Սուրիոյ Նոր Կառավարութիւնը Հայ Նախարար Ունեցաւ


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ստորագրած թիւ 210 որոշումով ձեւաւորուած է Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը՝ Ռիյատ Հիճապի գլխաւորութեամբ:

30 նոր նախարարներու կարգին է նաեւ հայազգի Նազիրա Ֆարահ Սարգիս, որ նշանակուած է բնապահպանութեան նախարար: Այս մասին կը յայտնէ սուրիական «Սանա» գործակալութիւնը:

«Խապար Արմանի» արաբատառ կայքը, իր կարգին կը տեղեկացնէ, թէ Նազիրա Սարգիս հայ մըն է՝ Սուրիոյ հայկական համայնքէն: Ան ծնած է 1962ին, Հալէպ. մասնագիտութեամբ քիմիագէտ է՝ գիտութիւններու թեկնածու, եւ աշխատած է Հալէպի համալսարանին մէջ:

Նոյն աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւոր առաջադրուած, սակայն չյաղթած Սունպուլ Սունպուլեանը նոյնպէս պիտի ներառուի նոր կառավարութեան մէջ:

Նախապէս, Սուրիա-Հայկական գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի հրապարակած էր «Սուրիահայ նախարար» վերնագիրով յօդուած մը, որուն մէջ կը նշուի Սուրիոյ նոր կառավարութեան կազմին մէջ հայ նախարար ունենալու կարեւորութեան մասին:

Leave a Reply