Ատրպէյճանցի Սպայ Մը Զոհուած Է


Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հանդիպման սահմանի Աղդամի հատուածին մէջ 26 Ապրիլին սպաննուած է ատրպէյճանցի բանակի 24ամեայ սպայ Վաքիֆ Ապտուլաեւը:

«Էյ. Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, սպան զոհուած է հայկական կողմէն արձակուած կրակոցներուն պատճառով:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է սպային զոհուած ըլլալը:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, նախօրէին շփման գծի հիմնական ուղղութիւններուն վրայ նկատուած է հայկական զինուած ուժերուն կողմէ ատրպէյճանական տարածքի կողմը հրետանիով հարուածներ:

Միւս կողմէ, 26 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը հաղորդագրութիւն հրապարակած էր վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմէ հրադադարի խախտումներու թիւի բարձրացման մասին, որուն իբրեւ հետեւանք Պաշտպանութեան բանակի երկու զինուորական ծառայող վիրաւորուած է:

25 Ապրիլին հրադադարի խախտում արձանագրուած է հայ – ատրպէյճանական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ, ատրպէյճանական կողմէ հրետանիներու ռմբակոծումներու հետեւանքով վնասուած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղի մանկապարտէզը, որուն սաները եւ անձնակազմը անվտանգութեան նկատառումներով տարհանուած էին:

Leave a Reply