Երազային Հիմնադրամ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Շուտով հանրային եւ մասնաւոր վարժարանները իրենց տարին պիտի փակեն: Շուտով հայկական վարժարանները իրենց աւարտական հանդէսները պիտի ունենան՝ դէպի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ կամ դէպի կեանքի ասպարէզ ճամբայ հանելով 2012ի սերունդը:
Ազգային վարժարանները այս տարի իրենց նիւթական դժուարութիւնները յաջողեցան լուծել՝ մէկ կողմէ վայելելով Արամ Ա. վեհափառի օրհնաբեր այցելութեան բարիքները՝ յատկապէս դպրոցներուն համար անոր հանգանակած գումարներու տեսքով, միւս կողմէ՝ ստանալով Եու.Սի.Էլ.Էյ.ի «Երազ Հիմնադրամ»ին իշխանական աջակցութիւնը (հաւանաբար «Լինսի» բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր Քըրք Քըրքորեանի ազնիւ յանձնարարութեան դրդումով), նաեւ եւ վստահաբար՝ իւրաքանչիւր դպրոցի ղեկավարութեան կողմէ ձեռք առնուած խնայողական կամ հանգանակային միջոցառումներով:
Ի՞նչ կը սպասէ հայկական վարժարաններուն յաջորդ տարի: Յամեցող տնտեսական տագնապը պիտի շարունակէ նիւթական դժուարութիւններ պատճառել դպրոցներուն, երբ նիւթական նկատառումներով որոշ թիւով ծնողներ պիտի պարտադրուին իրենց զաւակները հանրային անվճար դպրոցներ ուղարկել:
Այս տարուան աւարտական հանդէսներու բեմերէն շահեկան պիտի ըլլայ որ համայնքը լսէ դպրոցական հարցերու պատասխանատուներուն բերանով՝ բոլոր հայկական վարժարաններու ղեկավարներուն մշակած մարտավարութեան մանրամասնութիւնները՝ տնտեսական տագնապի սոյն պայմաններուն տակ կրթական ծրագիրներու որակի եւ աշակերտներու թիւի պահպանման ի խնդիր:
Աւելին, վերջին տարիներուն անհամեմատ թուային աճ արձանագրած հայութիւնը, իր երեխաներուն համար ազգապահպանման ի՞նչ ծրագիր կը մշակէ: Յայտնապէս նոր դպրոցներ բանալու մասին չենք մտածեր. եղածները պահելու գործը արդէն սպառած կը թուի ըլլալ կազմակերպուած համայնքին հնարաւորութիւնները:
Այս հարցերուն ո՞վ պատասխան պիտի տայ: Բոլոր յարանուանութեանց բարձրագոյն ժողովնե՞րը, մշակութային-կրթական միութիւննե՞րը, քաղաքական-հասարակական միութիւնե՞րը, թէ բոլո՛րը պէտք է այս հարցին շուրջ եւս ի մի գալու, միասին ծրագրելու, միասին գործելու, հայապահպանման միասնական ռազմավարութիւն մը մշակելու քայլին դիմեն: Թերեւս կարելի ըլլայ մեր երեխաներու ազգային կրթութեան հարցին համապարփակ՝ երազային լուծում մը տալ՝ համազգային երազային հիմնադրամով մը կամ մէկ այլ ճանապարհով:
Ինչ որ անվիճելի է՝ տնտեսական տագնապով շեշտակի դարձած հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները առաւել կը սրեն հայապահպանման հարցին լրջօրէն մօտենալու հրատապութիւնը:






