Կիրակմուտքի Արարողութիւններ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Մէջ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, շարունակելով տարիներու աւանդութիւնը՝ Շաբաթ, Յունիս 30էն սկսեալ ու ամէն Շաբաթ երեկոյ, ժամը 6ին, Կիրակմուտքի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ։
Յառաջիկայ Շաբաթ, Յունիս 30ը մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, տօնն է Հայաստան աշխարհի առաջին քրիստոնեայ թագաւորին ու թագուհիի՝ Ս. Տրդատի եւ Ս. Աշխէնի, որ նաեւ տօնն է առաջնորդարանի մատրան։
Կիրակմուտքի արարողութեանց պատասխանատուն է Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։ Արարողութեանց հերթաբար ներկայ պիտի ըլլան առաջնորդն ու հոգեւոր հայրեր։ Արարողութեանց աւարտին, տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութիւն։ Յունիս 30ի խորհրդածութիւնը պիտի կատարէ կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։







