Հայ Տպագրութեան 500ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայ տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, յառաջիկայ Ապրիլ ամսուն Գերմանիոյ, Դանիոյ եւ Ամերիկայի մէջ պիտի կայանան հայ գիրքին ու գրատպութեան նուիրուած ցուցահանդէսներ։ 15 Ապրիլին Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Հալլէ քաղաքին մէջ պիտի բացուի «Տառարուեստ ու պատկերի հրաշք. հայ գրատպութեան 500ամեակ» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Պիտի ներկայացուին Գերմանիոյ մէջ գտնուող հնատիպ գիրքեր, որոնք ի պահ կը մնան Գերմանիոյ մշակութային ու գիտական զանազան հաստատութիւներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ցուցանմոյշներ Մատենադարանէն, Հայաստանի ազգային գրադարանէն, Ժողովրդական արուեստի թանգարանէն։
17 Ապրիլին, Գոփենհակընի թագաւորական գրադարանին մէջ պիտի բացուի «Հայաստան… գիրքի ճամբայ» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին թագաւորական գրադարանի հայատառ ու Հայաստանի մասին պատմող հնատիպ գիրքերը։ Ցուցադրութիւնը պիտի ամբողջանայ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոյով։ Ցուցահանդէսին պիտի յաջորդէ համերգային յայտագիր մը։ Իսկ 18 Ապրիլին, Ամերիկեան Քոնկրեսի գրադարանին մէջ պիտի բացուի «Իմանանք հայ գրականութեան աւանդութիւններուն իմաստն ու մանրամասնութիւնները» խորագրեալ ցուցահանդէսը։








