«Երուանդ Օտեան» Թատերախումբի «Ռիւ Սիս, Քաֆէ Մասիս» Թատերախաղի Ներկայացումը
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 4 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ «Ռիւ Սիս, Քաֆէ Մասիս» թատերախաղով, հեղինակ եւ բեմադրիչ՝ Վաչէ Ատրունի:
Այս գործը շարունակութիւնն է առաջին թատերախաղին, որ կը կոչուի «Մեր Թաղը»: Եռախաղ թատերգութիւնը իր ամբողջութեան մէջ կը կոչուի «Մեծ Աշխարհի Փոքրիկ Անկիւնը»: Առաջինը Նոր Մարաշի մասին էր. այս մէկը Նոր Սիսի մասին է, իսկ երրորդը Արագածի շրջանի մասին պիտի ըլլայ: Բեմադրիչը այս եռախաղին մէջ կը ներկայացնէ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին կատարուած դէպքերն ու իրադարձութիւնները, որոնցմով կազմուած է լիբանանահայ կեանքի պատմութիւնը:
16 դերասաններ, շուրջ երկուքուկէս ամսուան աշխատանքէ ետք, յաջողութեամբ մեկնաբանեցին իրենց վստահուած դերերը:
Նշենք, որ ներկայացումները նախատեսուած են Մայիս 5էն 13:







