Կլենտէյլի Մասնաճիւղը Կը Հրատարակէ Դաստիարակիչ Պաստառներ


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը սկսած է հրատարակելու դաստիարակիչ պաստառներ (Փոսթըր)։ Այս շարքին առաջինը նուիրուած է մայրերու։ Սոյն պաստառը կը կրէ հատուածներ Աւետիք Իսահակեանի, Յովհաննէս Շիրազի, եւ Պարոյր Սեւակի մայրերու նուիրուած բանաստեղծութիւններէն։ Պաստառի ձեւաւորումը կատարած է Վանիկ Թորիկեանը. նկարազարդման համար օգտագործուած է Սիրուն Երէցեանի մանրանկարչութիւնը:

Մասնաճիւղի նպատակն է այս հրատարակութիւններէն օրինակներ նուիրել հայկական դպրոցներուն եւ հայկական կեդրոններուն։

Այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել Սիւզան Պզտիկեան ֆոնտի հովանաւորութեան շնորհիւ:

«Հայկական դպրոցները կարիքը ունին նմանօրինակ պաստառներու, որպէսզի հայկական նիւթերը աւելի հրապուրիչ դառնան նոր սերունդին համար։ Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ հայ աշակերտին դասարանը քիչ մը աւելի զարդարուն դարձնել հայկական նիւթերու դաստիարակիչ փոսթըրներով», ըսաւ գաղափարը յղացող, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանը։

Հետաքրքրուող դպրոցներն ու դաստիարակները ձրիաբար ստանալու համար այս փոսթըրներէն, կրնան դիմել մասնաճիւղին՝ հետեւեալ հասցէով՝ htglendale@yahoo.com.

Մայրերու նուիրոած փոսթըրին պիտի յաջորդէ Հայաստանի քայլերգին եւ հայկական երաժշտական գործիքներու նուիրուած փոսթըրները, որոնք պիտի հրատարակուին մօտիկ ապագային։

Leave a Reply