Սուրիական Տագնապի Սեւն Ու Ճերմակը


ԽԱՉԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Սուրիական տագնապը 13 Մարտին բոլորեց իր մէկ տարին. Ուստի յետադարձ ակնարկով գլխաւոր կէտերու մէջ ջանանք ամփոփել այդ դրական ու յուսադրիչ, ինչպէս նաեւ բացասական եւ յուսաբեկող գլխաւոր երեւոյթներն ու հանգամանքները:

Կը սկսինք դրական պարագաներով.

1.- Սուրիացիներու մեծամասնութեան կողմէ վախի ու ճնշուածութեան պատուարի յաղթահարում, տասնամեակներ շարունակ երկարող համակերպումի ու կրաւորական հոգեբանութեան թօթափում, ինքնավստահութեան եւ համարձակութեան վերականգնում, իրաւունքի յախուռն ու բարձրաձայն պաշտպանութիւն…, այն աստիճան, որ շարքային քաղաքացիներ առաջին անգամ ըլլալով զգացին թէ ազատ են եւ լիազօրուած սեփական իրաւունքները անվարան ու անարգել կերպով հետապնդելու, ուստի եւ կատարելապէս անոնց տիրանալու: Շատեր, սակայն, երկրի իշխանութեան հասցէագրուած իրենց փողոցավարի, վարկազրկիչ եւ երբեմն չափազանց անարգական մատնանշումներով ու քննադատութիւններով շրջանցեցին ազատութեան ընկալեալ ու ընդունելի բոլոր սահմանները, ստեղծելու համար սանձարձակութեամբ, անուղղայութեամբ, գռեհկաբանութեամբ, դատապարտելի բռնարարքներով եւ սպանութիւններով բնորոշուող քաոսային անհանդուրժելի մթնոլորտ մը: Անոնք բոլորովին մոռցան կարգ, կանոն ու պատշաճութիւններ, ոտնահարեցին ամէն արժէք ու սրբութիւն: Անոնց բառապաշարէն ու վերաբերումէն ընդմիշտ զանցուեցան քաղաքավարութիւն եւ նրբանկատութիւն եզրերն ու հասկացութիւնները: Այս բոլորը, յետագային, երկրէն ներս բնականոն կեանքի վերադարձէն ետք ու յատկապէս բարեփոխումներու լիարժէք կենսագործման առընթեր՝ պէտք է յղկել, ազնուացնել ու կանոնակարգել, ըստ այնմ քաղաքացիական օրինակելի հասարակութիւն ձեւաւորելու եւ քաղաքական բարեկիրթ մշակոյթ հունաւորելու համար:

2.- Տագնապը պատճառ դարձաւ, որ բարեկարգումները անհամեմատօրէն արագանան եւ կանխաճշդուած որոշակի ժամկէտներով ծրագիրներ իրագործելու առաջադրութեամբ շարժին: Ճիշդ է, որ բարեկարգումները խոստացուած ու մասամբ ալ սկսած էին տասնամեակներ առաջ, ապա նաեւ խրախուսիչ կշռոյթ ու յաւելեալ աշխուժութիւն զգեցած՝ վերջին տասնամեակին, սակայն այդ բարեփոխումները կանխատեսուած թափով չէին շարունակուած, ակնկալուած տարողութեամբ չէին արդիւնաւորուած, որովհետեւ պատասխանատուներ յաճախ ներքին թէ արտաքին կողմնակի խոչընդոտներ պատրուակելով խուսափած էին իրենց յանձնառութիւններէն կամ թերացած՝ սեփական պարտաւորութեանց մէջ: Իսկ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին, հակառակ բազում խոչընդոտներու եւ անբարենպաստ զարգացումներու, բարեկարգչական նախաձեռնութիւնները շատ աւելի արագ, արգասաւոր, յուսատու եւ հաստատաքայլ ընթացան, անուրանալի ոստումներ ու յաջողութիւններ արձանագրեցին:

Մինչդեռ, եթէ այդ բարեկարգումները տագնապը կանխող տարիներուն նոյն նախանձախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ կատարուէին, ստեղծուած իրավիճակի դարմանումը շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլար եւ շատ աւելի նուազ ճիգեր ու զոհողութիւններ պիտի ենթադրէր: Յիրաւի, վերջին միամեային գործադրուած ջանքերուն 50 տոկոսը բաւարար պիտի ըլլար երկրի ներքաղաքական կացութիւնը հիմնովին բարեշրջելու, քաղաքացիի պահանջքները բաւարարելու, անոր առօրեան յուզող հիմնախնդիրները ըստ արժանւոյն կարգաւորելու:

3.- Ճգնաժամը Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն աննախադէպ պատեհութիւն ընծայեց իրենց իսկական բարեկամները ճանչնալու, կեղծ դիմակները վար առնելու, իրենց նկատմամբ տարիներէ ի վեր նիւթուող դաւերն ու նախապատրաստուող սադրանքները յայտնաբերելու, մանաւանդ համոզուելու, որ քաղաքականութիւնը հրապարակային շողոմ յայտարարութիւններով, պատիր խոստումներով, բարի հարեւանութեան կարգախօսներով, անմիջական ու սահմանափակ շահեր հետապնդող ժամանակաւոր համաձայնութիւններով չի պայմանաւորուիր: Պետութեանց միջեւ բարեկամութիւններ առհասարակ կը մշակուին ու կը հաստատուին օգտապաշտ մօտեցումով, մեկնելով երկկողմանի հաւասարազօր շահերէ եւ ոչ թէ՝ հիմնուելով սկզբունքներու վրայ կամ տարուելով զգացումներէ: Ներկայ տագնապը կը պարտաւորեցնէ սուրիացիները հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը, այլ պետութիւններու հետ սեփական յարաբերութեանց կողմնացոյցը ուղղելով դէպի ճշմարիտ բարեկամութիւններ եւ մնայուն շահեր:

4.- Միամեայ տագնապը բացայայտեց շատ մը թերիներ հասարակական թէ իշխանական ճակատներու վրայ: Սխալներ եւ անբաւարարութիւններ, որոնք տարիներէ ի վեր կը յամենային, կը բարդանային ու ծածկուած կը մնային՝ լոյսի բերուեցան, բոլորին մօտ արմատաւորելով այն աներկբայ համոզումը, որ անյաջողութիւններ ու սայթաքումներ կարելի չէ շրջանցել, անոնց կործանարար հետեւանքներէն անհնար է խուսափիլ զանոնք թաքցնելով: Ընդհակառակը՝ անպատասխանատուութեամբ թոյլատրուած այդ վրիպումները, երկրի յառաջընթացը սանձահարող բացթողումները, չարաշահութիւնն ու կաշառակերութիւնը արմատականօրէն դարմանելու համար հարկ է զանոնք ուղղակիօրէն ճակտէն դիմագրաւել, անոնց հաշւոյն ճշգրիտ, հիմնաւոր եւ անաչառ ախտաճանաչումներ կատարել, ապա լուծման ազդու եւ արդիւնարար միջոցառումներու ձեռնարկել: Այդ թերիներն ու շեղ գործարքները իրենց մեծ մասով եւ ընդհանուր առմամբ թէեւ ծանօթ էին հասարակութեան, բայց խիզախօրէն ու բացայայտ կերպով չէին մատնանշուէր, անոնց մասին բարձրաձայն չէր խօսուէր, շատ մը լուրջ մտահոգութիւններ եւ եպերելի երեւոյթներ հրապարակաւ ու պաշտօնապէս չէին արծարծուէր, չէին դիտարկուէր:

5.- Տասներկուամսեայ տագնապը սուրիական ընկերութենէն ներս ստեղծեց աւանդաբար կրկնուածներէն եւ ի վերուստ արտօնեալներէն տարբեր տեսակէտ յայտնելու, բազմակարծութիւն ծաւալելու, ազատօրէն մտածելու եւ արտայատուելու, իշխանութիւնը հրապարակաւ քննադատելու առիթ եւ փորձառութիւն: Աւելին, երկրէն ներս բազմակողմանիութեան, փոքրամասնական իրաւունքներու, բազմամշակութային եւ բազմակուսակցական կեանքի հիմքերն ու նախադրեալները ամրագրեց, ընդհանրացուց: Իրողութիւն մը, որ հասարակութեան մօտ երկրէն ներս թէ դուրս զարգացող իրադարձութեանց ընկալման առումով գիտակցութիւն եւ հասունութիւն յառաջացուց: Եւ այդ՝ հակառակ վարձկան լրատուամիջոցներու կողմէ ապառողջ ու ապակողմնորոշող քարոզչութեան ծաւալումին, նաեւ հակառակ բազում անբարենպաստ հանգամանքներու եւ սահմանափակումներու առկայութեան:

Անշուշտ դրական եւ յուսադրիչ արդիւնքներու այս շարքը տակաւին կարելի է երկարել եւ նորանոր յաւելումներով հարստացնել: Սակայն այսքանն ալ բաւարար է արձանագրուած խրախուսական զարգացումները ուրուագծելու:

Այսպէս, միամեայ ճգնաժամը աւելի լուսաւոր վաղուան, աւելի քաղաքակիրթ եւ համախոհ հասարակութեան ձեւաւորման, աւելի ազատ եւ ժողովրդավար կարգերու հաստատման, այլ խօսքով՝ աւելի զարգացած, աւելի բարգաւաճ եւ աւելի հզօր հայրենիքի կերտման հնարաւորութեան մասին աւետեց:

Իսկ ինչ կը վերաբերի բացասական ու բարոյալքիչ պարագաներուն, ապա կ՛արձանագրենք հետեւեալները.-

1.- Անցեալ 12 ամիսներու ընթացքին բազմահազար քաղաքացիներու եւ զինուորականներու զոհուիլը կամ վիրաւորուիլը, սուրիացիներու ձեռքով իրենց հայրենակիցներու արեան հեղումը, ինչ որ այնքան համերաշխ ապրող, իրարու հանդէպ այնքան մօտ զգացող եւ հանդուրժողութիւն ցուցաբերող հայրենակիցներու միջեւ քէն, վրէժխնդրութիւն եւ թշնամութիւն սերմանեց, ատելավառ կիրքեր եւ հակակրանք բորբոքեց ու կը շարունակէ բորբոքել, մանաւանդ՝ համակեցութեան անկրկնելի օրինակ հանդիսացող Սուրիական չքնաղ հայրենիքի քաղաքացիները պառակտեց, իրարմէ հեռացուց եւ իրարու դէմ հանեց:

2.- Տասնամեակներ երկարող կայունութենէ եւ խաղաղութենէ ետք, անցեալ միամեայի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով սուրիացիք զգացին իրենց վայելած մեծ առաւելութեան՝ ապահովութեան կորուստը, երկրի անվտանգութեան սասանումը:

Այն անվտանգութեան, որ Սուրիան բնորոշող ու սուրիացիներուն հպարտութիւն առթող եզակի յատկանիշ կը նկատուէր: Տակաւին երկու տարի առաջ քաղաքացին առանց ապահովութեան գօտեկապը ամրացնելու ինքնաշարժ իսկ վարելու չէր յանդգներ, իսկ այսօր կացութիւնը բոլորովին փոխուած է, ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք օրինախախտումներու, ան-իշխանութիւնը համատարած երեւոյթի վերածուած է, ամէնուրէք տիրապետողը անտառի տրամաբանութիւնն է: Մինչեւ 2011ի Փետրուար ամիս, սուրիացին, առանց դոյզն երկիւղի, երկրի մէկ ծայրէն միւսը ազատ-համարձակ կը շրջագայէր: Ան քաղաքէ քաղաք թէ գիւղէ գիւղ ման կու գար առանց որեւէ կանխազգուշական միջոցառման:

3.- Կրօնական, համայնքային թէ յարանուանական տարբերութիւնները առաջին անգամ ըլլալով գլուխ ցցեցին, բացայայտօրէն հրապարակ նետուեցան եւ սուրիացիներու բաժանման ու օտարման նախանշանները ազդարարեցին: Հանգամանք մը, որուն մասին մտածելը կա՛մ ամենափոքր ակնարկութիւն կատարելն անգամ ամօթալի կը համարուէր մօտիկ անցեալին:

4.- Տնտեսական մեծ անկում եւ վնասներ, որոնք սուրիացիի առօրեան ալեկոծեցին՝ յարաճուն մղձաւանջ պատճառելով անոր: Այս կացութիւնը եթէ որոշ չափով տանելի եւ կարգաւորելի է հարուստին համար, ապա անհանդուրժելի ու կործանարար հետեւանքներ կը ներփակէ աղքատի պարագային:

5.- Որքան ալ տարբեր վերլուծութիւններ կամ մեկնաբանութիւններ կատարուին, այս բոլորէն գլխաւոր վնասողն ու ցնցուողը սուրիական հայրենիքն է: Սուրիան երկամեակ մը առաջ շատ աւելի հզօր էր եւ անխոցելի՝ քան ներկայիս: Շրջանային բոլոր կնճռոտ եւ տագնապալի հարցերը կ’անցնէին պաշտօնական Դամասկոսի բովէն եւ կը հանգուցալուծուէին անոր օրհնութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Սուրիա տարածաշրջանէն ներս հեղինակութիւն վայելող ու նկատառելի կշիռ ներկայացնող ուժեղ երկիր էր, ունէր վճռորոշ խօսք եւ բանալի դերակատարութիւն, մինչդեռ այսօր իր ճակատագիրը դարձած է ուրիշներէ կախեալ, իր հարցը հրատապօրէն դրուած է շրջանային թէ միջազգային պետութիւններու սեղանին, իր տագնապը ներգրաւուած է եւ գլխաւոր տեղ կը զբաղեցնէ գերհզօր պետութեանց առաջնային օրակարգերուն վրայ ու կը սպասէ անոնց միջնորդութեան եւ աջակցութեան:

Կը կրկնենք. այս բոլորէն առաւելագոյնս տուժողը, Սուրիան ու սուրիացիներն են, իրենց բոլոր բաղկացուցիչներով անխտիր:

Անշուշտ նպատակ չունինք արձանագրուած ու թուարկուած դրական թէ բացասական հանգամանքներուն միջեւ նժարային գերակշռութիւն մը տեսնել: Մեր միակ ցանկութիւնն է, ինչպէս եւ հանուր սուրիացիներու բաղձանքը, որ այս ճգնաժամը անյապաղ լուծում գտնէ, աղերսակից բոլոր կողմերը գոհացնող բարենպաստ եզրայանգումներ ունենան, որոնց կարելի է հասնիլ միայն ու միայն երկրի համայն զաւակներու եւ տարբեր հոսանքներուն միջեւ համընդհանուր, անկեղծ ու կառուցողական երկխօսութիւն մեկնարկելով, տեւաբար հայրենիքի ռազմավարական ու առաջնային շահերը վերադասելով, բնականաբար՝ առանց արտաքին միջամտութեան, սոսկ ու բոլորովին սուրիական ճիգերով:

ԽԱՉԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ Հալէպի մէջ հրատարակուող «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է:

Leave a Reply