2012ի Գուշակութիւնները
Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս աւելի քան քսան աստղագէտներու, բախտագուշակներու եւ աստղաբաններու 2012 տարուան վերաբերող բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ ետք, փորձեցինք մեկտեղել եւ համադրել այդ բոլորը ու մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:
Պէտք է ըսել, թէ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, որ 2012ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2011էն:
Շատեր կը պնդեն, թէ նոյնիսկ ոչ միայն անոր շարունակութիւնը պիտի նկատուի, այլեւ պիտի դառնայ անոր աւելի չարագործ տարբերակը:
Սակայն միւս կողմէ կան նաեւ որոշ թիւով բախտագուշակներ, որոնք վերեւը յիշուած ժխտական կէտերուն հակառակը կը հաստատեն:
Այսպէս, շատերու համաձայն մարդ արարածը ամէնօրեայ նոր գիւտերու շնորհիւ մեծ յառաջդիմութիւններ պիտի արձանագրէ: Ասոնք լաւատեսներն են:
Բայց յոռետեսներն ալ կը շարունակեն կրկնել, թէ մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ ալ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ:
Անոնք կը չարագուշակեն նաեւ ըսելով, թէ այս երկրագունդին «վերջը» հասած է եւ երրորդ աշխարհամարտ մը արդէն սկսելու վրայ է:
Նման ընթերցումներ անկասկած որ որոշակի վախի եւ սարսափի կը մատնեն համեստ ընթերցողը, որուն մտածելակերպէն կախում ունի նման յայտարարութիւններուն կամ գուշակութիւններուն հաւատք ընծայելը:
Այլ խօսքով, շատեր կը հաւատան, որ երկրագունդի բնակչութիւնը, կամ աշխարհ կոչուած այս առեղծուածը հետզհետէ աւելի խառնակ վիճակի պիտի մատնուի:
Բայց ինչ ալ ըլլան 2012 տարուան մասին յայտնաբերուած բազմատեսակ եւ յաճախ ալ հակասական կարծիքները եւ գուշակութիւնները, մեր կարգին մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ամէնէն բարին:
Այս տարուան յատուկ գուշակութիւններ.
- Աշխարհը պիտի շարունակէ ապրիլ նախորդ տարուընէ իրեն ժառանգ մնացած ընկերային եւ տնտեսական ծանր տագնապները:
- Գերիներու փոխանակումը պիտի շարունակուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ:
- Իսրայէլ ծանրօրէն պիտի շարունակէ ռմբակոծել հարաւային Լիբանանն ու մանաւանդ Իրանը:
- Միջին Արեւելքի «Խաղաղութեան ճամբու» քարտէսը պիտի չիրականանայ:
- Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական արարքները պիտի աւելնան:
- Լիբանանի մէջ առեւանգումի եւ ահաբեկումի փորձեր պիտի ըլլան՝ ուղղուած քաղաքական անձնաւորութիւններու:
- Մեծ երկիրներու կարգ մը «հսկայ» նկատուած օրաթերթեր պիտի դադրին լոյս տեսնելէ, տնտեսական եւ նորարարութեանց պատճառներով:
- Միացեալ Նահանգներ ճնշում պիտի բանեցնէ Լիբանանի վրայ՝ դիմադրութիւնը զինաթափ ընելու համար եւ նոյնիսկ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ պիտի որդեգրէ:
- Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտարշաւը սուր բնոյթ պիտի ստանայ: «Քայիտա» կրկին ահաբեկչական գործողութիւն մը պիտի իրականացնէ մեծ քաղաքի մը առեւտրական կեդրոնին մէջ, բեռնատարի մը միջոցով:
- Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներ մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի:
- Նախագահ Օպամա ծանր պատասխանատուութեան տակ պիտի դրուի:
- AIDS-ի յատուկ նոր դեղ մը պիտի յայտնաբերուի:
- Նոր գիւտեր պիտի յայտնաբերուին բժշկական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:
- Եւրոմիութիւնը տնտեսական հարցերով պիտի տառապի:
- Մեծ ու փոքր երկիրներու մէջ մեծ թիւով դրամատուներ պիտի սնանկանան, իսկ ուրիշներ իրարու միանալով պիտի զօրանան:
- Հանրայայտ երգիչ մը անձնասպան պիտի ըլլայ:
- Քարիւղի մեծ ընկերութիւններ տագնապի պիտի մատնուին:
- Ոսկիի գինը մեծ անկում պիտի կրէ:
- Քարիւղի գինը պիտի նուազի:
- FBI հիմնական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի:
- Բազմատեսակ կրօնական հարցեր պիտի տագնապեցնեն Եւրոպան եւ Միջին Արեւելքը:
- Տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու համար քանի մը մեծ ելեկտրոնային ընկերութիւններ պիտի միանան:
- Ապահովագրութեան ընկերութիւններէ ներս գայթակղութիւններ պիտի ծնին:
- Գայթակղութիւններ՝ նաեւ ամերիկեան Ծերակոյտի շարքերուն մէջ:
- New York Stock-ը մեծ վերիվայրումներ պիտի ունենայ:
- Յուլիսին Հոլիվուտի համբաւաւոր դերասաններէն մէկը պիտի մահանայ:
- Ամերիկա պիտի սարսափի ահաբեկիչներէ եւ անձնասպանական արարքներէ:
- Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներ կրկին պիտի ապրին ահաբեկչական մթնոլորտի մը մէջ:
- Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա եւ Ռուսիա ահաբեկիչներու թիրախը պիտի դառնան:
- Հիւսիսային Քորէա, Ռուսիա, Փաքիստան եւ Հնդկաստան մահացու երկրաշարժներ պիտի ունենան:
- Քաղաքական նորութիւններ պիտի տեսնուին Քուպայի երկնակամարին վրայ:
- Ռուսիա, Անգլիա, Փաքիստան եւ Հնդկաստան ներքին հարցեր պիտի ունենան:
- Համաշխարհային կարեւոր դաշնագիրներ պիտի ստորագրուին:
- Ճափոնական, Ֆրանսական եւ Ամերիկեան ինքնաշարժներու ընկերութիւններ պիտի միանան:
- Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն միջեւ կնքուած հիւլէական գաղտնի դաշանգիրը երեւան պիտի ելլէ:
- Ափրիկէի մէջ AIDS-էն մահացողներուն թիւը պիտի բազմապատկուի:
- Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ գործադուլները անպակաս պիտի ըլլան:
- Ասիոյ մէջ ամբարտակներ փուլ պիտի գան:
- Մալիզիա ներքին եւ վտանգաւոր խլրտումներ պիտի ապրի:
- Չինաստանի, Ֆիլիփինի եւ Թայլենտի մէջ ներքին խռովութիւնները անպակաս պիտի ըլլան:
- Ասիա եւ Մեքսիքա մեծ երկրաշարժներ պիտի ունենան:
- Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մեծ երկիրներու մէջ միջտնտեսական տագնապը պիտի շարունակուի երկար ամիսներ:
- Միացեալ Նահանգներ եւ Վենեզուելլա փոխյարաբերութեանց սուր տագնապ պիտի ունենան:
- Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնայ հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրներու իրագործման:
- Չինաստան, Միացեալ Նահանգներէն պիտի պահանջէ տոլարի փոխարէն Եուրոյով վճարուիլ:
- Պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ անձնասպանութիւնը պիտի դառնայ նորաձեւութիւն:
- Դեղեր պատրաստող մեծ ընկերութիւններ պիտի սնանկանան իրենց դէմ բացուող դատերուն պատճառով:
- Սուրիոյ մէջ քաղաքական անակնկալ մը պիտի գրաւէ աշխարհի ուշադրութիւնը:
- Իսլամ ծայրայեղականներ յարձակումներ պիտի ծրագրեն ամէն տեղ եւ ամէն առիթով:
- Իրան աշխարհի քարիւղի տագնապին ծնունդ պիտի տայ:
- Իսրայէլ պիտի կործանէ Իրանի հիւլէակայանները:
- Իսրայէլ միջկուսակցական պագնապմեր պիտի ապրի:
- Աշխարհը ուտելիքի պակասի լուրջ տագնապ մը պիտի ապրի:
- Եւրոպա աննախընթաց անձրեւներու, կարկուտի ու փոթորիկներու տարի մը պիտի ապրի:
- Չինաստան իր յստակ խօսքը պիտի ունենայ Եւրոպական հարցերուն մէջ:
- Կաթոլիկ եկեղեցին անգամ մը եւս մեծ ցնցումներու պիտի ենթարկուի:







