս հարկ է նշել, որ այս անուններու կողքին բազմաթիւ անհատներ, իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումը ունեցած են, եւ կը շարունակեն ունենալ անցնող 31 տարիներուն ընթացքին: ԳԶՎն 1980ի Սեպտեմբերին, իր դռները կը բանայ 34 աշակերտներով, սակայն տարիներու ընթացքին, բարձրագոյն դասարաններու յաւելումով, աշակերտներուն թիւը կը բարձրանայ: ԳԶՎին ուսումնական ծրագիրը երկլեզու է: Նախամանկապարտէզի ու մանկապարտէզի հայերէն լեզուին վրայ աւելի կեդրոնացում կայ: Իսկ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժինները  կը հետեւին Քալիֆորնիա նահանգի կրթական ծրագիրին: Հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դասընթացքներու կողքին, կը դասաւանդուին անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն, թուաբանութիւն, գիտութիւն, ընկերային գիտութիւն, ձեռարուեստ, համակարգիչի գիտութիւն եւ մարզանք: Վարժարանս նաեւ վարկաւորուած է «Western association of schools and colleges-ի (WASC) կողմէ մինչեւ 2015 թուական:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ է հայերէն լեզուի մակարդակը մեր ազգային վարժարաններէն ներս. ոմանք կ՛ըսէն թէ միջինէն վար է: Նաեւ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՞նչ վիճակի են հայ մշակոյթի, երգ ու պարի, հայոց պատմութեան ու կրօնի դասընթացքները:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Սփիւռքի օտարացնող պայմաններուն մէջ, մեծ զոհողութեամբ ու համբերութեամբ կը

շարունակենք պահել մեր մշակոյթն ու լեզուն: Հայ լեզուի ու գրականութեան դասատուները ջանք չեն խնայեր իրենց լաւագոյնը փոխանցելու մեր աշակերտներուն, սակայն անոնք կը պայքարին աւելի զօրաւոր համաամերիկեան հոսանքի մը դէմ, որուն առաջքը առնելը դժուար է: Կրօնքի դասընթացքները յանձն առած է մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը. ան ամէն Երեքշաբթի կ՛այցելէ մեր դպրոցի բոլոր դասարանները, նորահաս սերունդին ջամբելու հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ մեր աշակերտները մաս կը կազմեն «Արազ» պարախումբին եւ պարուսոյց Անի Այանեանի ջանքերով, անոնք կը սորվին մեր գեղեցիկ հայկական պարերը: Գալով ձեր այն հարցումին, թէ «Ի՞նչ է հայերէն լեզուի մակարդակը մեր Ազգային վարժարաններէն ներս», այո, անկասկած թէ հայերէն լեզուի մակարդակը, գոնէ մեր վարժարանէն ներս, միջինէն վար է, բաղդատած լիբանանի մէջ գտնուող նոյն կարգի աշակերտներուն հետ:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչպէս գիտէք, մեր աշակերտներու ծնողներէն շատեր ծանր պարտաւորութիւններու տակ կը մտնեն, իրենց զաւակները հայկական դպրոց ուղարկելու համար. որպէսզի՝ հայերէն գրել, կարդալ ու խօսիլ սորուին ու հայկական մթնոլորտի մէջ մեծնան, աշակերտութեան սորված հայերէնը կ՛արդարացնէ՞ ծնողներուն ստանձնած պարտաւորութիւնը:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Առաջին հերթին, ԳԶՎ Ազգային վարժարանին մէջ աշակերտը կը ստանայ Քալիֆորնիոյ պետական ծրագիրի համապատասխան բարձրորակ ուսում, ապահով ու տաքուկ միջավայրի մը մէջ: Մեր աշակերտները երբ կ՛աւարտեն ԳԶՎ վարժարանը,  կ՛ընդունուին իրենց նախընտրած անձնական թէ հանրային երկրորդական վարժարանները եւ բարձր նիշեր կը ստանան. այս մէկը ցոյց կու տայ մեր վարժարանի բարձր մակարդակը: Այս բոլորին կողքին, նաեւ աշակերտը կը սորվի երկրորդ լեզու՝ իր մայրենի լեզուն, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութիւն, մշակոյթ եւ աւանդութիւններ: Ճիշդ չէ ըսել որ մեր ծնողները միայն հայերէնի համար է որ իրենց զաւակները կը ղրկեն մեր վարժարանը: Այդ պարտաւորութիւնները շատ ջնջին են այս բոլորին դիմաց. մեր դրացի վարժարանին կրթաթոշակին գումարը մերինին 2.5 անգամն է:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Դպրոցէն ներս ի՞նչ է խօսակցական լեզուն. հայերէ՞ն, թէ անգլերէն, օրինակ տնօրէն եւ աշակերտութիւն, հայ ուսուցիչներ ու աշակերտութիւն, աշակերտութեան զբօսանքային լեզուն. կրնա՞ք լուսաբանութիւններ տալ այս մասին: Որոշ ծնողներ կը գանգատին, ներառեալ՝ ես:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Ընդհանրապէս աշակերտները իրարու հետ անգլերէն կը խօսին, նոյնիսկ եթէ աշակերտը եկած է Հայաստանէն: Անոնք շուտով իւրացուցած են անգլերէնը եւ զբօսանքի պահուն ալ անգլերէն կը խօսին իրարու հետ: Անշուշտ, մեր հայ ուսուցիչները, մի՛շտ հայերէն կը խօսին աշակերտներուն հետ, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք: Ես ալ իմ կարգիս, աշակերտներուն հետ հայերէն կը խօսիմ. կասկած չունիմ որ այս դրութիւնը ժամանակաւոր է: Հիմա մեր աշակերտները յարգը չեն գիտեր հայերէն լեզուին, որովհետեւ, ես շատ լսած եմ մեր շրջանաւարտ աշակերտներէն, թէ երբ օտար վարժարաններ յաճախեն, ու հոն յանկարծ հայ ընկերոջ մը հանդիպին, ամիջապէս հայերէն կը խօսին: Այն ատեն իրենք կ՛անդրադառնան, թէ ինչ լաւ է որ իրենք հայերէն գիտեն ու իրարու հետ հայերէնով կրնան զրուցել:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- ԳԶՎի աշակերտութեան թիւը շրջան մը եղած է 170ի շուրջ: Որպէս ԳԶՎին մօտէն հետեւող մեծ հայր մը, գիտեմ թէ վերջին տասնամեակին աշակերտութեան թիւը 100ի շուրջ է: Ի՞նչ լուսաբանութիւն կրնաք տալ այս մասին:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- 1990ական թուականներէն սկսեալ, դպրոցի աշակերտութեան թիւը հասաւ մինչեւ 198ի, Սումգայիթի ջարդերուն հետեւանքով, շատ մը հայ ընտանիքներ Պաքուէն փոխադրուեցան Սան Ֆրանսիսքօ: Այդ շրջանին դպրոցի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը սիրայօժար ընդունեցին այս ընտանիքներուն զաւակները, որոնք մեծ մասամբ հայերէն անգամ չէին գիտեր: Սակայն 2000 թուականէն սկսեալ, աշակերտութեան թիւը սկսաւ նուազում արձանագրելու մինչեւ 2008, երբ Ամերիկայի տնտեսական վիճակը անորոշ դարձաւ: Արդէն իսկ կարգ մը ընտանիքներ գործի բերումով տեղափոխուեցան Լոս Անճելըս կամ այլուր: Վերջին 3 տարիներուն աշակերտութեան թիւը կը մնայ 110ի շուրջ. այժմ ունինք 107 աշակերտ, եւ ունինք 5 փոքրիկներ, որոնք Յունուարին պիտի յաճախեն նախամանկապարտէզ: Այս ուղղութեամբ, դպրոցի ուսումնական խորհուրդն ու տնօրէնութիւնը ամէն ջանք կը թափէ բազմացնելու աշակերտութեան թիւը:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Աշակերտութեան հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսելու պատասխանատուութեան քանի՞ տոկոսը կ՛ակնկալէք ծնողներէն՝ տունէն ներս:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Հայ լեզուի առաջին ու մնայուն դպրոցը հայ ընտանիքն է: Հոն է որ երեխան  կը սկսի իր առաջին բառերը ըսելու ու գործածել: Փոքր տարիքին երեխան շատ դիւրաւ կ՛ընկալէ եւ կ՛իւրացնէ այն, ինչ կը լսէ: Դպրոցն ալ անշուշտ իր դերը ունի հայերէնի դաստիարակման մէջ: Իմ կարծիքով, երկուքն ալ զիրար կ՛ամբողջացնեն: Աշակերտը դպրոցէն ներս կը լսէ, կը սորվի, կը փորձէ, իսկ տունէն ներս՝ ծնողքին հսկողութեան տակ, պիտի սերտէ, պիտի կրկնէ իր սորվածները, եւ ինչպէս բոլոր միւս նիւթերը, հայերէն լեզուի համար ալ նոյն չափ աշխատանք պէտք է տանի ծնողքը:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Որպէս ԳԶՎի պատասխանատուութիւնը ստանձնած տնօրէնուհի, ի՞նչ անմիջական ծրագիրներ ունիք դպրոցի աշակերտութեան թիւը բարձրացնելու, եւ ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք հայ գաղութէն ու շրջանին մէջ գործող մարմիններէն ու միութիւններէն:

Կ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Իմ ու ուսումնական խորհուրդին մեծագոյն մտահոգութիւնն է աշակերտութեան թիւը: Այս ուղղութեամբ, այս տարի ներկայ գտնուեցանք շրջանի բոլոր «Bazaar» տօնավաճառներուն, ու մեր թռուցիկներով եւ խօսակցութեամբ  ներկայացուցինք մեր վարժարանը: Նաեւ ծովածոցի մէջ գործող բոլոր մարմիններն ու միութիւնները հրաւիրեցինք ժողովի մը ու ներկայացուցինք մեր դպրոցի առաքելութիւնն ու ներկայ ֆինանսական վիճակը, ինչպէս նաեւ մեր ակնկալութիւնները: Մեզի համար գաղութին բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը շատ կարեւոր է, եւ մեծապէս կը գնահատենք ու մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են մեզի: Մեր աշակերտութեան 25 տոկոսը ֆինանսական մեծ դժուարութիւններու տակ է: Այս ուղղութեամբ, ուսումնական խորհուրդի նախաքայլով ստեղծուեցաւ «Fund a child» սաներու ֆոնտը: Արդէն իսկ 3 անհատներ որոշած են սան պահել, իսկ կազմակերպութիւններէն ՀՄԸՄը ստանձնեց աշակերտի մը կրթաթոշակը: Հարկ է յիշել, թէ շրջանի միութիւններն ալ աշխատանքի լծուած են, որ իրենք ալ սան պահեն: Իմ դուռս միշտ բաց է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին յաւելեալ տեղեկութիւններ իմանալ ծովածոցի միակ հայկական ամէնօրեայ դպրոցին առաքելութեան մասին:

Leave a Reply