Վերապրող. Անդրանիկ Պալեան
ԱՐԱՄ ՊԱԼԵԱՆ
Անդրանիկ Պալեան կը ծնի Լեռնային Կիլիկիոյ արծուաբոյն Հաճըն քաղաքը, 1895ին: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Հաճնոյ Ամերիկեան ակադեմիայէն, տարի մը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ Էվէրէկի մէջ, ապա 1914ին կը մեկնի Գոնիա՝ մուտք գործելով Ճէնէնեան քոլեճ, որպէս գիշէրօթիկի ուսանող՝ փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի նախագահութեան շրջանին: Յաջողութեամբ կ՛աւարտէ ուսանողութեան «ֆրեշմեն» եւ «սոֆոմոր» տարիները, երբ 1916ին, քոլեճի հայ ուսանողութեան հետ կը տարագրուի դէպի Սուրիոյ անապատը, հետիոտն, շրջապատուած ոստիկանական հետեւակ ջոկատով:
Յոգնաբեկ, սոված ու պապակած կը յառաջանայ շարունակ անապատի անծանօթ ու փոշէթաթախ ուղիներէն: Ճամբու երկայնքին զանազան հանգրուաններուն կարճատեւ կեցութեան սգաթախիծ օրերուն ականատես կ՛ըլլայ տարագրեալ խումբերու անչափելի տառապանքներուն, որոնք խոր ցաւերու լիճ մը կը կազմեն: Կը շարունակէ քալել յամրաքայլ, ոտաբոպիկ ու փոշէթաթախ հանդերձներու մէջ ամփոփուած, կ՛անցնի Մեսքէնէէն, Իսլահիէէն, Ռաքայէն, Պումպուճէն, Իտլիպէն, Պապէն ու կը հասնի վերջապէս Ռաս էլ Այն, բոլորովին պարտասած, կրելով աքսորի կեանքի ահաւոր ու անպատում դժոխքին բոլոր դառնութիւնները, մինչ ճամբուն երկայնքին կը չափէր պետութեան կողմէ ծրագրուած ոճիրներուն անչափելի յատակները: Գոնիայէն մինչեւ Ռաս էլ Այն, գաւաթ մը տաք ջուր կոկորդէն վար գացած չէր: Այդ անծանօթ ու մռայլ ճամբաներուն վրայ, Անդրանիկ ականատես եղած էր որբացած մանուկներու աղիողորմ ճիչերուն, որոնք նստած քարացած հողին վրայ, գորովով կը սպասէին ակաղձուն նայուածքի մը, սակայն փոխարէն իրենց առջեւ կը ցցուէին զինեալ ջոկատին շողշողացող սուինները եւ անոնց վայրագ աչքերը: Ան ակնդէտ կը հետեւէր անապատին չարաբաստիկ գաղթավայրերուն պարզած ընդհանուր պատկերին եւ տարագիրներուն ողբերգական ու սրտաճմլիկ վիճակին: Վշտաբեկ, անձկութեամբ կը վերյիշէր տարագրեալներուն դաժանաբարոյ ու չարաշուք տեսարանները: Աննկուն կամքի տէր, անապատի դժոխքէն կրակով թրծուած, խոյս կու տայ Ռաս էլ Այնէն ու թափ տալով ֆիզիքական ուժերուն կը քալէ Հալէպի ուղղոււթեամբ առանց վշտաբեկումներու, ինքնագիտակցութեամբ ու վճռական քայլերով:
Կը հասնի Հալէպ՝ քաղցած ու պարտասած. կը բախէ վեր. Յ. Էսքիճեանի տան դուռը: Վեր. Յ. Էսքիճեան առաջին ակնարկով կը դիտէ Անդրանիկին անփառունակ վիճակը, ցնցոտիներու մէջ կորսուած, խռիւ մազերով, պարտասած ու քաղցած: Յուզումով կը լսէ երիտասարդ քոլեճականին տուայտալից կեանքին երկարաշունչ պատմութիւնը, ապա կ՛առաջնորդէ զինք վերնատուն, որպէս ապահով թաքստոց, ուր ապաստան գտած էին նաեւ երկու այլ գաղթական երիտասարդներ: Շրջան մը ետք, վեր. Յ. Էսքիճեան նկատելով տիրող անապահով կացութիւնը, կը թելադրէ իր մօտ գտնուող երիտասարդներուն Ինթիլլի մեկնիլ, ուր գերման կառավարութեան մեծ աշխատանքներու (Հոկ Պաու) նախարարութիւնը դէպի Պաղտատ երկարող երկաթուղիի փապուղին բանալու աշխատանքներուն ձեռնարկած էր: Իրեն ծանօթ վստահելի թուրք կառապանի մը կը դիմէ, խնդրելով իր մօտ հիւրաբար գտնուող երեք յոյն երկրաչափեր Ինթիլլիի աշխատավայրը փոխադրել: Կառապանը, վստահելով անոր բացատրութեան, յանձն կ՛առնէ զիրենք հասցնել Ինթիլլի, որոշ գումարի մը փոխարէն: Յաջորդ օրը, երեք երիտասարդները, իբրեւ յոյն երկրաչափեր, դուրս կու գան իրենց թաքստոցէն ու կը մեկնին:
Ինթիլլի մէջ կը ներկայանան գերման տնօրէնութեան գրասենեակը ու կ՛արձանագրուին որպէս աշխատաւոր: Փապուղիի աշխատանքներուն համար նախատեսուած էր 2000 մարդուժի կարիքը, մասնակցութեամբ առաւելաբար հայ գաղթականներու, որոնք նման աշխատանքի փորձառութենէն զուրկ էին: Էականը սակայն այդ աշխատանքը աւարտին պէտք էր հասցնել որոշեալ ժամկէտին: Ինթիլլիի շրջագօտիէն ներս, հայ աշխատաւորներուն արտօնուած էր իրենց հետ ունենալ ընտանեկան պարագաները: Անդրանիկ անակնկալօրէն հոն կը գտնէ Աննա քոյրը, զաւակները եւ ամուսինը, որ կ՛աշխատէր այնտեղ որպէս վարպետ ատաղձագործ: Շուտով գերման տնօրէնութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ Անդրանիկին պարագան. նկատելով իր քոլեճական ուսումը եւ անգլերէն լեզուին վարժ ըլլալը, զինք աշխատաւորներուն վրայ վերակացու կը նշանակէ: Պաշտօնի բերումով, Անդրանիկ կը սկսի հայ տարագրեալներ տեղաւորել փապուղիի, ինչպէս նաեւ երկաթուղիի զանազան աշխատանքներուն մէջ: Հայ գաղթականներու յարատեւ եւ տենդագին ջանքերուն շնորհիւ, Ինթիլլիի փապուղին կը բացուի ծրագրուած ժամկէտին, տաժանելի եւ անասելի պայմաններու գնով: Գերման տնօրէնութիւնը եւ երկրաչափներու անձնակազմը կը լքեն Ինթիլլին, վերադառնալով իրենց երկիրները: Գաղթականներու մեծածաւալ զանգուածը կը մնայ անապահով ու լքուած իր բախտին: Պատերազմական նախարար հայաջնիջ Էնվեր փաշան, երբ շոգեկառքով կը ճամբորդէր դէպի Պաղտատ, Ինթիլլիէն անցած պահուն կը նկատէ հոն տեղակայուած տարագրեալներու զանգուածը, կը հրահանգէ ոստիկանական կեդրոն դէպի Տէր Զօր տանիլ զիրենք: Անդրանիկ Պալեան 3000 անձերէ բաղկացած կարաւանով կը տեղահանուի Ինթիլլիէն: 20 երկար օրեր ետք կարաւանը կը հասնի Ռաս էլ Այն: Կարճ դադարէ ետք, նոյն կարաւանը կը շարժի դէպի Տէր Զօր: Անծանօթ վայրի մը վրայ, դադարի պահուն, Անդրանիկ Պալեան խոյս կու տայ անշշուկ ու կ՛անհետանայ ստուերի նման: Քոլեճական կեանքին քաղցր վայելքէն հարկադրաբար զրկուած, իր կեանքին քաղցր պահերը անհետ կորսուած, կեանքը տակաւին բոլորովին չմաշած, առնական հպարտութեամբ ու պողպատեայ կամքով զինուած կը սեղմէ իր բռունցնքերը նետուելով յառաջ ու կը վերադառնայ Ռաս էլ Այն:
Յաջորդ օրերուն, որպէս յոյն, Եորկի ծածկանունով կը ներկայանայ Ռա էլ Այնի զինուորական հիւանդանոցը, ներկայացնելով աշխատանքի դիմումնագիր մը, բժշկապետի օգնական հիւանդապահի բաց պաշտօնին համար ու կը յաջողի ստանձնել այդ վճարովի պաշտօնը: Թրքական բանակին վիրաւորներ Ռաս էլ Այնի հիւանդանոցը կը փոխադրուէին բժշկուելու կամ վիրահատական գործողութիւններու համար: Եորկի անուան տակ, Անդրանիկ Պալեան կը շարունակէ աշխատանքը այդտեղ: Սակայն ամիսներ անց, բժշկապետին հետ գործակցութեան ոլորտը ցնցումի նշաններ ցոյց կու տայ, այն պատճառաբանութեամբ, թէ հիւանդապահին աշխատանքի սկսելէն ետք, հիւանդանոցէն ներս անծանօթ պատճառներով մահացող վիրաւոր զինուորներուն պարագաները զգալիօրէն բազմացած են: Անդրանիկ Պալեան նախատեսելով անոր չարամիտ ու կործանարար մտադրութիւնը, կը շարժի արագ, վիժեցնելով բժշկապետին աղիտալի ծրագիրը: Բժշկապետը սարսափած կը հարկադրուի փոխել դիրքը Անդրանիկին նկատմամբ: Աշխատանքը իր բնական թափով կը շարունակուի. օրերը կը թաւալին արագօրէն՝ մաշելով: Պաղեստինեան ռազմաճակատէն հիւանդանոց կը բերուի սրունքէն ծանրօրէն վիրաւոր, հազարապետի աստիճանով սպայ մը: Փտախտը բոյն դրած ըլլալով քայքայած էր անոր սրունքը: Բժշկապետը կ՛որոշէ անդամահատել զայն ու կը յանձնէ այդ գործողութիւնը հիւնդապահ Եորկիին, իր հսկողութեան ներքեւ: Դեղորայքի եւ ապազգայութեան յատուկ սուր տագնապ կը տիրէր հիւանդանոցէն ներս, պահեստը մեծ մասով սպառած ըլլալով, դուրսէն դեղորայք բերել տալու միջոցները անկարելի դարձած՝ պատերազմին պատճառով:
Անդրանիկ Պալեան կարշնեղ բազուկներովը սպային վիրաւոր սրունքը կ՛ապրապնդէ գործողութեան սեղանին, թմրեցուցիչ դեղ մը կը ներարկէ, երբ սպան կը թմրի, ձեռքը կ՛առնէ վիրաբուժական նշտրակը ու կը սկսի անդամահատել սրունքը: Սպան ընդոստ կ՛արթննայ թմբիրէն պոռալով ցաւէն ու կոտտանքէն: Գործողութեան վերջաւորութեան, անհրաժեշտ դարմանումը կատարելէ ետք, զինուորական հիւանդակառքով կը փոխադրէ սպան Պապ քաղաքին ապագինման կայանը, որպէս վերականգնումի կարօտ պարագայ: Շրջան մը ետք, սպային մտքին մէջ փոքր կասկած մը կը ծնի, իմաց կու տայ զինուորական կեդրոն հարցապնդել Ռաս էլ Այն հիւանդանոցէն ներս աշխատող Եորկի անունով հիւանդաապահը: Անդրանիկ Պալեանի դէմ անմիջական ձերբակալման հրամանագիր կը տրուի, հիմնուելով նաեւ բժշկապետին ներկայացուցած տեղեկագրին վրայ, թէ անոր աշխատանքին սկսելէն ետք, անծանօթ պատճառներով մահացած վիրաւոր զինուորներուն պարագաները զգալիօրէն բազմացած են: Ան գաղտնօրէն իմանալով յիշեալ կործանարար ամբաստանութիւնը, հաշուի կը նստի ինքն իր հետ, վերլուծելով ծանրակշիռ հետեւանքները: Գիշերն իսկ կը հեռանայ քաղաքէն, ծպտուած քիւրտի տարազով, գիսախռիւ ու բոկոտն մեկնելով Նիւսէյլպինի ուղղութեամբ: Հոն առիթը կ՛ունենայ ծանօթանալու դաշնակցական գործիչներու հետ, որոնց կարգին Մարզպէտը, որ հաճի Հիւսէյն անունով կը գործէր հայ գաղթականներուն մէջ: Նիւսէյպինի մէջ Անդրանիկ Պալեանի առջեւ կը բացուի ազգօգուտ ու բեղուն գործունէութեան դաշտ մը: Հիւանդանոցէն ներս շահած գումարներուն խնայողութեամբ ձեռք կը ձգէ զինուորական հսկայ վրան մը, զայն լարել կու տայ քիւրտ գործաւորներու: Ամէն առաւօտ մեծ քանակութեամբ հաց եփել կու տայ քաղաքի փուռերուն մօտ, մեծ կաթսաներու մէջ ճաշ կը պատրաստուի, բազմաթիւ հայ գաղթականներ կու գան կերակրուիլ այդ վրանին մէջ:
Այնուհետեւ, որպէս քիւրտ կը լծուի հայ բեկորներու փրկութեան պատկարելի աշխատանքին: Մեծ հնարամտութեամբ, յանդուգն, համարձակ ու խիզախ քայլերով կը թափանցէ քիւրտերու, չէչէններու եւ արաբ խմբաւորումներէ ներս, ազատագրելով առեւանգուած հայ պարմանիներ, մանկամարդ աղջիկներ ու երեխաներ: Իր ազգային պատկանելիութեամբ հպարտ, հայ ժողովուրդին հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն բազմաչարչար կեանքին խորապէս գիտակից, ազգօգուտ բեղուն այս գործունէութիւնը յառաջ կը տանի անխոնջ կերպով, հայ գաղթականներուն ծառայելու ամբողջական յանձնառութեամբ, նուիրումով, հաւատքով, գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ, մինչեւ զինադադարի հռչակումը՝ 1918ի Նոյեմբերին:
Այնուհետեւ, Սուրիոյ անապատին մէջ վերապրող սակաւաթիւ հայ գաղթականները կը սկսին վերադառնալու իրենց ծննդավայրերը: Անդրանիկ Պալեան իր կարգին կը լքէ Նիւսէյպինը ու կը մեկնի Հալէպ, ուր ականատես կ՛ըլլայ ժամանմանը հայ որբերու, որոնք կը համախմբուին բարերարներու հիմնած որբանոցներուն մէջ: Շաբաթ մը ետք կը մեկնի Ատանա ուր հաստատուած էր ֆրանսական գրաւեալ բանակը, քոլոնել Պրիմոնի հրամանատարութեան ներքեւ: Տեղահանութեան, զրկանքի, անօթութեան, անմարդկային տառապանքներու, սարսափի, մահուան սարսուռներու ու տուայտանքներու, անապատի փոշէթաթախ երկար ուղիներուն վրայ դիտապաստ ինկած մարդկային խլեակներու տեսարանները մտքին ու մահամերձ տարագրեալներու աղերսանքի վերջին հառաչանքները ականջին՝ դարբնած էին իր մէջ կեանքի ամուր կառչած մնալու աննկուն կամքը: Ծննդավայրին կարօտը սրտին՝ կը մեկնի Հաճըն: Ի տես հոն տիրող հրամայական կարիքներուն, Անդրանիկ Պալեան ուսուցչական ասպարէզին կը նուիրուի: Տարեկից երիտասարդներու հետ կը հիմնէ մշակութային միութիւն մը, նոր եռանդ ու աւիւն փոխանցելով Հաճըն վերադարձող տառապեալ վերապրողներուն:
Սիսի զինուորական կառավարիչը կը կոչուէր Թէյարտա, իսկ Ատանայինը՝ քոլոնել Պթեմոն: Անգլիական գրաւեալ բանակին հրամանատարն էր զօր. Մեչ:
1920ին, Անդրանիկ Պալեան կը մտնէ ՀՅԴի շարքերը, հիմելով Հաճընի նոր կոմիտէութիւնը: 1920ին, Դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կը կնքուէր Սեւրի դաշնագիրը: Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը կը լուծուէր ու կառավարութեան կազմի անդամները կը հեռանային երկրէն, ապաստանելով եւրոպական երկիրներ: Անոնք յաջորդաբար կը պատժուէին հայ վրիժառու երիտասարդներու հարուածներուն թիրախ դառնալով:
Հեծելազօրքի կայծակնային բանակի հրամանատար զօր. Մուսթաֆա Քեմալ կը ծրագրէ վերագրաւել Կիլիկիոյ բովանդակ տարածքը: Այդ ուղղութեամբ կը հիմնուի քեմալական շարժումը, որուն լայնօրէն կ՛օժանդակէ անգլիացի զօր. Մեչ, իսկ Անգլիոյ կառավարութիւնը գաղտնօրէն զօրավիգ կը կանգնի այս շարժումին՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելով: Կը կազմակերպուին չէթէական զինեալ խումբեր, որոնք կը շրջին սպառնական նպատակներով, սարսափի մթնոլորտ յառաջացնելով հայաշատ կեդրոններուն շուրջ: Քաղաքական կացութիւնը կը վատթարանայ ու վրդովիչ հանգամանք կը ստանայ:
Հաճընի նորահաստատ բնակչութիւնը թրքական գիւղերու սպառալիքին ենթակայ կը դառնայ. հոն կը համախմբուին նաեւ քեմելական զինեալ ջոկատներ:
1920ի Մարտ ամիսէն ետք, Հաճնոյ հետ դուրսի յարաբերութիւնը կը դժուարանայ: Այս պայմաններու լոյսին տակ անհրաժեշտ կը տեսնուի զօրահաւաք կազմակերպել: Անդրանիկ Պալեան կը լքէ դպրոցը ու կը մտնէ ինքնապաշտպանութեան ուժերուն մէջ: Կիլիկիոյ ՀՅԴ ԿԿի մօտ ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներու ճամբով, Անդրանիկ Պալեան եւ Յակոբ Չայճեան որպէս բանագնաց կը մեկնին Ատանա: Որոշ օրեր ետք, անոնք կը վերադառնան իրենց հետ բերելով 150 հրացան, 36 հազար փամփուշտ, երկու սնտուկ ձեռնառումբ, եւայլն: Այս համեստ զինամթերքը կը գործածուի Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընթացքին:
1920ին, Հաճըն կը գտնուէր զօր. Անդրանիկի հեծելազօրքի հրամանատար Սարգիս Ճէպէճեանը: Ան որպէս փորձառու զինուորական կը ստանձնէր Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը, իսկ փոխհրամանատար կը նշանակուէր Արամ Կայծակ: 1920ի Մարտ ամսուն, Հաճնոյ շրջակայ լեռներուն եւ բարձրունքներուն վրայ կ՛ամրացուին հայկական դիրքերը:
Անդրանիկ Պալեան կը նշանակուի Զինուորական խորհուրդի քարտուղար, ինչպէս նաեւ Ղօփուշի, Կէօյնիկի եւ Կէլիկի դիրքերուն պատասխանատու: Բախումները կը սկսին ամէն ուղղութեամբ, 30 հազարի շուրջ եղող թրքական կանոնաւոր բանակին կողմէ, հրամանատարութեամբ Տողան պէյի:
Անդրանիկ Պալեան կը թրծուի զինուորական հմտութեան մէջ, ճակատելով պատերազմական բոլոր կարգի գործողութիւններուն մէջ, որոնց ընթացքին հերոսական քաջագործութիւններ ցոյց կու տայ: Առաջին առիթով, քանի մը ընկերներով կը յարձակի ու կ՛ազատագրէ ամերիկեան «Հաճըն Հօմ» աղջկանց քոլեճին մէջ գերի մնացած 150 մանկամարդ ուսանողուհիներ: Յաջորդ օրերուն, Անդրանիկ կը մասնակցի Ս. Յակոբայ վանքին ու զօրանոցին շուրջ մղուող կատաղի կռիւներուն, ուրկէ թշնամին պարտուած կը նահանջէ: Ճէպէճեանին վիրաւորուելէն ետք, Զինուորական խորհուրդը կ՛որոշէ թրքական բանակին թնդանօթը գրաւել: Այս ծրագրին աւագ դարբինը կը հանդիսանայ Անդրանիկ:
1920ի Օգոստոս 6ին, հայկական ուժերը շանթահարիչ յարձակում կը գործեն թշնամի դիրքերուն վրայ ու կը գրաւեն թրքական բանակի թնդանօթը եւ կարգ մը գնդացիրներ, տեղափոխելով զանոնք Հաճըն՝ հսկայական ճիգերու գնով: Պարենաւորման միջոցները տակաւ անկարելի կը դառնան, ներքին պահեստը սպառած ըլլալով: Սովը կը սպառնայ դիմադրող ուժերուն: Զինուորական խորհուրդը կը կազմակերպէ յանդուգն արշաւանքներ 1920ի ՍԵպտեմբեր 21ին, թրքական Նալտաշ, Ռումլու եւ Կէօղէլլիմ գիւղերուն վրայ, պարէն բերելու նպատակով: Անդրանիկ Ռումլու արշաւող խումբին մաս կը կազմէ: Տողան պէյ Ռումլու իր բանակատեղիէն մազապուրծ խոյս կու տայ: Թրքական գիւղերէն գրաւուած պարէնը եւ արջառներուն հօտը կը բերուի Հաճըն ու մաս առ մաս կը բաժնուի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ զինեալ ուժերուն:
Տեղի կ՛ունենայ Թլանի ահաւոր ճակատամարտը, ուր Անդրանիկ հինգ զինակիցներով հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տալէ ետք, իր չորս ընկերներուն կորուստին վրայ, փամփշտակալները դատարկուած, գերմարդկային ճիգերու գնով ան թշնամիին գնդացիրներուն կրակներուն մէջ կը նետուի ու կէս ժամ սրընթաց վազելէ ետք, ուշակորոյս կ՛իյնայ հայկական դիրքերուն մօտ: Սթափելէ ետք, կը նկատէ, թէ զինուորական զգեստը ծակ ծակ եղած է, սակայն փամփուշտ մը իսկ մարմնին չէ հանդիպած: Նախախնամական հրաշքի համազօր երեւոյթ էր կատարուածը:
Տողու պէյ թարմ ուժեր կը ստանայ, օժտուած հեռարձակ ծանր թնդանօթներով: Թրքական բանակը անխնայ ու յարատեւօրէն կը ռմբակոծէ ու կը քանդէ հայկական դիրքերը, մեծ ճշգրտութեամբ:
Անօթութիւնը, դեղօրայքի պակասը, զինամթերքի տագնապը ու մեծածաւալ քանդումները մեծ հարցականներ կը ստեղծեն: Անկարելի պայմաններու լոյսին տակ, Զինուորական խորհուրդը դռնփակ նիստ մը գումարելով կ՛որոշէ ճեղքել թշնամի բանակի օղակը ու իջնել Ատանա: Այս գաղտնի որոշումը կը հաղորդուի բոլոր դիրքերուն: 1920ի Հոկտեմբեր 15ին, որոշեալ ժամուն, 400ի մօտ զինեալ ուժեր անշշուկ դուրս կու գան իրենց կիսաքանդ դիրքերէն ու առաջնորդութեամբ փոխհրամանատար Արամ Կայծակին, վճռական գրոհներով կը ճեղքեն թրքական բանակի պաշարման օղակը ու բազում դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք կը հասնին Ատանա, ուր ֆրանսական բանակի հրամանատարութիւնը կը հաւաքէ բոլոր զէնքերը ու հաճընցի մարտիկները կը թուղու իրենց ճակատագրին:
Թրքական բանակը կը գրաւէ Հաճըն քաղաքը ու մոխրակոյտի կը վերածէ զայն. կը նահատակուին 10 հազարի հասնող ժողովուրդը, որբերու խումբերը եւ անոնց անձնակազմը զարհուրելի պայմաններու մէջ: Թրքական ուժերը կը գտնեն նաեւ հրամանատար Սարգիս Ճէպէճեանը, վիրաւոր վիճակի մէջ, կը սպաննեն զայն ու ապա կը գլխատեն:
Անդրանիկ Պալեան Ատանայի իր քրոջ տան մէջ կը պահէ իր հրացանը ու չի յանձնէր զայն, յարմար առիթով ծախելու նպատակաւ, որու գումարով նոր շորեր կը գնէ: Ապա «Նիր Իսթ Ռիլիֆ»ի որբանոցին մէջ ուսուցչական պաշտօնի կը հրաւիրուի:
Անսպառ կորովի եւ եռանդի մարդ, կր լծուի կրթական ասպարէզին, որբերը հայաշունչ ոգիով դաստիարակելու, կը կազմակերպէ թատերական ձեռնարկներ, կ՛ընկերակցի որբերուն Սիհուն գետին մէջ լողալու վարժութիւն ձեռք ձգել տալու փորձերուն: Կը փրկէ կարգ մը որբեր ջուրի յորձանուտին մէջ խեղդամահ ըլլալու վտանգէն: Ատանայի մէջ Անդրանիկ կը վարէ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ, ՀՅԴ ԿԿի կազմէն ներս, դառննալով հանրային կեանքի կարեւոր յենարաններէն մին: Կիլիկիոյ քաղաքական կացութիւնը կը սկսի վատթարանալ: Անդրանիկ մօտէն կը հետեւի տեղի ունեցող գաղտնի բանակցութիւններուն ֆրանասական իշխանութիւններուն եւ քեմելական կառավարութեան միջեւ: Անգարայի մէջ կը ստորագրուի դաշինք մը Կիլիկիոյ բարձր կոմիսեր Ֆրանքլին Պույոնի ու Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ, որու տրամադրութեանց համաձայն, Կիլիկիոյ տարածքը կը յանձնուէր Թուրքիոյ նորընտիր կառավարութեան: Այս տխուր եւ անակնկալ լուրը կը շանթահարէ հայ ժողովուրդը: Ատանայի հայոց ազգային միութիւնը երեք հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն հետ ժողով գումարելով կ՛որոշէ զանգուածային գաղթի դիմել, փոխանակ ենթարկուելու թրքական իշխանութիւններուն լուծին:
Կիլիկիոյ բարձր կոմիսեր Ֆրանքլին Պույոն եւ նորընտիր թուրք կուսակալ Մուհետտին փաշա միասնաբար կ՛որոշեն հայ բնակչութեան Կիլիկիայէն գաղթելու արտօնութիւն տալ ու ձրի անձնագիր շնորհել հայերուն, որոնք անձագիր ստանալէ ետք կը գաղթեն դէպի Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Ամերիկայի ցամաքամաս: 1922ի Յունուար 4ին, Կիլիկիան կը յանձուի թրքական իշխանութիւններուն եւ ֆրանսական զօրքը կը հեռանայ վերջնականապէս: Անդրանիկ Պալեան, Վահկայի փառքովը հպարտ, կ՛արիւնի սիրտը՝ հայ ժողովուրդին պատուհաս հանդիսացող քաղաքական այս խաղին առջեւ: Արդեօք այս պիտի ըլլար ասպետական Ֆրանսայի դիրքորոշումը՝ ի վնաս հայ ժողովուրդին: Փոշիացան տրուած խոստումները Կիլիկիոյ մէջ հայկական հանրապետութիւն ստեղծելու մասին: Անդրանիկ Պալեան կը լքէ ամէն ինչ ու կը մեկնի Պէյրութ՝ հիւրընկալ անծանօթ քաղաքը:
Անդրանիկ Պէյրութի մէջ, Մաարատի շուկային մէջ խանութ մը կը վարձէ ու ածուխի առեւտուրով կը զբաղի: Դրացի մահմետականները զանազան նեղութիւններ կը սկսին տալ, երբ կը նկատեն նաեւ կուսակցական երիտասարդներու յաճախակի այցելութիւնը այնտեղ: Անդրանիկի բացակայութեան, կրակի կու տան խանութը՝ հրոյ ճարակ դարձնելով ամէն ինչ: Անդրանիկ կը փոխադրուի Պուրճ Համուտ ու քրոջը ամուսինին հետ կը սկսի զբաղելու ատաղձի առեւտուրով: Երբ Ազգերու դաշնակցութեան հովանին վայելող Նանսենեան բարեսիրական հաստատութիւնը գրասենեակ կը բանայ Պէյրութի մէջ, հայ գաղթականներուն ընկերաբարոյական կարիքներուն հասնելու նպատակաւ, Անդրանիկ Պալեան կը լքէ խանութը ու կը դառնայ Նանսենեան հաստատութեան պաշտօնեայ: Պէյրութի գրասենեակին տնօրէնը ֆրանսացի մըն էր՝ պարոն Պըրնիօ անունով, որուն հետ կը գործակցի ան մինչեւ 1939:
Պէյրութի գրասենեակը կ՛օժանդակէ հայ գաղթական ընտանիքներուն, որոնք բնակչութեան համար տուն կառուցելու ծրագիր կը ներկայացնեն, հայթայթելով ա-նոնց շինանիւթերը: Անդրանիկ Պալեան Նոր Հաճըն աւանի շինարարական յանձնախումբին որպէս անդամ, լայնօրէն կը սատարէ այդ աւանի աշխատանքներուն, Նանսենեան գրասենեակի խողովակով:
Անդրանիկ Պալեան կ՛ընտրուի «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան հերթապահ ու կը հաստատուի Գարանթինա, շինել տալով բնակութեան երկյարկանի շէնք մը 1929ին: Մեր բնակութեան շէնքին գետնայարկը յատկացուած էր «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան, որպէս ակումբ: Հոն տեղի կ՛ունենային կուսակցական ժողովները, Հայ Օգնութեան Միութեան մասնաճիւղային նիստերը, «Շան»չ մարզական միութեան հաւաքոյթները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի սկաուտական մարզանքները: 1930ին, գիշեր մը, Մար Միխայէլի ընդարձակ տարածութեան վրայ, հաստատուած Ատանա հիւղաւանը ահաւոր հրդեհի մը կլափին զոհը կը դառնայ: Գաղթական ժողովուրդին մեծ զանգուածը կու գայ հաստատուիլ սպանդանոցին դիմացը մարոնի համայնքին պատկանող բաց դաշտերուն վրայ, հիմնելով Ամանոս հիւղաւանը: Սպանդանոցի շրջանը մահմետական երկու ընտանիքներ՝ Խալաֆներ եւ Խըտըրներ, հզօր ազդեցութիւն ունէին հոն գտնուող արաբ խմբաւորումներուն վրայ: Ճնշիչ մթնոլորտ կը տիրէր յաճախծ Ամանոս հիւղաւանի շուրջ, հայ երիտաարդներու հետ բախումներու ընթացքին: Տագնապալի եւ պայթուցիկ կացութիւնը մեղմացնելու նպատակաւ, Անդրանիկ Պալեան, որպէս հերթապահ, Խալաֆ եւ Խըտըր եղբայրները, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդները ակումբ կը հրաւիրէ ու կը հաշտեցնէ զանոնք: Անոր խօսելու, համոզելու եւ տպաւորելու կերպը խոր ազդեցութիւն կը ներգործէր խօսակիցներուն վրայ:
Անդրանիկին գլխաւոր մտահոգութիւնը Ամանոս հիւղաւանի ապահովութիւնը երաշխաւորելն էր: Անդրանիկ լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէր. անոր հեղինակաւոր ազդեցութիւնը եւ բարոյական վարկի հսկայ ներդրումը, Մար Մխայէլի, Գարանթինայի, Ամանոսի հիւղաւանի եւ Հաճըն աւանի հայ ժողովուրդին հասարակական կեանքին վրայ ակնյայտ ու յիշատակութեան արժանի եղելութիւն է: Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քահանայէն մինչեւ կրթական մշակները՝ տնօրէնն ու ուսուցիչները, կարօտեալ, բժշկական խնամքի կարօտ անձեր իրեն կը դիմէին զանազան հարցերով: Անդրանիկ Պալեան կը լուծէր բոլորին հարցերը:
1936ին, ան կ՛ընտրուի ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿի հերթապահ ու մարտական ուժերու պատասխանատու: 1937ին, Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ: Դաշնակցութեան թեկնածուն է մեթր Խոսրով Թիւթիւնճեան: Անդրանիկ տքնաջան աշխատանք կը տանի ի նպաստ անոր ընտրութեան: Ան մեծ համարում ունէր Խ. Թիւթիւնճեանի կարողութիւններուն վրայ, որովհետեւ ան ուսանած էր Ժընեւի համալսարանը եւ վկայուած էր որպէս փաստաբան:
Ընտրութիւններուն արդիւնքը ի նպաստ Խ. Թիւթիւնճեանի կ՛ըլլայ: Անդրանիկ խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ այս յաղթանակը:
1937ին, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէն առաւել նորընտիր երեսփոխան Խոսրով Թիւթիւնճեանը կը շնորհաւորեն Սոլհերու ընտրութիւնը: Հայրս, որպէս ԿԿի հերթապահ, կազմը մեր տունը հրաւիրեց հանգստանալու համար: Մայրս, պատկառելի հիւրերուն պատշաճ հիւրասիրութիւն կատարելէ ետք քաշուեցաւ: Ես տեսայ պայծառ դէմքերը պատմութիւն կերտած հեղինակաւոր անձերուն, ինչպէս՝ Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Կոմսը, Խոսրով Թիւթիւնճեանը, տոքթ. Գուլաքեանը ու հայրս, որոնք նստած կը շարունակէին իրենց խօսակցութիւնները: Ժամ մը ետք պատկառելի հիւրերը կը մեկնէին Ժողովրդային Տուն:
1939ին, Սանճագի տարածքը, ինչպէս նաեւ Մուսա Տաղի հայկական 7 գիւղերը կը յանձնուին Թուրքիոյ կառավարութեան: Յունիս 20ին, 20 հազար հայ տարագիրներ կը լքեն իրենց օճախները ու կը հեռանան Սանճագէն ու Մուսա Տաղէն: Օգոստոսի սկիզբը, Ազգային միութեան կողմէ, Անդրանիկ Պալեան, տոքթ. Օննիկ Կէրկէրեան եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչ տիկին Պարգա, Կարոյեան արքեպիսկոպոսի ընկերակցութեամբ կը մեկնին Թարթուս, դիմաւորելու Սանճագի գաղթականները: «Առաւօտ» օրաթերթը, իր Օգոստոս 6, 1939ի թիւով անդրադարձած է այս այցելութեան, հրատարակելով մեծադիր լուսանկարներ Թարթուս հասած գաղթականներուն հետ:
1950ի Յուլիս 20ին, Պէյրութի «Սի.Էմ.Սի.» հիւանդանոցին սենեակներէն մէկուն մէջ աչքերը կը փակէր հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն եւ Լիբանանի ՀՅ Դաշնակցութեան սիւներէն Անդրանիկ Պալեանը, յետ երկարատեւ անբուժելի հիւանդութեան: Արեան քաղցկեղը կը տապալէր անոր հզօր ու քաջառողջ ֆիզիքականը: Նոյն օրը, ՀՅԴի Լիբանանի վերին մարմինը կ՛որոշէ ազգային թաղում կատարել:
Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ուրբաթ, Յուլիս 21ին, կ.ե. ժամը 4ին, Էշրէֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուր իրենց պատգամները կու տան վեր. Ենովք Հատիտեան, վեր. Վահրամ Սալիպեան, վեր. Տիգրան Խռլոբեան, վեր. Կարապետ Թիլֆեան, վեր. Աւագ Աւագեան եւ պատ. Անուշաւան Էօրէճեան: Եկեղեցւոյ սրահը լեցուն էր հազարաւոր սգակիրներով եւ ընկերներով: Ներկայ էին պետական երեսփոխաններ՝ Մովսէս Տէր Գալուստեան, տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան եւ ազգային բազմաթիւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, յուղարկաւորներու թափօրը կ՛ուղղուի Ֆըրնըլշըպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատուն, ուր յուզիչ դամբանականներ կը խօսին ՀՅԴ Լիբանանի գերագոյն մարմնին կողմէ Ղազար Չարըք, Միհրան Խրիմեան, Յովհաննէս Առաքելեան եւ վեր. Աւագ Աւագեան:
Հօրս՝ Անդրանիկ Պալեանի դառնակսկիծ մահուան առիթով, գործակից ընկերներէն Կարօ Գանթարճեան կը գրէր հետեւեալ տողերը. «Կուսակցական պատասխանատու գործերու բերումով յաճախ կը տեսնուէի ու երկարօրէն կը խօսակցէի իրեն հետ: Կը տեսնէի, թէ որքա՜ն հաղորդական էր իր մեծ հոգին եւ իր օրինակով կը ներշնչէր իր շուրջինները: Ան կը ներշնչէր մեզ բոլորս իր դաշնակցականի գաղափարական տիպարով եւ գործի կը մղէր: Որպէս դաշնակցական, յեղափոխականի ճշմարիտ ու հազուագիւտ տիպար մըն էր ան, որովհետեւ օժտուած էր հին յեղափոխականներու անվեհեր, կամակոր ու ըմբոստ ոգիով: Հոն ուր իր ընկերներէն ոմանք կը վարանէին, ծանրակշիռ պարագաներուն մէջ, ինք միշտ վճռական յառաջ կը նետուէր ու կը փշրէր ամէն արգելք, որպէս դաշնակցութեան երկաթեայ արդար բռունցքը: Ան ունէր նաեւ կազմակերպական բնատուր ձիրք ու ոգի, որոնցմով գիտէր ու կրնար գործնականացնել իր յեղափոխական խառնուածքին ներշնչումներն ու գաղափարները: Անոր այդ համեստ ու նուիրուած ղեկավարի կորովի անհատականութեան մէջ ի յայտ կու գար ՀՅ Դաշնակցութեան երկաթեայ կարգապահութիւնն ու կազմակերպական հզօր ոգին: Ան նաեւ իսկական հերոս մըն էր, Կիլիկիոյ արծուաբոյն Հաճընի բարձունքներուն վրայ, ճգնաժամային մաքառումի երկար ամիսներուն, որպէս խիզախ ու անվեհեր մարտիկ, արժանի հերոսութեամբ՝ զէն ի ձեռին, նետուած էր յառաջ, պաշտպանելու հայրէնի օճախը եւ հայուն պատիւը: Ան միշտ սիրենց իր հայրէնակիցները, բոլոր հաճընցիները անխտիր: Բոլորն ալ փոխադարձաբար կը սիրէին զինք եւ իրեն հանդէպ պատկառանք ունէին, որովհետեւ իր մէջ կը տեսնէին գաղափարապաշտ ու հերոս հայը՝ Փաշան, ինչպէս կը կոչէին զինք: Անոր անմահ հոգին ու խնկելի յիշատակը կ՛ապրի ու պիտի ապրի շարունակ, դաշնակցականի, հաճընցի ու հայու սրտին մէջ, իբրեւ հայրենասիրութեան, ազնուութեան եւ արիութեան գաղափարական վեհանձն տիպար մը, որմէ պէտք է ներշնչուին բոլոր սերունդները»:
Հօրս՝ Անդրանիկ Պալեանի տխուր մահուան առթիւ յատկանշական յօդուած մը լոյս կը տեսնէ մեթր Խոսրով Թիւթիւնճեանի գրիչէն. «1950, Յուլիս 20ին մեռաւ մեր թանկագին Անդրանիկ Պալեանը, որ Փաշա տիտղոսին արժանացած էր իր ցոյց տուած արտակարգ խիզախութիւններուն համար: Առծիւ մըն էր ան, եբր զինք ճանչցանք 1924 թուին, Պէյրութի մէջ, ուր եկած էինք տարաբախտ Արշակ Յովհաննէսեանին հետ, «Փիւնիկ» թերթը խմբագրելու: Թաւ յոնքերով, միջահասակ ու թիկնեղ, կապուտաչեայ, կարմրաթուշ երիտասարդ մըն էր, համակ խանդ եւ խիզախութիւն: Առաջին նուիրեալներէն էր ան, որոնց ուսերուն պիտի բարձրանային հետագային ուռճացած եւ հզօր շարքերը ՀՅ Դաշնակցութեան, որ այդ շրջանին սաղմնային վիճակի մէջ էր, ճիշդ նման տակաւին վրաններու տակ յամեցող մեր տարագիր զանգուածներուն: Բազմաշնորհ յատկութիւններու տէր, Անդրանիկ Պալեան կազմակերպութեան մէջ կը ներկայանար որպէս հաւատաւոր, պայքարող եւ անձնուէր: Եղաւ սիւնը «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան ու ժամանակի ընթացքին ղեկավար դէմք մը Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին՝ որպէս հերթապահ: Մեծ եւ անփոխարինելի եղած է իր թանկագին մասնակցութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմին, որ շատ բան կը պարտի իրեն: Սուր ըմբռնողութեամբ, յանդուգն ու ամէն գործի պատրաստակամ երիտասարդի դէմքին վրայ առաջին իսկ հանդիպումէն նկատելի էր ազնուական հպարտութիւն մը, որ ընդունակ էր գրաւելու դիմացինը: Ամեհի փոթորիկներու գուպարէն անցած կտրիճ դաշնակցական մըն էր Անդրանիկ Պալեան, միշտ խնդումերես ու լաւատես, օժտուած զօրաւոր կամքով: Ան առիւծ մըն էր կազմակերպութեան պահակի դերին մէջ արտաքին աշխարհին հանդէպ եւ դաշնակցկան առաքինութիւններուն ամեհի պաշտպան մը կազմակերպութենէն ներս: Անշահախնդիր եւ խիզախ ֆետայիի կերպարն էր ան ու մնաց մինչեւ վերջ, հակառակ տարիներու թաւալումին, 1924էն մինչեւ 1950, երբ այդ ընթացքին ընտանիք կազմած ու հայր էր արդէն չորս պատուական զաւակներու: Իր պատուական կողակիցը եղաւ իրեն գոյութեան պայքարի հաւատարիմ եւ խիզախ ընկերուհի մը: Իր մահը եղաւ խիստ վաղաժամ, ֆիզիքական ուժերու անժամանակ սպառումին պատճառաւ: Ան զոհ գնաց արեան քաղցկեղի երբ տակաւին իրաւունք ունէր ապրելու: Մհերին թոռներէն էր ան, Մոկաց Միրզէի մէկ շառաւիղը ու այդ պատճառաւ ալ՝ հազար ափսոս»:








