Ճաշկերոյթ Յայտնի Վիպագիր Քրիս Պոհճալեանի Հետ


ԵՈՒՆԻՎԸՐՍԸԼ ՍԻԹԻ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Շարժապատկերի եւ արուեստի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ «Տապըլտէյ» հրատարակչատան ու Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին՝ յայտնի վիպագիր Քրիս Պոհճալեանի շրջանը գտնուելուն առիթով ճաշկերոյթ եւ հատորներու մակագրութեան իւրայատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպած է. ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Յուլիս 16ին, կ.ա. ժամը 11:30ին, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկին մէջ (333 Universal Hollywood Dr., Universal City, CA):

«Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամենաշատ ծախուող գիրքերու ցուցակին վրայ հատորներ ունեցած Քրիս Պոհճալեանի նորագոյն եւ 15րդ հատորը՝ «The Sandcastle Girls»ը, սիրոյ պատմութիւն մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն:

Ճաշկերոյթի մուտքի սակը 50 տոլար է: Տոմսերու համար, այցելել www.itsmyseat.com/ANCAWR կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին:

Յուլիս 16ի երեկոյեան, ժամը 7:30ին, «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» սրահին մէջ (7500 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA) տեղի պիտի ունենայ նաեւ համայնքային հանդիպում մը հեղիանկին հետ: Յուլիս 17ին մէկ այլ հանդիպում մը կը ծրագրուի նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ. անոր մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի հրապարակուին:

Հատորէն օրինակ մը կարելի է ապահովել «Ամազոն», «Պարնզ էնտ Նոպըլ» եւ այլ գրախանութներէ:

299 էջէ բաղկացած աշխատանքին մէջ կը ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը՝ տարբեր մարդոց փորձառութեան ընդմէջէն։ Նիւթը ցեղասպանութենէն մազապուրծ, Հալէպի մէջ յայտնուած ճարտարագէտ Արմէն Պետրոսեանի եւ ամերիկուհի Էլիզապէթ Էնտիքոթի սիրավէպն է: Վերջինս հօր հետ Օսմանեան կայսրութիւն եկած է՝ մարդասիրական աշխատանք տանելու։

Սակայն, ըստ «Արմինիըն Ուիքլի»ի գրախօսականին, անիկա «Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերուն նկատմամբ գործադրուածին նկարագրութիւնն է, ինչ որ այդքան ազդու կը դարձնէ այս գիրքը»:

«Պոհճալեանի երկրպագուները կը զգան, որ այս աշխատանքը կը տարբերի անոր նախորդ գործերէն», նշած է գրախօսականին հեղինակը՝ ընդգծելով, որ այս վէպը «հասարակութիւնը հաղորդակից կը դարձնէ Ցեղասպանութեան պատմութեան»։

Պոհճալեան ճանչցուած է իր «Մանկաբարձուհիները» շարքով, որուն հիման վրայ 2001ին նաեւ նկարահանուած է համանուն շարժապատկերը:

Leave a Reply