Կը Նուիրեմ Թելեթոնին՝ Ի Յիշատակ Մեծ Մայրիկիս


ՓԱԹԻԼ ԱԲՈՇԵԱՆ-ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Ծիսական սովորութեան վերածուած է. ամէն անգամ, երբ ժողովի մը, ձեռնարկի մը կամ հանգանակութեան մը կը մասնակցիմ, մեծ մօրս՝ Ռոզա Պիքարեանի, յստակ ու պայծառ պատկերը կը գծագրուի միտքիս պաստառին վրայ:

Կարելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ: Ի վերջոյ, իմ կեանքիս մեծագոյն մասը անցած է իր հսկող աչքերուն առջեւ: Ինքն էր, որ մեծցուց զիս, եղբայրս եւ քոյրս, երբ ծնողներս ստիպուած էին իրենց կեանքի ասպարէզի պարտադրանքները դիմագրաւելու: Շատ խիստ էր. զինք այդպէս մեծցուցած էին: Տոկուն էր, փառասէր: Գիտէր ինչպէ՛ս քիչ միջոցներով՝ շատ բան ընել, խնայել: Միշտ կը կրկնէր, որ ես եմ իր միակ յոյսը, որ մխիթարութիւն պիտի բերէ իրեն՝ ամոքելու համար Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր հօր վիշտը:

Եթէ ես հաստատակամ ու վճռական եմ, ապա իրեն կը պարտիմ: Ինքն է, որ զիս դաստիարակած է այնպէս, որ միշտ հպարտ զգամ ու ինքնավստահ:

Ժամերով կողքս կը նստէր, մինչեւ աւարտէի հայերէն դասերս ու պարտականութիւններս: Ինքն էր, որ վարորդս կը դառնար ու զիս կը տանէր ՀԵԴի ժողովներու, պարահանդէսներու կամ ՀՄԸՄական աշխատանքներու: Ես սովորական երեխայ մըն էի, որ աւելի շատ հետաքրքրուած էր Նանսի Տրուի գիրքը վերջացնելով կամ իր նախասիրած հեռատեսիլի յայտագիրը դիտելով: Ամէն օր կռիւի մէջ էի հետը: Երախտապարտ եմ, որ ինք շարունակեց խրախուսել զիս, կաշառել զիս, մինչեւ որ յաջողեցաւ Հայ Դատի կարեւորութիւնը արմատաւորել սրտիս ու միտքիս մէջ:

Անցեալ տարուան Ապրիլին, անհատնում դարմանումներէ ու բուժումներէ ետք, չկրցաւ յաղթահարել քաղցկեղը եւ մենք կորսնցուցինք զինք:

Մենք իրեն Ռոզա Փարք մականունը տուած էինք: Հանրակառքին վրայ իր տեղը չզիջող այս կինը չէր, անշուշտ, որ սկիզբ դրաւ ժամանակակից քաղաքացիական շարժումին: Սակայն, այդ կնոջ թողած դրոշմը, իր ձայնին պատուախնդիր շեշտը, սեփական իրաւունքները պաշտպանելու իր խիզախութիւնը՝ վերապրողի խորհրդանիշը ըլլալու հռչակին արժանացուցած են զինք:

Մենք տխրութիւն, վիշտ ու թախիծ, յուսախաբութիւն տեսանք իր աչքերուն մէջ, սակայն երբե՛ք հարցականի տակ չդրինք այդ զգացումները: Ունէր խորհրդաւոր տեսք մը, որ կրնար պարզապէս յոգնածութեան արդիւնք ըլլալ: Ես երբեք չեմ լսած իր երգելը, չեմ տեսած իր պարը, ականատես չեմ եղած իր լիաթոք խնդուքին: Երբեք գունագեղ հագուստներ չէր հագներ, ոսկեղէն զարդեր չէր գործածեր: Կարծես աւելի հանգիստ էր, երբ ստուերի մէջ էր:

Հայ Դատի իմ նուիրումս եւ յանձնառութիւնս, ես կը պարտիմ իմ մեծ մօրս: Ինք իմ բառամթերքէս ջնջել տուած էր համակերպումն ու ձեռնթափութիւնը, եւ անոնց փոխարէն՝ աւելցնել տուած էր կատարելապաշտութիւնը, յաջողութեան ձգտումն ու կիրքը: Ինք իր կեանքի բոլոր զիջումներուն գնով իմ կեանքս հարստացուց իմաստով ու խորհուրդով:

Նոյնիսկ իր կեանքի վերջին տարիներուն, երբ իր ցաւերը մեղմացնելու համար դեղերով կ՛ողողէինք մարմինը, ինք շարունակ իր համոզումներն ու յորդորները կը փոխանցէր մեզի.

«Մեր ազգի ճակատագիրը ձեր ձեռքերուն մէջ է:

«Ձեր սերունդը պատասխանատու է մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ճշմարտութեան դատը հետապնդելու:

«Ձեր ձայնն է, որ կը ներկայացնէ զիս ու ինծի նմանները»:

Մայրերու օրուան նախօրէին, իմ սիրտը տոգորուած է ջերմութեամբ: Խոնարհումով կը յիշեմ մեծ մայրս եւ կ՛ուզեմ իրեն յայտնել, թէ որքա՛ն թանկագին կը գնահատեմ իր ուժը, իր կարգապահութիւնը: Անկարող ըլլալով մեծ մօրս յայտնելու իմ շնորհակալութիւնս՝ կ՛ուզեմ այս առիթը օգտագործել, բոլոր մայրերուն, ինչպէս եւ ինծի յիշեցնելու, որ մենք օրհնուած ենք եւ ծանրաբեռնուած նոյն պարտաւորութիւններով՝ մեր Դատը յառաջ տանելու, մեր անձը բարելաւելու հետ միասին:

Ես յաճախ կը գանգատիմ մօրմէս: Ես արդէն հասուն մարդ եմ, ունիմ իմ ընտանիքս, իմ պարտաւորութիւններս: Պէտք է ըսել, որ ես այնքա՛ն ալ վատ չեմ կատարեր իմ պարտականութիւններս: Այսուհանդերձ, մայրս շարունակ կը յորդորէ, որ աւելի՛ լաւը ընեմ, աւելի՛ շատ աշխատիմ: Հագուստ-կապուստէս սկսեալ, մինչեւ խօսքերուս ու գործերուս առաջին արձագանգողը ի՛նքն է. ինք առաջինն է, որ կը քննադատէ, առաջինն է, որ կը գնահատէ: Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ:

Կարեւոր չէ, թէ որքա՛ն հարստութեան տէր ենք կամ որքա՛ն բարձր վկայականներ ունինք. մենք պէտք է յիշենք ու գնահատենք մեր մայրերուն ու մեծ մայրերուն իմաստութիւնը, ուժն ու կիրքը, զորս մեզ փոխանցած են:

Այս տարի, մայրերու օրուան առթիւ, ես թանկարժէք ծաղիկներ պատուիրելէ պիտի հրաժարիմ, մայրերու օրուան աւանդական ծախսալի նախաճաշէն ձեռք պիտի քաշեմ, փոխարէնը՝ 2012ի Հայ Դատի թելեթոնին իմ նուէրս պիտի տամ՝ ի յիշատակ այն կնոջ, որ լիազօրեց զիս իր ձայնը դառնալու, ինծի փոխանցեց իր ուժն ու իմաստութիւնը. նուէրս պիտի տամ՝ ի յիշատակ մեծ մօրս:

Support ANCA Telethon 2012.

Leave a Reply