Հայերէնի Սիրոյն
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ա.
ՀԱՅԵՐԷՆասէրները անգամ մը եւս ստացան «Նայիրի»ի հերթական ընծան՝ այս անգամ կրկնակ տարողութեամբ, երբ www.nayiri.com կայքի հիմնադիրն ու պատասխանատուն՝ Սէրուժ Ուրիշեան, իր 7 Մայիս 2012 թուակիր մամլոյ թողարկումով, բացայայտեց համացանցի վրայ տեղադրումը Էդուարդ Աղայեանի ԱՐԴԻ ՀԱՅԵՐէՆԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆին եւ Աշոտ Սուքիասեանի ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀՈՄԱՆԻՇՆԵՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆին (անշուշտ երկուքն ալ իրենց աբեղեանական ուղղագրութեամբ, քանի որ առ այժմ այս տեղադրումները պատկերահանումով կամ հպահանումով (scanning) կը կատարուին։ Այս ձեւով ութի բարձրացաւ հայերէնէ հայերէն թէ այլ լեզուներ ու փոխադարձ՝ «Նայիրի»ի կայքին վրայ տրամադրելի բառարաններու թիւը։ Այս աշխատանքին իրագործման համար ան ցարդ վայելեց առաւելաբար Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան (www.hamazkayin.com), այլեւ Մաշտոց բառարաններու կաճառին (www.dictionnaires-machtotz.org) ու մշակութասէր ազգայիններու նիւթական օժանդակութիւնը, բայց իրագործումը կը պարտի գլխաւորաբար իր նուիրումին՝ վճռակամութեան եւ անդուլ աշխատանքին։ Աշխատանք՝ որ կը շարունակուի։
Այս առթիւ կ՛ուզեմ ընթերցողներուս սեփականութիւնը դարձնել երազ մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը փայփայեմ, եւ ոչ միայն ես կը փայփայեմ՝ ունենալու ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆ մը, պատրաստուած բառարանագրութեան նոր օրերու արուեստով ու գիտութեամբ, ներկայացուած դիւրընթեռնելի ու հրապուրիչ կերպով, որ գայ ամբողջացնելու կամ ա՛լ աւելի ճոխացնելու մեր բառարանային հարուստ ժառանգութիւնը։
Իրաւամբ հարց կրնան տալ ոմանք, թէ ցարդ գոյութիւն ունեցող բառարանները, ու մանաւանդ «Նայիրի»ի կողմէ ընձեռուած՝ անոնց առցանց մատչելիութեան հնարաւորութիւնն ալ ունենալէ ետք, իրապէս կարիքը կա՞յ նման նախաձեռնութեան մը, որ պատկառելի նիւթական կռուաններու պիտի կարօտի, երբ այնքան հրատապ այլ հարցեր կան, նոյնինքն մեր ինքնութեան պահպանման անվերջ մեր պայքարի ծիրին մէջ ընդհանրապէս, Սփիւռք ըլլայ թէ Հայաստան, ու արեւմտահայերէնի պահպանման անհաւասար մեր պայքարի ծիրին մէջ մասնաւորապէս։ Սակայն, բառարանները լեզուի մը, հետեւաբար եւ ինքնութեան պահպանման գլխաւոր ազդակներէն են, եւ կ՛ամրակայեն մեր ճիգերը, նոր զէնք կը հայթայթեն մեր գոյամարտին։ Անոնք կ՛ամփոփեն ոչ միայն լեզուին տեւաբար ճոխացող բառապաշարը, այլեւ զարգացող լեզուամտածողութիւնը, որ ի յայտ կու գայ բառերու գործածութեան տարբեր ձեւերուն, դարձուածքներուն, նոր բառերուն, հոմանիշներու եւ հականիշներու երանգներուն մէջ՝ ի շարս այլ ազդակներու։
Երբոր աչք մը կը նետենք մեր պատմութեան վրայ՝ շատ կարեւոր բառարաններու ստեղծման ժամանակաշրջաններուն, յատկապէս ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, երբ հայութեան վիճակը շատ աւելի յուսահատական էր, քան այսօր, կ՛անդրադառնանք, որ հայութեան, հայ լեզուի ու հայ մշակոյթի լուսաւոր սպասարկուները, անձնական մեծագոյն զոհողութիւններ յանձն առնելով ու յաճախ ամբողջ կեանք մը նուիրաբերելով, Վենետիկ, Կ. Պոլիս թէ այլուր, ստեղծած են այնպիսի բարձրորակ բառարաններ, ըլլա՛յ հայերէն, ըլլա՛յ թարգմանական, որոնք ճակատագրական դեր ունեցած են մեր լեզուի, եւ անշուշտ՝ մեր ինքնութեան զարգացման ու պահպանման համար, կ՛ունենա՛ն տակաւին՝ սերունէ սերունդ։
Արդ, ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ մեր երազած կամ առաջադրած ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆը (ՀԱԲԱԲ)՝ առկայ բառարաններէն։
Առաջին հերթին իր ժամանակահատուածով։ Մեր ունեցած լաւագոյն բառարանները 25էն 70 տարուան հնութիւն ունին արդէն, աւելի 70 քան 25։ Վերջին 50 կամ աւելի տարիներուն ընթացքին, բայց մանաւանդ վերջին քսանամեակին մեր լեզուն հարստացաւ բազմաթիւ նորաբանութիւններով, որոնք անպայման մաս պէտք է կազմեն արդի բառարաններուն։ Եթէ այդ նորաբանութիւններէն ոմանք պարզ փոխառութիւններ են օտար լեզուներէ, ՀԱԲԱԲը կրնայ թերեւս նաեւ փորձել անոնց նոր հայերէն համազօրներ առաջարկել, ու նպաստել լեզուի ապա-աղաւաղման։ Այդ նոր բառերն ու բառակապակցութիւնները արդէն մասամբ սկսած են երեւելու նոր հրատարակուող անգլերէն-հայերէն կամ ֆրանսերէն հայերէն բառարաններուն մէջ, ընդհանուր թէ մասնագիտական բնոյթի, կամ առանձին բառացանկերու մէջ, սակայն մեծ մասամբ տակաւին ոչ մէկ հայերէն բացատրական բառարան ներմուծուած է։
Երկրորդ՝ իր լեզուով եւ ուղղագրութեամբ։ Անիկա արեւմտահայերէ՛ն բառարան մը պէտք է ըլլայ – արեւմտահայերէն, բայց ոչ արեւմտահայերէնի, քանի որ լեզուի բառապաշարը կարելի չէ բաժնել արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի։ Այսինքն՝ արեւմտահայերէնով բացատրուած բառարան մը։ Մեր դասական բացատրական բառարաններէն Մալխասեանցի, Աղայեանի ու Ակադեմիոյ պատրաստածները արեւելահայերէնով բացատրուած են, ու միայն առաջինը դասական ուղղագրութեամբ հրատարակուած է, մինչ մենք կարիքը ունինք ա՛յդ ուղղագրութեամբ բառարաններու։
Երրորդ՝ իր բնոյթով։ Ցանկացուածը առցանց բառարան մըն է, այսինքն թուայնացած՝ դիւրաւ մատչելի համակարգիչի, ելտակդիրի կամ ձեռքի «ուշիմ» հեռաձայններուն վրայ։ Առանց այս բնոյթին, ՀԱԲԱԲը ժամանակավրէպ պիտի դառնար իր լոյս տեսած օրն իսկ, մինչ ըլլալով առցանց, ան կ՛օժտուի բազմաթիւ առաւելութիւններով ու հնարաւորութիւններով, որոնք որեւէ այլ ձեւով անհնար պիտի ըլլար ունենալ։ Այս մասին աւելի կը մանրամասնեմ երբ խօսիմ բառարանի ուզուած բովանդակութեան մասին։
Արդար է հարցնել, թէ որո՞ւն համար պիտի ըլլայ նման բառարան մը։ Ո՞վ պիտի ըլլայ անկէ օգտուողը։
Առաջին հերթին բառարանը պիտի գործածեն լեզուի դարբինները, անոնք, որոնց պաշտօնն է պահել ու զարգացնել լեզուն գրողներն ու լրագրողները, ուսուցիչներն ու դասախօսները, եւ եկեղեցականները, որոնց ամէնօրեայ գործիքը պիտի ըլլայ բառարանը ու գոհացնէ անմիջական կարիքը։ Ուրեմն պէտք է ունենայ գոհացուցիչ տարողութիւն մը, որ ըսենք բաղդատուի ֆրանսերէնի Petit Robert կամ անգլերէնի Concise Oxford բառարաններուն հետ։
Սակայն, ըլլալով առցանց, ան կրնայ ըստ ապսպրանքի, մէկ ստեղի հպումով, դառնալ աւելի պարզ բառարան մը, որմէ կրնան օգտուիլ մեր վարժարաններու աշակերտները, ընթերցող հասարակութիւնը, եւ քիչ թէ շատ զարգացած ամէն մարդ, որ հայերէն բառերու բացատրութիւնն ու գործածութիւնը կ՛որոնէ։ Այս բառարանը պիտի ծառայէ նաեւ բոլոր անոնց, հայ թէ օտար, որոնք հայերէն կը սորվին եւ կ՛ուզեն աւելի լաւ սերտել մեր լեզուն։ Բառարանը պիտի օգնէ նաեւ հայրենաբնակ հայութեան, անոնց ալ մատչելի դարձնելով արեւմտահայերէնն ու մեսրոպեան ուղղագրութիւնը։
Յետագային, այս բառարանը ճոխանալով, կրնայ որպէս հիմք ծառայել աւելի բարձր մակարդակներու (ակադեմական ու լեզուաբանական, կամ լեզուապատմաբանական) բառարաններու մշակման։ Նաեւ, կրնայ նպաստել պատրաստելու թարգմանական նոր, եղածներէն աւելի ամբողջական բառարաններ՝ հայերէնէ ֆրանսերէն, հայերէնէ անգլերէն ու դէպի այլ լեզուներ։
Սակայն ինչպէ՞ս կը պատկերացուի ՀԱԲԱԲ-ի բովանդակութիւնը։
Բ.
ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆը որ կը փափաքիմ իրականացած տեսնել ի՞նչ իւրայատկութիւններ պիտի ունենայ, ի՞նչ առաւելութիւններ, որոնք զինք պիտի զանազանեն առկայ բառարաններէն, ու արդարացնեն ճիգն ու ջանքը զայն իրագործելու։
Արդ, ՀԱԲԱԲի պատկերացումը հետեւեալն է.
Գլխաբառերը (այսինքն գլխաւոր մուտքերը) պիտի ըլլան 40000էն 60000ի սահմաններուն մէջ, մինչ գիտենք, որ արդէն գոյութիւն ունի 156000-180000 հայերէնի բառացանկ մը։ Սկսելու համար պիտի ընտրուին այսօր հայերէն գրողին անհրաժեշտ ամէնէն գործածական բառերը։ Հին, գաւառական կամ զուտ մասնագիտական բառերը պիտի չընդգրկուին, քանի որ անոնք արդէն կան բացատրուած կամ առկայ բացատրական բառարաններուն, կամ մասնագիտական բառարաններուն մէջ։ Անոնք ապագային կրնան աւելնալ, քանի որ առցանց ըլլալը այդ դիւրութիւնը կ՛ընծայէ։
Իւրաքանչիւր մուտք կրնայ ունենալ հետեւեալ մանրամասնութիւնները կամ անոնցմէ ոմանք՝ ըստ բառի կարիքներուն.
- Բառին արմատը, խօսքին տեսակը (գոյական, ածական, բայ, եւայլն՝ իրենց տարբերակումներով), հոլովման կամ խոնարհման խումբը որուն կը պատկանի բառը, նաեւ աներեւոյթ՝ բառային ի՛նչ խումբի մաս կազմելը (օրինակ՝ անասուն, անասունի ձագ, ընտանիքի անդամ, ծառ, ծաղիկ, եւայլն)
- Հնչիւնը, թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն, նաեւ ձայնագրուած արտաբերումները (ցոյց տալով այլեւ այն բառերը որոնք արեւելահայերէնի մէջ ալ արեւմտահայերէնի նման կը հնչուին)
- Արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն տարբերակը (եթէ կայ)
- Օտարամուտ բառերու հայերէն տարբերակը (առկայ կամ նորաստեղծ)
- Անգլերէն, ֆրանսերէն (կամ այլ լեզուներով) համազօրը (նորաբանութիւններու կամ փոխառութիւններու պարագային միայն)
- Բացատրութիւնը (իմաստը)՝ արեւմտահայերէնով
- Բացատրական գծագրութիւն մը կամ նկար մը՝ աւելի դիւրաւ հասկնալի դառնալու համար (որոշ բառերու պարագային)
- Գործածութեան օրինակները՝ կարճ նախադասութիւններով (նախընտրաբար գրականութենէն ու մամուլէն քաղուած), ցոյց տալով նաեւ խնդրառութիւնը (ինչ հոլով կ՛ունենայ իր խնդիրը – մէ՞կը սիրել թէ մէկուն սիրել)
- Այդ բառով ասոյթներ, առածներ կամ դարձուածքները, որոնք տարբեր իմաստներ կը յառաջացնեն (ուղիղ կամ փոխաբերական)
- Բառէն սերած բարդ կամ ածանցեալ բառերը (որոնք կրնան այլուր կամ այս բառին տակ բացատրուիլ, կամ միայն յիշուիլ՝ առանց բացատրութեան, եթէ ատոր կարիքը չկայ)
- Հոմանիշները, հականիշները, համանունները:
Այս բոլորը կ՛ենթարկուին համակարգչային դասակարգումներու (յատուկ յայտագրի մը միջոցաւ), որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ որոնել ուզուած տեղեկութիւնը միայն, նոյն բառային խումբին պատկանող այլ բառեր, ինչպէս նշուեցաւ վերեւը (ձայներ, քարեր, բոյսեր, ուտեստեղէններ, անասուններ, անասուններու ձագեր, մարմնի մասեր, ամիսներ), կամ որոշ մարզի մը վերաբերեալ բառեր (համակարգչային, տնտեսական, տիտղոսներ, տօներ, եւայլն), այլեւ նոյնայանգ բառեր։ Աւելորդ է կրկնել, որ այս բոլորը միաժամանակ չեն երեւիր. այլ՝ ըստ որոնուած տեղեկութեան, նաեւ ըստ գործածութեան մակարդակին (ընդհանուր, աշակերտական, եւայլն)։
Առցանց ըլլալու առաւելութիւններէն մէկն ալ այն է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ բառ մը որոնել դասական կամ աբեղեանական, նոյնիսկ սխալ ուղղագրութեամբ կամ լատինատառ արձանագրելով զայն (համակարգչային այս ծրագիրը արդէն գոյութիւն ունի «Նայիրի»ի համակարգին մէջ)։
ՀԱԲԱԲը սակայն այսքանով կրնայ չբաւարարուիլ։ Ան առանձին բաժիններով կրնայ մատուցել հետեւեալը.
- Գոյականներու եւ դերանուններու խումբերու կանոնաւոր ու անկանոն հոլովումներու աղիւսակները
- Բայերու խումբերու խոնարհումներու աղիւսակները
- Կէտադրութեան նշաններու բացատրութիւնը՝ օրինակներով
- Դասական ուղղագրութեան հիմնական օրէնքները
- Քերականութեան մնացեալ հիմնական օրէնքները (յոգնակիներու կազմութիւնը, գլխագիրներու գործածութիւնը, եւայլն)
- Անձնանուններու ցուցակ
- Տեղանուններու ցուցակ
Ասոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին կրնան աւելցուիլ, մինչ ուրիշներ ի սկզբանէ մաս կը կազմեն աշխատանքին։
Այլ հնարաւորութիւն մը կ՛ըլլայ տեսակէտներու խօսարանը, ուր հետզհետէ կը զետեղուին լեզուական վիճելի հարցերու մասին մեր վաստակաւոր լեզուաբաններու, մտաւորականներու, գրողներու հակաճառութիւնները, ինչպէս նաեւ ժամանակակիցներու նոր տեսակէտները, որոնք կրնան օրը օրին աւելնալ։
Իր առցանց բնոյթով՝ բառարանը տեւական սրբագրութեան, նորոգութեան ու հարստացման կարելիութիւնը կ՛ունենայ։
Բառարանը կ՛օժտուի ուղղագրական ու հաւանաբար նաեւ քերականական ստուգիչ յայտագրով։
Այս ամենը նկատի առնելով, կրնամ ըսել, որ ՀԱԲԱԲը ոչ թէ պարզապէս նոր բառարան մը պիտի ըլլայ, այլ իր տեսակին մէջ՝ առաջի՛նը։ Շատ հաւանական է, որ ան կրնայ մաս կազմել Նայիրի համակարգին։
Ինչ որ զիս կը խրախուսէ, այն է, որ Սփիւռքի մէջ ներկայիս կը գործեն բազմաթիւ անհատներ, խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚աշխատին բառարանագրութեան ու լեզուագիտութեան ասպարէզին մէջ, փորձելով գոհացնել հետզհետէ սուր կերպով զգացուող կարիքներ՝ ունենալու ժամանակակից բառերու հայերէնները, քերականութեան, հոլովումներու ու խոնարհումներու ընդունելի ձեւերը, եւայլն, եւայլն։ Վստահ եմ, որ բոլորը ի մի բերելով, իրենց աշխատանքները համադրելով ու անհրաժեշտ մարդուժն ու նիւթականը ճարելով, կարելի կ՛ըլլայ ՀԱԲԱԲի առաջադրանքը իրագործել։
Երա՞զ կը տեսնեմ։ Թերեւս, սակայն երազը իրականութեան վերածելը հրապուրիչ մարտահրաւէր մըն է միշտ։
Եթէ այս մարտահրաւէրին որեւէ ձեւով պատասխանել ուզող կայ, կը խնդրեմ գրէ ինծի
(vrejarmen@hotmail.com)։
Յ.Գ. Այս յօդուածը գրելու ընթացքին, Փարիզի Մաշտոց բառարանային կաճառէն (պրն Ֆիլիփ Փիլիպոսեանէն) ստացայ հետեւեալ տեղեկութիւնը, որ պիտի հետաքրքրէ հայերէն սիրողները.
Վերջապէս՝ յաջողեցանք Գրիգոր Շահինեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի հայերէն-ֆրանսերէն ու ֆրանսերէն-հայերէն բառարանները զետեղել AppleStore-ի մէջ, ուստի այլեւս կրնաք ձրիաբար ներբերել ձեր iPhone, iPod touch, iPad-ներուն մէջ: Ու նորութիւն՝ հայերէն, AZERTY ու QWERTY, ստեղնաշարներ ձեր տրամադրութեան տակ են:







