Թիւրքմէնիստան-Ատրպէյճան Լարուածութիւն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Թիւրքմէնիստանի դեսպան Թոյլի Քոմեքով Երկուշաբթի, Յունիս 18ին կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով անոր յիշեցուցած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ 2008ին ստորագրուած փաստաթուղթի մը համաձայն՝ Կասպից ծովուն մէջ երկու երկիրներու սահմանակից շրջանին մէջ որեւէ հետախուզական կամ արդիւնահանման գործունէութիւն պէտք չէ կատարուի, այնքան ատեն, որ սահմաններու հետ կապուած հարցերը վերջնականապէս չեն լուծուած:
Ատրպէյճան դժգոհ է այն իրողութենէն, որ Թիւրքմէնիստան շրջանին մէջ վերջերս հետախուզական աշխատանքներ կը կատարէ եւ կը պնդէ, թէ անոնք գոյացած համաձայնութիւնը կը խախտեն: Խալաֆով այս կապակցութեամբ բողոքը փոխանցած է դեսպանին եւ աւելցուցած, թէ Պաքու «անընդունելի» կը համարէ նման քայլեր եւ իրեն իրաւունք կը վերապահէ համապատասխան միջոցներու դիմելու՝ իր իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Թիւրքմէնիստան անպատասխան չէ ձգած Պաքուի այս զգուշացումը. անոր արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Յունիս 19ին տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Ատրպէյճանի սահմանային ուժերը Կասպից ծովուն Ատրպէյճանի չպատկանող հատուածին մէջ գիտահետազօտական աշխատանքներ տանող թիւրքմէնական նաւու մը դէմ «ապօրինի գործողութեան մը դիմած է»: Այս կապակցութեամբ նաեւ Պաքուի իշխանութեանց յղուած է պաշտօնական բողոք մը, ուր կը նշուի, թէ Թիւրքմէնիստան կրնայ հակադարձել, եթէ իր քաղաքացիներուն դէմ նման քայլեր կրկնուին:






