ՄԱՐԶԱԿԱՆ- Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը՝ Յունիս 8էն Յուլիս 1
Ուրբաթ, Յունիս 8ին պիտի սկսին Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան աւարտախաղերը, որոնք տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը:
Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի կողմէ հիւրընկալուող մրցաշարքին առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 8ին, առաւօտեան ժամը 9ին (Լոս Անճելըսի ժամով), եւ իրարու դէմ պիտի հանէ Լեհաստանն ու Յունաստանը:
Չորս խմբակներու բաժնուած չորսական խումբերու միջեւ Ա. հանգրուանի մրցումները պիտի աւարտին Յունիս 19ին: Մէկ օրուան հանգիստէ ետք, Յունիս 21-24 պիտի կատարուին քառորդ աւարտականի ճակատումները: Ապա, երկու օրուան դադարէ ետք, Յունիս 27-28, կիսաւարտականի հասած խումբերը պիտի մրցին իրարու դէմ, իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յուլիս 1ին: Մրցումները պիտի սփռուին «ESPN» կայանէն:
Ստորեւ՝ մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԽՄԲԱԿ
ՈՒՐԲԱԹ, ՅՈՒՆԻՍ 8
Լեհաստան- Յունաստան՝ ժամը 9ին
Ռուսիա-Չեխիա՝ ժամը 11:45ին
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՅՈՒՆԻՍ 12
Յունաստան-Չեխիա՝ ժամը 9ին
Լեհաստան-Ռուսիա՝ ժամը 11:45ին
ՇԱԲԱԹ, ՅՈՒՆԻՍ 16
ՅունաստանՌուսիա՝ ժամը 11:45ին
Չեխիա-Լեհաստան՝ ժամը 11:45ին
Բ. ԽՄԲԱԿ
ՇԱԲԱԹ, ՅՈՒՆԻՍ 9
Հոլանտա-Դանիա՝ ժամը 9ին
Գերմանիա-Փորթուկալ՝ ժամը 11:45ին
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՅՈՒՆԻՍ 13
Դանիա-Փորթուկալ՝ ժամը 9ին
Հոլանտա-Գերմանիա՝ ժամը 11:45ին
ԿԻՐԱԿԻ, ՅՈՒՆԻՍ 17
Փորթուկալ-Հոլանտա՝ ժամը 11:45ին
Դանիա-Գերմանիա՝ ժամը 11:45ին
Գ. ԽՄԲԱԿ
ԿԻՐԱԿԻ, ՅՈՒՆԻՍ 10
Սպանիա-Իտալիա՝ ժամը 9ին
Իրլանտա-Խրուաթիա՝ ժամը 11:45ին
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՅՈՒՆԻՍ 14
Իտալիա-Խրուաթիա՝ ժամը 9ին
ՍպանիաԻրլանտա՝ ժամը 11:45ին
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՅՈՒՆԻՍ 18
Խրուաթիա-Սպանիա՝ ժամը 11:45ին
Իտալիա-Իրլանտա՝ ժամը 11:45ին
Դ. ԽՄԲԱԿ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՅՈՒՆԻՍ 11
Ֆրանսա-Անգլիա՝ ժամը 9ին
Ուքրանիա-Շուէտ՝ ժամը 11:45ին
ՈՒՐԲԱԹ, ՅՈՒՆԻՍ 15
Ուքրանիա-Ֆրանսա՝ ժամը 9ին
Շուէտ-Անգլիա՝ ժամը 11:45ին
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՅՈՒՆԻՍ 19
Շուէտ-Ֆրանսա՝ ժամը 11:45ին
Անգլիա-Ուքրանիա՝ ժամը 11:45ին







