Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 18 Յունիսի առաւօտեան ժամը 8։25ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան կողմը տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքերուն վրայ հակառակորդի կողմէն արձակուած կրակոցին պատճառով ծանր կերպով վիրաւորուած եւ զոհուած է զինուորական ծառայող, 1993ի ծնունդ Արամ Գիւլնազարեանը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինէն տեղեկացուցած են, որ զինուորը մահացած է հիւանդանոց տարուելու ճամբուն վրայ։
Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնած է Արամ Գիւլնազարեանի հարազատներուն։







