Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Պէզիքեան Ամոլը
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 20 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 82րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի շրջափակին մէջ, Պիքֆայա, բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի։
Դպրեվանքի տեսչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յայտագիրի հիման վրայ, կատարուեցաւ Աւետարանէն եւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցում, ընծայարանական սարկաւագներու կողմէ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա երգախառն կատարումով, Դպրեվանքի երգչախումբը ներկայացուց զանազան քերթուածներէ կատարուած համադրում՝ ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:
Յանուն շրջանաւարտներուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նորընծայ Տաճատ աբղ. Աշըգեան՝ երախտագիտութիւն յայտնելով վեհափառ հայրապետին, տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք անցնող ութ տարիներուն դերակատար եղան իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ։
Տեսչական տեղեկագիրով, որ կը բաղկանար վեց բաժիններէ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանին կատարուած ուսումնական-կր-թական աշխատանքին՝ յատկապէս յիշելով տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու գործունէութիւնը, ուսանողութեան եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային առօրեան եւ ի վերջոյ այս տարուան հունձքը, որ վեց նորընծայ աբեղաներով կու գայ զօրացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան շարքերը:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամին մէջ նախ անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան. ան ըսաւ. «Արդարօրէն Դպրեվանքը սիրտը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Անոր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան արիւն ջամբողը Դպրեվանքն է: Դպրեվանքը սոսկ շրջանաւարտ հասցնելու միտումով չի գործեր: Ան հոգեմտաւոր կազմաւորումի ճամբով կը պատրաստէ հաւատք ու տեսիլք ունեցող,
նուիրում ու յանձնառութիւն ունեցող առաքեալներ՝ մեր եկեղեցին դէպի ժողովուրդ տանող, մեր հոգեմտաւոր արժէքները մեր ժողովուրդին բացող, մեր ազգային պահանջատիրութեան ջահը վառ պահող: Այս է Դպրեվանքը՝ իր ոգիով ու առաքելութեամբ: Եւ այսօր Դպրեվանքը վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով կը շարունակէ իր համազգային առաքելութիւնը»:
Ապա կարդացուեցաւ վեհափառ հայրապետին Հայրապետական սրբատառ կոնդակը՝ ուղղուած տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի, այնուհետեւ վեհափառը զանոնք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով:
Վեհափառ հայրապետի պատգամէն ու շքանշանի տուչութենէն ետք խօսք առնելով՝ Ալեքքօ Պէզիքեան կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը եւ այդ առաքելութեան ոգի ու տեսիլք տուող Դպրեվանքը, ապա խոստացաւ շարունակել իր զօրակցութիւնը:
Յայտնենք, որ Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսէն առաջ, վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ միաբանական նոր շէնքի հիմնօրհնէքը:








