Ապստամբները Դէմ Կը Դնեն Հոմսէն Քաղաքայինները Հեռացնելու Ջանքերուն
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 19ին յայտարարեց, թէ ՄԱԿի կոչերուն անսալով՝ պատրաստութիւններ տեսած է Հոմսի որոշ շրջաններէն քաղաքայիններ հեռացնելու համար, սակայն «զինեալ ահաբեկիչները» խոչընդոտներ դրած են բանակին ու ապստամբներուն միջեւ բախումներու վայր դարձած թաղամասերէն քաղաքայիններ դուրս բերելու ջանքերուն:
Նոյն օրը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հարցով որոշ կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Պարաք Օպամայի հետ, Լաս Քապոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, սակայն ընդունած է, որ վերջնական համաձայնութեան մը համար յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կարիքը կայ:
Նաեւ, Սուրիոյ պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ ական մը պայթած է Յունիս 19ին, իսկ շրջանին մէջ մէկ այլ ական մը վնասազերծել փորձող երկու զինուորներ սպաննուած են ու երեք ուրիշներ՝ վիրաւորուած: Նաեւ, Մուհսեն շրջանին մէջ ականի մը պատրաստութեան ընթացքին պայթում մը տեղի ունեցած է եւ սպաննուած են ականը պատրաստող չորս «ահաբեկիչներ»ը:
Երկուշաբթի օր, ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ ռուսական երկու մարտանաւեր Սուրիա կ՛ուղղուին, ի հարկին պաշտպանելու համար Սուրիա գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ՝ Թարթուսի ռուսական ռազմակայանը: Նշենք, որ Թարթուսը նախկին Խորհրդային միութենէն դուրս Ռուսիոյ ծովուժի միակ ռազմակայանն է:






