Յաղթանակի Ճանապարհը


ԱՐԱՄ ՍՈՒՐԷՆ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Թուրքիան Ու Ատրպէյճանը իրենց ուժն ու հարստութիւնը գործի լծած են մեր պատմութիւնը նենգափոխելու, մեր հայրենիքը ճզմելու եւ մեր ապագան քանդելու նպատակին:

Անոնց շղթայազերծած յարձակումը մեր բոլորին դէմ է ուղղուած: Ուղղուած է ոչ միայն Սփիւռքի կամ Հայաստանի կամ Արցախի դէմ, այլ՝ բոլորիս:

Անոնց թիրախը մե՛նք ենք, բոլորս, իւրաքանչիւրս:

Անոնց թիրախը ե՛ս եմ, դո՛ւն ես: Անոնց թիրախը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են՝ երիտասարդ թէ տարեց՝ քաղաքական բոլոր հոսանքներէն, աշխարհի բոլոր անկիւններէն:

Առանց բացառութեան՝ բոլորս:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915ին, այնպէս՝ ինչպէս 1988ին:

Անոնց զէնքը այս անգամ բազմամիլիոն տոլարներու արշաւն է՝ աւարտին հասցնելու Ցեղասպանութիւնը:

Անոնց զէնքերը փոխուած են, սակայն նպատակը կը մնայ նոյնը՝ Հայաստանի ոչնչացումը, այն, ինչ փորձեցին իրականացնել իրենց նախահայրերը:

Իրենց նպատակը՝ Արցախի գերեվարութիւնն է:

Իրենց նպատակը Հայաստանի հայաթափումն է:

Իրենց նպատակը՝ Սփիւռքի քայքայումն է:

Իրենց հնարաւորութիւնները մեծ են եւ իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար, ո՛չ մէկ միջոց կը խնայեն:

Մենք իրենց կառավարութեանց նման չունինք քարիւղի հսկայական եկամուտներ, սակայն մենք աւելի ուժեղ զէնք մը ունինք, որ՝

մեր պատի՛ւն է,

մեր հպարտութի՛ւնն է,

մեր հաւա՛տքն է,

մեր կա՛մքն է:

Մենք՝ իւրաքանչիւրս, մեր ազգի դեսպաններն ենք:

Մենք՝ մարդ, կին, երեխայ, մեր դատի զինուորներն ենք:

Մենք, իբրեւ սփիւռքեան հաւաքական ուժ, կը հանդիսանանք հայ ազգի երկրորդ բանակը, անկրկնելի միջազգային զօրագունդը, որ կը պաշտպանէ հայրենի հողը, կը պահպանէ մեր ժառանգութիւնը եւ կը հետապնդէ մեր իրաւունքները:

Բանակ ենք գաղափարներու, ներշնչումի, ինքնութեան:

Իբրեւ քաղաքացի զինուորներ, մեզմէ չի պահանջուիր զոհաբերել մեր կեանքը. սահմանը պաշտպանող մեր հերոս զինուորները ամէն օր կը դիմագրաւեն այդ վտանգը: Մեր դէմ, սակայն, կանգնած են նոյնքա՛ն վտանգաւոր թշնամիներ: Մեր պայքարի յաջողութենէն ալ շատ բան կախուած է:

Ազգն է, որ այսօր կոչ կ՛ընէ մեզի՝ զարթնելու ու միասնաբար, հաւաքական ուժով դիմագրաւելու իրեն դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, ճիշդ այնպէս, ինչպէս դարերով դիմագրաւած ենք… դիմագրաւած ենք Շուշիի առջեւ, Սարդարապատի մէջ:

Եկէք ընդառաջենք մեր ազգի կոչին: Եկէք միասնաբար կուրծք տանք մերօրեայ մարտահրաւէրներուն: Եկէք միանանք ու թողք աշխարհը տեսնէ մեր իսկական ուժը:

Եկէք հպարտութեամբ աշխատինք Հայ Դատի շարժման հետ ու այդպէս ցոյց տանք մեր նուիրումը մեր պատմութեան, ցոյց տանք մեր վճռականութիւնը՝ պայծառ ապագայ մը կերտելու:

Եկէ՛ք զօրակցինք Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադրամի թելեթոնին:

Leave a Reply