Միայն Արդար Հատուցման Ճամբով


ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ցեղասպանութեան տարեդարձի նախօրեակին, թրքական խաբեպատիր մեքենայութիւնները դարձեալ գլուխ կը բարձրացնեն. դարձեալ փորձ կ՛ըլլայ աշխարհը մոլորեցնելու, յառաջ քշելով այն վարկածները, թէ՝ այսօրուան Թուրքիան անմեղ է, հայերն ու թուրքերը հաւասարապէս տուժած են Ա. Աշխարհամարտի իրադարձութեանց հետեւանքով, ցաւալի անցեալը պէտք չէ գրգռել, պէտք է յառաջ անցնիլ, բարեկամական մօտեցումը զարգացնել ու ապագային նայիլ գործնապաշտ մօտեցումով։

Դարձեալ փորձ կը կատարուի անհատոյց պարտքերը քօղարկելու, մէկդի ձգելու եւ, տակաւին, հայեր ներգրաւելու այս գործընթացին մէջ։ Այս փորձերը կը կրկնուի՜ն ու կը կրկնուին, հաւանաբար մեկնելով այն համոզումէն, որ եթէ սուտ մը կամ անընդունելի առաջարկ մը հազար անգամ կրկնես, թերեւս հազար-մէկերորդ փորձիդ հաւատացողներ ու ընդառաջողներ գտնես…

Մեզի՝ հայութեան համար, կայ մէկ ու միակ ճամբայ. եթէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի-հայութեան միջեւ պատմական տխուր հաշիւները պիտի փակուին ու բարի դրացնութեան էջը պիտի բացուի, հոն հասնելու միակ ձեւը՝ Թուրքիոյ կողմէ ամբողջական հատուցում կատարելն է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, որ ամբողջական հատուցում ըսելով՝ կը հասկնանք մարդկային, նիւթական ու հողային բոլոր կորուստներուն դիմաց արդար հատուցում, որուն մասին ոչ մէկ սակարկութիւն ընդունելի է։

Մեր կարգին, այս պահանջը պիտի կրկնենք ու կրկնենք, մինչեւ որ պնդագլուխները, բարեմտութիւն խաղացող իմաստակները, անոնք ըլլան հայ թէ թուրք կամ Թուրքիոյ պաշտպան-դաշնակից, հասկնան, թէ առանց արդարութեան՝ մնայուն ու կայուն լուծումները անկարելի պիտի մնան. այս ճշմարտութիւնը իրական է հայութեան Դատին,

Leave a Reply