Քուէին Ուժը


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ժողովրդավարութեան «ամրաբերդ» նկատուող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կը թուի, թէ կարիք պէտք չէ զգացուի բացատրելու քուէի կարեւորութիւնը, անոր ուժն ու ազդեցութիւնը:

Տեղական, նահանգային թէ դաշնակցային մակարդակի վրայ, այս երկրի քաղաքացին ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական հարցերու վերաբերեալ քուէով իր դիրքորոշումը արտայայտելու հնարաւորութիւնը եւ իրաւունքն ունի: Այսուհանդերձ եւ հակառակ այն իրողութեան, որ այս հարցերէն շատերը անմիջապէս կ՛ազդեն քաղաքացիի կեանքի որակին, մի՛շտ, գրեթէ բոլո՛ր ընտրութեանց ընթացքին, մեծ թիւով մարդիկ կը ծուլանան, կամ ուղղակի անտարբերութեան տուրք տալով՝ կը զլանան իրենց քուէով մասնակցիլ ժողովրդավարական գործընթացին:

Կան ուրիշներ, որոնք անցեալի յուսախաբութիւններուն պատճառով կ՛որոշեն այլեւս չմասնակցիլ քուէարկութեանց:

Ամերիկահայութեան պարագային, թէ՛ մեր ազգային պատկանելութենէն եւ թէ մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւններէն մեկնելով՝ մենք չենք կրնար մեր քուէի ուժին հանդէպ թերահաւատ ըլլալ: Ընդհակառակը, մեր քուէն կազմակերպելու, կեդրոնացնելու խնդիր ունինք, եւ այդ խնդիրն է, զոր կը դիմագրաւէ Հայ Դատի յանձնախումբը, որուն անդամները այս տարի եւս ձեռնարկած են արշաւի մը՝ քուէարկութեան գործընթացէն ցարդ դուրս մնացած կամ քաղաքացիութիւն նոր ստացած մեր համայնքի զաւակները մղելու, որ արձանագրուին իբրեւ քուէարկողներ:

Օրէ օր կը բազմանան տարբեր մակարդակներու պաշտօններու յաւակնող հայ թեկնածուները, օրէ օր մեր ազգային հարցերը աւելի ու աւելի ուշադրութիւն կը պահանջեն՝ յատկապէս դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարներէն՝ քոնկրեսականներէն սկսեալ մինչեւ երկիրի նախագահը: Այս վերջինին հանդէպ մեր անցեալ տարիներու յուսախաբութիւնը մեզ առաւել եւս պէտք է խթանէ, որ մեր ուժը կուտակենք ու զայն ցոյց տալու մարտավարութիւնը մշակենք, մանաւանդ երբ պայքարը թէժ է ու մրցակիցներու յաջողութեան հաւանականութիւնը բաւական մօտիկ ըլլալու նշաններ կ՛երեւին:

Եթէ ցարդ չէք արձանագրուած իբրեւ քուէարկող եւ եթէ կարիքը կը զգաք որեւէ խորհուրդի կամ ուղղութեան, կրնա՛ք հեռաձայնել Հայ Դատի գրասենեակները: Շրջանիս կեդրոնական գրասենեակին հետ կրնաք կապուիլ՝ հեռաձայնելով (818) 500-1918 թիւին:

Leave a Reply