Լոյս Տեսաւ Պօղոս Գուբելեանի «Ափրիկեան Համանուագը»՝ Արաբական Տարազով


ԼԻՒՍԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ

Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի առընթեր լոյս տեսնող «Գարուն» գրական ամսագիրին մէջ յայտնուած ամէնէն վաւերական անուններէն մէկն է Պօղոս Գուբելեանը:

Գուբելեան ցարդ հրատարակած է տասնեակ հատորներ՝ Լիբանանի, Լոս Անճելըսի ու հայրենիքի մէջ: Հրատարակութեան պատրաստ ունի նաեւ շուրջ տասներկու հատորներ, որոնք կ՛ընդգրկեն գրեթէ գրական բոլոր սեռերը:

Գուբելեան երիտասարդ տարիքին կայք հաստատած է Ափրիկեան ափերը ու տարաշխարհիկ այդ միջավայրին մէջ բնութեան վայրի գեղեցկութիւնը՝ գեղարուեստական պաստառի հարազատութեամբ նկարագրած է ափրիկեան թեմայով գրուած հինգ հատորներու մէջ:

Տարաշխարհիկ թեման ընդգրկող Գուբելեանի պատմուածքներուն հատորը՝ «Ափրիկեան Համանուագ»ը, թարգմանուած է անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներու, իսկ վերջերս, Դամասկոսի մէջ անիկա լոյս տեսած է արաբերէն լեզուով:

Գիրքը անգլերէնէ արաբերէնի թարգմանած է հանրածանօթ ու վաստակաշատ գրող-թարգմանիչ, մեծ հայասէր դոկտ. Շաւքաթ Եուսեֆ, որ իր ետին մեծ աւանդ ունի հայ եւ արաբ մշակոյթներու փոխյարաբերութեանց ծիրէն ներս, Դամասկոսի եւ հայահոծ Հալէպի մէջ:

Գուբելեանի արաբերէն հատորը կ՛ընդգրկէ 14 պատմուածքներ՝ ամփոփուած հարիւր յիսուն էջերու մէջ: Գիրքին կողքը զարդարող խիստ յատկանշական նկարը կը պատկանի գրողի անգլիացի գեղանկարիչ բարեկամուհիին՝ Քարոլ Էյսիի, իսկ համադրումը կատարած է հեղինակի արուեստագէտ որդին՝ Ռաճըրը:

Գիրքը արժանացած է «Cultural Horizon» հրատարակչատան եւ Սուրիոյ մշակութային նախարարութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Syrian General Organization of Books»ի ուշադրութեան:

«Cultural Horizon»ը կը վճռէ գիրքին գինը եւ տպաքանակը, որ ըստ պահանջի՝ կրնայ մինչեւ տասը հազարի հասնիլ: «Cultural Horizon» ընկերակցութիւնը նաեւ գիրքը կը ցրուէ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ:

Գուբելեանի «Համանուագ»ը կարելի է գտնել բոլոր արաբական եւ Լոս Անճելըսի հայկական գրատուներուն մէջ:

Leave a Reply