Անհաւատալի Թիւ


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը կ՛աւելնայ՝ կ՛աւետեն հայկական լրատուական գործակալութիւնները՝ մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան մատուցած տուեալները (լուրը կարդալ էջ 4):

Թուային պատկերով՝ ճի՛շդ է, պէտք է ուրախանալ, որ Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է անցեալ տարի. համեմատական իմաստով նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ աւելցած է նկատառելիօրէն:

Կարելի է նաեւ բաժնել լուրին ցնծալի տրամադրութիւնը՝ հաշուի առնելով, որ Արցախ այցելողներու այսպէս կոչուած աշխարհագրական քարտէսը ընդարձակուած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Արցախի հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը տարածուի նոր երկիրներու մէջ:

Այս բոլորը՝ լաւ, սակայն այցելողներու ընդհանուր թիւը՝ 11,362, ինքնին այնքան ալ պէտք չէ՛ ուրախացնէ մեզ: Մանաւանդ եթէ այս այցելողներուն թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ հայ զբօսաշրջիկները: Եթէ այս թիւին վրայ աւելցնենք թիւը Արցախ այցելող այն հայորդիներուն, որոնք կացութեան յատուկ կարգավիճակ ունենալով՝ կարիք չունին Արցախ մտնելու արտօնագիր ստանալու եւ հետեւաբար չեն հաշուառուիր իբրեւ զբօսաշրջիկներ, ապա ընդհակառակը՝ կարելի է ողբալ:

Եկէք նոյնիսկ բազմապատկենք անցեալ տարուան մրցանշային թիւը քսանով, անկախ Արցախի տարիքէն: Ուրեմն անցեալ քսան տարիներուն ընթացքին Արցախ այցելած են ամէնէն շատը 220,000 հայեր (չհաշուելով օտարները, չհաշուելով կրկնակի այցելութիւն կատարողները, որոնք մեր կարծիքով՝ նկատառելի պէտք է ըլլան, որովհետեւ մէկ անգամ Արցախ այցելողը չի կրնար երկրորդ ու երրորդ անգամ չայցելել):

Այս թիւը անհաւատալի կը թուի: Կա՛մ տուեալները շատ պակասաւոր են (երանի թէ այդպէս ըլլայ), կամ ալ սփիւռքահայերս մենք զմեզ պէտք չէ գովենք՝ իբրեւ Արցախի կողքին կանգնողներ:

Արցախը տնտեսապէս զօրացնող ամէնէն դիւրին ճանապարհներէն մէկը պէտք է ըլլայ այդ չքնաղ, այդ դրախտային հողակտորը այցելելով՝ նպաստել զբօսաշրջութեան զարգացման, ուրախանալ ու հոգեկան բաւարարութիւն ստանալ:

Թէ՛ Արցախի պետութեան եւ թէ՛ սփիւռքահայ քարոզչական միջոցներուն համար ահագին գործ կայ ընելիք այս ոլորտին մէջ՝ այս թիւը բազմապատկելու համար:

Leave a Reply