Արցախի Առողջապահութեան Եւ Մշաակոյթի Բնագաւառներուն Մէջ Կիներու Տիրական Ներկայութիւն


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փան Արմինիըն».–  Ըստ «Արցախի կանայք եւ տղամարդիկ» ժողովածուին, Արցախի բնակչութեան 52.6 տոկոսը կիներ են: Բնակչութեան չամուսնացած հատուածին գերակշիռ մասը կը կազմեն տղամարդիկ՝ 57.5 տոկոս, իսկ ամոաւսնալուծուածներուն մէջ բարձր է կիներուն ներկայութիւնը՝ 73.9 տոկոս:

«Արցախի կանայք եւ տղամարդիկ» ժողովածուին մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, որ Արցախի տարբեր բնագաւառներու մէջ կիներու տիրական ներգրաւուածութեան կայ:

2011 թուականին Արցախի առողջապահութեան բնագաւառին մէջ կիներու ներգրաւուածութիւնը եղած է 82 տոկոս, ընկերային–ապահովագրութեան բնագաւառին մէջ՝ 75.5 տոկոս, կրթութեան ոլորտի մէջ աշխատողներուն գերակշիռ մասը եւս կիներ են՝ 80.6 տոկոս, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառին մէջ՝ 61.1 տոկոս, ելեւմուտքի եւ վարկի բնագաւառ՝ 67 տոկոս: Շինարարութեան, արդիւնաբերութեան ճիւղերու, կառավարման եւ պաշտպանութեան համակարգերուն մէջ մեծ է տղամարդոց թիւը: Այս մարզերուն մէջ կիներու ներկայութեան տոկոսը համապատասխանաբար կը կազմէ 11, 23.6 եւ 20.8:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առեւտրային բնագաւառի տուեալներուն, հոն նոյնպէս տղամարդոց ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը աւելի տիրական են։ Արցախի մէջ գործող իրաւաբաններուն միայն 21.7 տոկոսը կիներ են: Անհատ ձեռնարկատէրերուն 42.8 տոկոսը կիներ են, ինչ որ յառաջդիմութիւն է այս բնագաւառին մէջ։

Leave a Reply