Հակահայ Թուրք Դասախօսը Հայերու Ոսկիները «Կը Գտնէ»


ՊՈԼԻՍ, «ՄիլլիյէԹ».- Թուրքիոյ պատմական ընկերակցութեան կողմէ առաջ քաշուած նորագոյն վարկածին համաձայն, Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայութեան կորսնցուցած ոսկիները կը գտնուին բրիտանական դրամատուներու մէջ:

Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ ընդհանրապէս հակահայ գործունէութեամբ զբաղող այս կեդրոնի վարիչ փրոֆ. Քեմալ Չիչեք յայտարարած է, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, Դաշնակից ուժերը, պարտութեան մատնելով Օսմանեան կայսրութիւնը՝ հայութեան պատկանող մօտաւորապէս 5 միլիոն օսմանեան ոսկեդրամ իրենց հետ տարած են՝ իբրեւ փոխհատուցում: Ան նշած է, որ ոսկիներու ներկայ արժէքը շուրջ 1.3 միլիառ բրիտանական փաունտ է եւ աւելցուցած, թէ Անգլիա պէտք է ընդունի, որ այդ տարիներուն Օսմանեան կայսրութենէն գրաւուած գումարը հայկական եղած է:

Չիչեք ապա հարց տուած է. «Թուրքիայէն փոխհատուցում պահանջող հայերը ինչո՞ւ այս գումարը գրաւած Անգլիայէն կամ դաշնակից միւս երկիրներէն փոխհատուցում չեն պահանջեր»:

1 Response

for “Հակահայ Թուրք Դասախօսը Հայերու Ոսկիները «Կը Գտնէ»”

  1. Barkev Asadourian says:

    Միթէ, Այս Ոսկիներուն հարգն ալ Պատմաբաներուն պիտի յանձնիւի եւ կամ Դատ Դատարանին եւայլն..ՈՐ Յանձնիւին ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ որ Յատուկ Սականատէրն ՈՒ Տէր եւ Տիրականը!!!?

Leave a Reply