Քիւրտ Երեսփոխան Մը Եւս Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի


ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոն Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) ծանր յանցագործութիւններու 4րդ դատարանը, Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, 14 տարուան ու 7 ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց Վանէն ընտրուած քիւրտ պատգամաւոր

Այսել Թուղլուքը՝ զայն «յանցաւոր» նկատելով 2007էն 2011ի միջեւ ունեցած ելոյթներու ընթացքին «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու»ն համար: Դատախազութիւնը 15 ելոյթներու համար մինչեւ 82.5 տարուան բանտարկութիւն պահանջած էր, սակայն

դատարանը զայն յանցաւոր նկատած է միայն 10 ելոյթներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ապօրինի նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հաշուոյն քարոզչութիւն կատարելուն համար:

Յայտնենք, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին, այլ քիւրտ երեսփոխան մը՝ Լէյլա Զանա, 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր նման ամբաստանութիւններու համար:

Երկու երեսփոխաններն ալ ազատ կը մնան, որովհետեւ ներկայիս երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւն կը վայելեն, սակայն անոնց պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք կրնան բանտարկուիլ, եթէ իրենց դէմ արձակուած վճիռները վերատեսութեան ենթարկելու դիմումները մերժուին վճռաբեկ

ատեաններու կողմէ: Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւնները 2015ին տեղի պիտի ունենան:

Leave a Reply