Կառավարութեան Գործունէութեան Ծրագիրը Ընդունուեցաւ. Կողմ Քուէարկեցին ՀՀԿն Ու ՕԵԿը
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ», «Լրագիր».– 21 Յունիսին Ազգային ժողովը 75 թեր, 47 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով վաւերացուց Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, ծրագիրին կողմ քուէարկեցին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը, իսկ խորհրդարանական միւս ուժերը՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ Ազգային Կոնգրեսը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ «Ժառանգութիւն»ը դէմ քուէարկեցին:
Ձեռնպահ քուէ տուած միակ պատգամաւորը ԲՀԿ խմբակցութեան անդամ Գրիգորի Մարգարեանն է՝ Պելաջիոյի Գրիշը: Մինչ այդ ԲՀԿն յայտարարած էր, որ միաձայնութեամբ դէմ պիտի քուէարկէ:
Նախորդ Ազգային ժողովին մէջ Մարգարեանը ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ էր. թերեւս նման քուէարկութեամբ ան կրկին կը փորձէ սիրաշահիլ ՀՀԿն: Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ դէմ չէ քուէարկած՝ Մարգարեան նշած է, որ դէմ քուէարկած է, սակայն համակարգը սխալ արձանագրելով՝ զինք ձեռնպահ նկատած է։
Քուէարկութենէն առաջ եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Ան նշեց, որ նախորդ օրուընէ ի վեր տրուող գնահատականները անձնական բնոյթի են, եւ կոչ ուղղեց, որ վարչապետի անձի հասցէին չուղղուին վարկաբեկող գնահատականներ:
«Մենք պատրաստ ենք աշխատել բոլորի հետ: Եթէ կան առաջարկներ մենք պատրաստ ենք նստել եւ քննարկումներ անել: ԱԺում նման քննարկումներից շահելու է միայն մեր հասարակութիւնը», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, որ կոչ ուղղեց բոլորին՝ կողմ քուէարկելու կառավարութեան ծրագիրին, որուն շնորհիւ կարելի է հասնիլ լրջագոյն բարեփոխումներու:
Նշենք, որ 20 Յունիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ սկսաւ կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրի քննարկումը՝ բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ։






