Արի Արանց Ծրագիրներ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արցախի մէջ ներդրումները քաջալերելու պետական ծրագիրը սկսած է արդիւնք տալու: Պէյրութէն այցելուս, հին բարեկամ մը՝ Մասիս Ալեքսանեանը, խանդավառութեամբ կը պատմէ «Արի» եւ «Արի2» անունով՝ Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներուն մասին, որոնք արդէն սկսած են բարելաւելու Քաշաթաղի բնակչութեան կենսամակարդակը:
«Արի»ն ծնած է Քաշաթաղի զարգացման նուիրուած համագումարէն ետք, երբ խումբ մը լիբանանահայ ձեռնարկատէրեր որոշած են խօսքը գործի վերածել եւ շրջանը այցելելով՝ տեղւոյն վրայ քննել իրենց օգնութեան ծրագիրները: Արցախի վարչապետին՝ Արա Յարութիւնեանի, հետ ունեցած քանի մը խորհրդակցական հանդիպումներէ ետք, խումբը որոշած է փոխանակ օգնութիւն բաշխելու՝ մշակել ներդրումային ծրագիր մը:
Արցախի կառավարութեան առաջակը ընդունելով՝ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»ի շրջանակէն ներս աշխատող այս ձեռնարկատէրերը կը կազմեն արտասահմանեան ներդրումային, բաժնետիրական ընկերութիւն մը, զոր կը կոչեն ԱՐԻ (Արցախ Րութց Ինվեսթմընթ), որուն կեդրոնը՝ զանազան նկատառումներով՝ կը դառնայ Կիպրոսը:
Ընկերութիւնը, Արցախի «Ակրոֆոնտ»ին կը փոխանցէ գումարներ, որոնք համեմատաբար ցած տոկոսով պարտք կը տրուին Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի բնակիչներուն՝ գիւղատնտեսական ծրագիրներ իրականացնելու համար: Ցարդ «Արի»ն ու «Արի2»ն 1,300,000 տոլար փոխանցած են «Ակրոֆոնտ»ին: Յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ գումարներ պիտի փոխանցուին. զոյգ ընկերութեանց դրամագլուխը 1,800,000ի հասած է: Արցախի կառավարութիւնը երաշխաւորած է այս ներդրումները եւ ներդրողներուն տարեկան 9 տոկոս կը վճառէ: Գիւղացիներուն կը տրուին երեք հազար տոլարի վարկեր: Ցարդ, ուրեմն, վեց հարիւր քաշաթաղցիներ ու քարվաճառցիներ իրենց կեանքը բարելաւելու հնարաւորութիւն ստացած են:
«Արի»ները արի ձեռնարկատէրեր կը փնտռեն: Ներկայ արիներու շարքին ամերիկահայեր ալ կան: Հրաւիրուած էք նաեւ դուք:







CAN I HAVE A EMAIL ADRESS SOW I CAN CONTAC UOU ORE PHONE NOMBER
MI EMAIL LEVISHAG@AOL.COM