«Դաշոյնը Պարտէզին Մէջ»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքը Լոյս Տեսաւ Քրասնոտարի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Քրասնոտար քաղաքին մէջ լոյս տեսած է հայկական արմատներով ֆրանսացի գրող Վահէ Քաչայի «Դաշոյնը պարտէզին մէջ» պատմավէպը: Ըստ Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթին՝ «Խաչքար» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած գիրքին մէջ կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թուրքերու կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւման մասին:

Պատմավէպի հեղինակը կու տայ ողբերգական դէպքերու իրական նկարագիրը՝ սկսեալ 19րդ դարու 1880-90ականներու սպանդէն՝ աւարտելով 1915-1922ի 1.5 միլիոն հայերու կոտորածով: Անոր հերոսները սովորական մարդիկ են, որոնք մէկ ակնթարթի մէջ կը դառնան անմեղ զոհեր:

Leave a Reply