Կլենտէյլի Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրը Ընթացքի Մէջ Է
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Յունիս 18ին սկսած է Կլենտէյլի Հայ Դատի ամառնային 12 շաբաթեայ վարժողական ծրագիրը, որուն այս տարի կը մասնակցին Սեւակ Ալեքսանեան, Ալիք Պէրպէրեան, Տաթեւիկ Մանուչարեան, Փօլին Պչաքճեան եւ Գէորգ Թէրզեան:
Ծրագիրին մասնակիցները պիտի իրագործեն շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին շարք մը աշխատաժողովներու եւ դասախօսական ձեռնարկներու:
Սեւակ Ալեքսանեան Քրեսենթա հովիտի պետական երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ մըն է, որ ստանձնած է վարժարանի Հայկական եւ Պատկերասփռումի ակումբներուն նախագահութիւնը, նաեւ գործօն անդամ է վարժարանի շարք մը այլ ակումբներուն: Ան նաեւ անդամ է շրջանի ՀՄԸՄի «Շան»չ մասնաճիւղին եւ Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն»ուխտին:
Ալիք Պէրպէրեան «Օքսիտենթըլ» համալսարանին մէջ երկրորդ տարուան ուսանող է եւ կը մասնագիտանայ դիւանագիտութեան եւ համաշխարհային յարաբերութեանց բնագաւառներուն մէջ, իսկ իբրեւ երկրորդ մասնագիտութիւն ընտրած է տնտեսագիտութիւն: Ան ստանձնած է Կլենտէյլի պետական երկրորդական վարժարանի լողի մարզիչի օգնականի պարտականութիւնը եւ անդամ է Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտին: Ան նաեւ «Օքսիտենթըլ» համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան նախագահն է ու անդամ է համալսարանի լողի խումբին:
Տաթեւիկ Մանուչարեան վերջերս աւարտած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ իր դասընթացքները՝ քաղաքական գիտութեան մարզին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստանալով: Ան իր ուսումը պիտի շարունակէ, մասնագիտանալու համար եւրոպական օրէնքներու մարզին մէջ: Ան եւս գործօն անդամ մը եղած է իր համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան՝ կազմակերպելով Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած մշակութային շարք մը ձեռնակներ:
Փօլին Պչաքճեան Քրեսենթա հովիտի պետական երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ մըն է, ինչպէս նաեւ վարժարանի արուեստի եւ գրական թերթին գլխաւոր խմբագիրը: Ան նաեւ վարժարանի Հայկական ակումբին յարաբերական բաժանմունքին պատասխանատուն է, ինչպէս նաեւ անդամ է շարք մը աշակերտական ակումբներու: Ան նաեւ կամաւոր աշխատանք տարած է շրջանի Երիտասարդ քրիստոնեայ տղամարդկանց ակումբին մէջ:
Գէորգ Թէրզեան Պըրպենքի պետական երկրորդական վարժարանի երրորդ տարուան աշակերտ մըն է, որ իր կրթական պարտաւորութեանց կողքին, կ՛անդամակցի վարժարանի փօլոյի խումբին, կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցէ երեխաներու խնամքի «Ուանտըրլենտ» կեդրոնին մէջ, միաժամանակ յաճախելով հայկական շաբաթօրեայ վարժարան:
Յայտնենք, թէ Կլենտէյլի Հայ Դատի ամառնային 12 շաբաթեայ վարժողական ծրագիրը 2007էն ի վեր առիթ կ՛ընծայէ շրջանի երիտասարդներուն, որ մօտէն ծանօթանան Հայ Դատի աշխատանքներուն:







