Ին՞չ Կարելի Է Իրականացնել Ամրան Ընթացքին (Ա.)
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ամրան ընթացքին շատ բաներ կ՛ուզենք կատարել եւ անշուշտ մեր երեխաները ուրախացնել կամ տունը կայտառ պահել:
Այս բոլորին համար պէտք է ծրագրաւորումներ կատարէք:
Փոքր երեխաներուն համար
Ընդհանրապէս փոքր երեխաները շատ կը սիրեն երկինքին նայիլ ու ամպերուն հետեւիլ: Անոնց մէջ կը տեսնեն որոշ ձեւեր եւ ենթադրութիւններ կը կատարեն անոնց մասին: Կարելի է իրենց սորվեցնել, թէ երբ որոշ ձեւեր կամ դիրքեր ստանան ամպերը կրնան նախատեսել յաջորդ օրուան օդերեւութաբանութեան մասին: The University Corporation for Atmospheric Research-ը բաւական հաճելի դասեր ու խաղեր ունի երեխաներուն համար այս մասին հետեւեալ կայքէջին վրայ՝ www.eo.ucar.edu/webweather.
Աւելի մեծերուն համար
Երկիրներու միջազգային օր մը ընտրեցէք, օրինակ՝ Անգլիա եւ անգլիական ճաշ ու վարք որդեգրել, ապա կրնաք «fish and chips» ուտել: Թող ձեր զաւակները այդ օրը անգլիական ոճով խօսին եւ հետաքրքական աշխատանքներ տանին, Անգլիոյ մասին սերտեն եւ դրօշը ներկեն: Կրնաք նաեւ ոչ շատ ծանօթ երկիրներ ընտրել, ինչպէս Նիճերիա կամ Մարոք:
Խճողուած այցելութիւններ
Կարելի է նաեւ այցելել զանազան գործարաններ, կարգ մը առարկաներու պատրաստութեան հետեւելու համար: Օրինակ՝ ձեր զաւակները հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին թէ ինչպէս կը պատրաստուին crayon-ները եւ կամ տարբեր հետաքրքական առարկաներ: Այս մէկուն համար սերտեցէք կարգ մը գործարաններու այցելութեան օրերը, այցելելով հետեւեալ կայքէջը՝ factorytoursusa.com:
——————————————————————————————————————————————-
Միօրեայ Պտոյտներ
Փոքր երեխաներ
Եթէ իսկապէս պիտի չճամբորդէք կրնաք երեւակայական ճամբորդութիւն մը ստեղծել եւ օր մը ամբողջ օդակայանը անցընել: Կրնաք տեսնել օդանաւերուն վերելքը եւ վայրէջքը: Երեւակայեցէք թէ որոնց հետ կը ճամբորդէք եւ կամ ո՞ր երկիրը կ՛ուղղուիք: æանացէք հաճելի ժամանակ անցընել եւ բաւական ուրախանալ այս աշխատանքէն:
Աւելի մեծերուն համար
Ձեր մօտակայքի քաղաքներու հանրային այգիներուն ծանօթացէք կամ՝ նոր բացուած աւազանները սերտեցէք եւ եթէ հնարաւոր է, ամբողջ օրը այնտեղ ժամանակ անցընել, ուրախանալով ձեր երեխաներուն հետ: Միասին ճաշեցէք, խանութներ այցելեցէք ու գնումներ կատարեցէք:
Խճողուած վայրերու այցելութեան համար, կրնաք ընտրել հաճոյքի եւ զբօսանքի այգիները, եւ այցելել ու ընթացքին լաւ ժամանակ անցընել: Հին ժամանակներուն օգտագործուած «ռոլըր քոսթըր»ներէն (roller coaster) մէկը ընտրեցէք եւ վայելեցէք:
========================================================================================================
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Ամառնային Դաշտագնացութեան Յարմար Բուսակերներու Յատուկ Խոհագիր
Ամառնային տաք օդը մեզի կը յիշեցնէ պարտիզագնացութեան պտոյտները եւ ապա այդ ճաշացուցակը, զոր պէտք է մեր հետ ունենանք բնութեան մէջ՝ ախորժակով վայելելու համար: Այս առաջարկուած փաթթոցը կրնաք ուրախութեամբ վայելել:
Այս փաթթոցը (sandwich) պատրաստելու համար, կարիքը ունիք.
4 ապուրի դգալ խնկունի «մայոնեզ» (բացատրութիւնը՝ ներքեւ)
8 շերտ «սենտուի»չի հաց
5 օզ. կապոյտ պանիր
1/4 գլուխ հազար
2 մեծ լօլիկ՝ ութը շերտերու վերածած
Պատրաստութեան Կերպը
«Մայոնեզ»ը պատրաստեցէք ներքեւը նկարագրուած ձեւով, ապա քսեցէք հացին վրայ: Պանիրը շերտեցէք մօտաւորապէս 1/3 ինչ հաստութեամբ եւ բաժնեցէք չորս հացերուն վրայ: Աւելցուցէք հազարը ու լոլիկը եւ վրան դրէք հացերուն մնացեալ շերտերը: Երկու մասի բաժնեցէք եւ սառնարանը պահեցէք՝ մօտաւորապէս երեք ժամ, ապա ձեր պտոյտի ընթացքին ճաշակեցէք այդ համեղ փաթթոցները:
Խնկունի «մայոնեզ»ի պատրաստութիւնը
3 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
1 թէյի դգալ մանր ջարդուած խնկունի
1/2 թէյի դգալ ծեծուած սխտոր
3/4 գաւաթ «մայոնեզ»
1/2 թէյի դգալ աղ
1/4 թէյի դգալ պղպեղ
1 թէյի դգալ լիմոնի հիւթ
Պատրաստութիւն
Միացուցէք ձէթը, խնկունին, սխտորը փոքր տապակի մը մէջ, ցած տաքութեամբ, յարատեւ խառնելով տաքցուցէք: Կրակին վրայ եփեցէք մինչեւ սխտորին կատարեալ տապկուիլը՝ մօտաւորապէս հինգ վայրկեան: Կրակէն վար առէք, որպէսզի կատարելապէս պաղի:
«Մայոնեզ»ը խառնեցէք վրան աւելցուցնելով աղն ու պղպեղը ու լաւ խառնեցէք խոշոր ամանի մը մէջ: Թեթեւօրէն վրան ցանեցէք լիմոնի հիւթը եւ ձէթը ու խառնեցէք միատարր խոյս մը պատրաստելով: Սառնարանը պահեցէք մինչեւ հինգ օր:
Իւրաքանչիւր դգալը մէկ բաժին է:







