«Հարսնաքար»ի Գործով Ձերբակալուած Են Հինգ Անձեր


Գարիկ Մարտիրոսեան

Այս պահու դրութեամբ, Յունիս 17ի գիշերուան ժամը 11ի սահմաններուն, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի պատկանող «Հարսնաքար» ճաշարան-

համալիրին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի միջադէպին առնչութեամբ հինգ անձեր ձերբակալուած են: Այս մասին «Թեր»չին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան:

Անոր համաձայն, Գարիկ Մարտիրոսեանէն բացի՝ ձերբակալուած են եւս չորս անձեր. անոնցմէ մէկը անվտանգութեան աշխատակից է, մէկը՝ մատուցող, իսկ միւսը՝ համալիրի ղեկավարը:

Ա. Ահարոնեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ բոլոր տուժողները հարցաքննուած են, բացի Վահէ Աւետեանէն, որ ի վիճակի չէ հարցաքննուելու: Արդարեւ, ՊՆ Կեդրոնական դարմանատան զինուորական հիւանդանոցէն յայտնած են, թէ ծեծի ենթարկուած նոյն հիւանդանոցի աշխատակից, բժշկական ծառայութեան սպայ 35ամեայ Վահէ Աւետեանի առողջական վիճակը ծայրայեղ ծանր է: Որեւէ բժշկական միջամտութիւն այլեւս չի կատարուիր, այլ սպասողական վիճակ մը կայ. կը սպասուի հիւանդին դիմադրողականութեան բարձրացմանը:

Նշենք, որ ծեծին պատճառով, Վահէ Աւետեան գլխու ծանր վնասուածքով տեղափոխուած էր հիւանդանոց եւ վիրահատութեան ենթարկուած: Վիրահատութիւնը տեւած է քանի մը ժամ: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ անոր ծեծի ենթարկած է Ռուբէն Հայրապետեանի թիկնազօրը:

Միջադէպին պատճառաւ, տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են նաեւ Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի աշխատակից Արտակ Բայադեանը եւ ռազմական բժիշկ Գարիկ Սողոմոնեանը: Անոնց առողջական վիճակը կայուն է:

Leave a Reply