«Սեւանէն 280 Միլիոն Խմ. Ջուր Հանելով՝ Կրնանք Դուրս Ելլել Ստեղծուած Իրավիճակէն» Վլատիմիր Մովսիսեան
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հայաստանի նախագահին առընթեր Սեւանայ լիճի հիմնախնդիրներու յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Մովսիսեան դիտել տուած է, որ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնաժողովը լիճէն 280 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր հանելու մասին իր փորձագիտական զեկուցագիրը փոխանցած է Ջրային պետական կոմիտէին։
Նշենք, որ 20 Յունիսին կայացած Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին գիւղատնտեսական եւ բնապահպանական հարցերու մնայուն յանձնաժողովը դրական կեցուածք դրսեւորած էր Հայաստանի կառավարութեան «Սեւանայ լճի մասին» եւ «Սեւանայ լճի բնահամակարգի վերականգնման, պահպանման, վերարտադրման եւ օգտագործման միջոցառումներու տարեկան ու համալիր ծրագրերը հաստատելու մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու նախագիծերուն նկատմամբ։ Այս վերջիններուն մէջ կ՛առաջարկուի 2012ին Uեւանայ լիճէն ջուր հանելու տարեկան առաւելագոյն քանակը ըլլայ 320 միլիոն խմ., այսինքն՝ 150 միլիոն խորանարդ մեթրով աւելցնել օրէնքով սահմանուած ծաւալը:
«Մեր առաջարկութիւնը հիմնաւոր ենք համարում եւ գտնում ենք, որ սակաւաջրութիւնից ելնելով՝ 280 խորանարդ մեթրով կարող են այս տարի դուրս գալ ստեղծուած իրավիճակից: Մենք մեր եզրակացութիւնը գրաւոր ուղարկել ենք իրենց», ըսած է Վլատիմիր Մովսիսեան:
Այս որոշումը հիմնաւորուած է այն հանգամանքով, որ տարին չոր էր եւ գիւղատնտեսութեան համար անհրաժեշտ է յաւելեալ ջուր: Ի պատասխան այն հարցումին, թէ իրենց համոզիչ կը թուի՞ այս պատճառը՝ Վլատիմիր Մովսիսեան նշած է. «Մեր փորձագէտները, շատ ներողութիւն, պատահական մարդիկ չեն, յետոյ մեր փորձագէտներից ոչ ոք շահագրգռուած չէ, որ Սեւանին ինչ-որ չափով վնաս հասցուի: Մեր հաշուարկները հիմնաւոր են հետեւեալ առումով. այս տարի ոռոգման սեզոնը սկսուել է Մայիսի 2ին, անցեալ տարի՝ Յունիսի 21ին: Միւս հիմնաւորումը. անցեալ տարի Ապարանի եւ Ազատի ջրամբարներում 75 միլիոն խորանարդ մեթր աւել ջուր կար, քան այս տարի»:
Այս տուեալները ներկայացնելով՝ Վլատիմիր Մովսիսեան ըսաւ, թէ իրենց կարծիքով երաշտի մասին խօսիլը անիմաստ է, որովհետեւ ոռոգելի երկրագործութեան մէջ «երաշտ» հասկացութիւն չկայ, այլ կայ սակաւաջրութեան խնդիր:
«Ուրեմն, եթէ մենք մինչ օրս Սեւանից բաց ենք թողել 96 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր, անցեալ տարի բաց էին թողել 0: Հիմա, եթէ այդ 96ին գումարում ենք անցած տարի բաց թողնուած 168ը, մեր 280 խորանարդ մեթրը հիմնաւոր է եւ գտնում ենք, որ դա Սեւանի մակարդակի վրայ էական ազդեցութիւն թողնել չի կարող», նշած է յանձնաժողովի նախագահը՝ աւելցնելով, որ տարեվերջին կրնայ ըլլալ առաւել-նուազ մէկ սանթիմեթր:
Վլատիմիր Մովսիսեան հաստատած է բնապահպաններու այն հաշիւները, որոնց համաձայն, 320 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր հանելու պարագային Սեւանի մակարդակը կրնայ 3-5 սանթիմեթրով նուազիլ։
Նշենք, որ մամուլը կառավարութեան այս որոշումը առնչուած կը նկատէ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ սակաւապետերու լիճի ափին գտնուող սեփականութիւններուն ջուրի տակ մնալու հանգամանքով:
Վլատիմիր Մովսիսեան նկատել տուած է, որ 3-5 սմ.ի պարագային ափամերձ տարածքները դատարկելու մասին խօսիլը անիմաստ է: Նոյնիսկ եթէ որեւէ տեղ ափէն ջուրը քիչ մը հեռանայ, շինարարութիւնները չեն տուժեր։








