Լաւրով Կը Հերքէ Առանց Ասատի Սուրիոյ Ապագային Շուրջ Քննարկումներ Կատարելու Մասին Լուրերը


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուրբաթ, Յունիս 15ին հերքեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն պնդումները, թէ Մոսկուա Ուաշինկթընի հետ բանակցութեանց մէջ է՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու նապատակով:

Այս շաբթուան ընթացքին Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա Սուրիոյ հակամարտութեան կողմերը զինելու յանցանքով ամբաստանեցին զիրար, մինչ Սուրիա հաստատուած ՄԱԿի դէտերու առաքելութեան պետը Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ ՄԱԿի խաղաղութեան ծրագիրը ձախողութեան սեմին կը գտնուի, շարունակուող զինեալ բախումներուն պատճառով, որոնք անկարելի կը դարձնեն դէտերու գործունէութիւնը:

Միւս կողմէ՝ Մոսկուայի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտնեց, որ Հուլայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին ետին «ահաբեկչական խմբաւորումները» կը գտնուին:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ինք սուրիական տագնապը լուծելու համար չափազանցուած ճնշումներու ու պատժամիջոցներու որդեգրման դէմ է՝ վերահաստատելով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին իր զօրակցութիւնը:

Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր հսկիչ Ռիատ Շաֆաքա, «Շարք Աուսա»չ թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ բոլոր համայնքներուն, մասնաւորաբար՝ փոքրամասնութեանց, վստահեցուց, որ ապագայ Սուրիոյ մէջ իրենց կացութիւնը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը բոլորին իրաւունքը պիտի երաշխաւորէ:

Leave a Reply