Մեր Ցաւը


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անցեալ օրերուն Թուրքիոյ իշխանաւորները երանութեան պահեր ապրեցան՝ շնորհիւ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին, որ հակասահմանադրական կը բնութագրէր Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:

Երանութեան նման մէկ պահու, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը մշակող ու վարող նախարարը՝ Ահմետ Տաւութօղլու, վստահաբար հանճարեղ գիւտ մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը դէմքին՝ յայտարարեց, թէ իրենք (թուրքերը) կ՛ուզեն կիսել ցաւը բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են զիրենք բաժնեկից դարձնելու այդ ցաւին: Այսինքն՝ կ՛ուզեն մեր ցաւը տանիլ, մեր ցաւը կիսել:

Տաւութօղլու, դժբախտաբար, գիտէ, որ իր այս յայտարարութեամբ աւելի իսկ կը մոլեգնէ մեր ցաւը, որուն վրայ կ՛աւելնայ ուրացողի կեղծիքի պատճառած ընդվզումն ու անոր անբարոյութեան յառաջացուցած զզուանքը:

«Անհրաժեշտ է հաղորդակցութեան ճամբաները բաց պահել՝ կիսելու համար պատմութիւնը (ցաւին)», կ՛աւելցնէ լկտի պաշտօնեան՝ զգուշացնելով, որ երրորդ կողմերու (այս պարագային, անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Ֆրանսայի) միջամտութիւնը միայն խանգարող ազդակ կը դառնայ, այլ ոչ՝ օգտակար:

Դարձեալ՝ պատմաբաններու յանձնաժողովի կազմութիւն, դարձեալ՝ եկէ՛ք սերտենք պատմութիւնը եւ յստակացնենք այն մութ տարիներուն պատահած չարաղէտ դէպքերը, որպէսզի դուք՝ հայերդ ալ իմանաք, թէ մենք՝ թուրքերս, որքա՛ն տառապած, որքա՛ն ջարդուած ու կոտորուած ենք (որո՞ւ ձեռքով, անշուշտ՝ հայերու): Այս է Տաւութօղլուի միտք բանին ,եւ այս միտքն է, որ թռիչք առնելու ամէն իրաւական հիմք ստացաւ՝ շնորհիւ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի քաղաքական որոշումին:

Տաւութօղլուի հետ մենք կիսելու բան չունինք: Ճանաչում, հատուցում ու հողերու վերադարձ: Այս բանաձեւը հաշտեցման ու խաղաղ գոյակցութեան տանող միակ ճանապարհը ցոյց կու տայ:

Leave a Reply